Սումկայիթի Նահատակներու Յիշատակի Օրուան Առիթով Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հրապարակեց Ուղերձ Մը
29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
Վարչապետ Փաշինեան Եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս
Յարգեցին Նահատակներուն Յիշատակը
Երէկ` ուրբաթ, 28 փետրուար 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ազրպէյճանի մէջ 32 տարի առաջ կազմակերպուած ջարդերու զոհերուն յիշատակին եւ բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առիթով հրապարակեց ուղերձ մը` հաստատելով, որ Սումկայիթի մէջ տեղի ունեցածը պետական մակարդակով կազմակերպուած եւ իրականացուած յանցագործութիւն էր, որուն ընթացքին սպաննուեցան բազմաթիւ հայ բնակիչներ, շատեր վիրաւորուեցան, բռնութիւններու ենթարկուեցան ու բռնի տեղահանուեցան:
Նոյն օրը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին:
Վարչապետը ծաղկեպսակ զետեղեց զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձաններուն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ այս մասին հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք Սումկայիթի ջարդերու անմեղ զոհերու յիշատակին: 32 տարի առաջ Ազրպէյճանը հայերու շրջանին մէջ զանգուածային բռնութիւններով ու ջարդերով արձագանգեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման խաղաղ կոչին: Մենք մեր տուրքը կը մատուցենք անոնց յիշատակին` նման յանցագործութիւններու կանխման հաստատակամութեամբ»:
Բակօ Սահակեան Յարգանքի Տուրք Մատուցեց
Սումկայիթի Ջարդերու Զոհերուն
Սումկայիթի ջարդերու 32-րդ տարելիցին առիթով Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղեց անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:
www.aztagdaily.com/archives/466585