Ստորագրուած Են Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ Հայ-Յունական Եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս Համագործակցութեան Ծրագիրներ
29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:
««Արեւմտյան Հայաստանի կառավարության ձեւավորումը ինքնանպատակ գործողություն չէ»»
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 28 փետրուարին Աթէնքի մէջ մասնակցած է պաշտպանութեան մարզին մէջ հայ-յունական համագործակցութեան ծրագիրներու քննարկման եւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, թէ յոյն գործընկերներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին ամփոփուած են 2019-ի համագործակցութեան արդիւնքները, եւ քննարկուած է 2020-ի համագործակցութեան ծրագիրը: Կողմերը բարձր գնահատած են համագործակցութեան արդիւնքներն ու իրականացած միջոցառումները:
Խորհրդակցութիւններու արդիւնքով ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան 2020-ի երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրը, որ կը ներառէ 21 միջոցառումներ Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ` ուսումնավարժական ծրագիրներ յատուկ նշանակութեան ուժերու, ռազմաբժշկական եւ մարտավարական պատրաստութեան այլ ուղղութիւններով, փորձի փոխանակում համացանցային անվտանգութեան, ճարտարագիտական եւ այլ մարզերու մէջ, ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ, տեղեկատուութեան փոխանակում:
Նոյն օրը, Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի պաշտպանական նախարարութիւններու` պաշտպանական քաղաքականութեան պաշտօնեաներու ձեւաչափով տեղի ունեցած հանդիպման իբրեւ արդիւնք, ստորագրուած է 2020-ի եռակողմանի գործողութիւններու ծրագիրը: Անիկա կը ներառէ տասնեակ միջոցառումներ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ, որոնք կը վերաբերին զանազան մարզերու մէջ ուսումնավարժական եռակողմանի ծրագիրներու եւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններու:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր: Ներկայացուած են շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներու եւ առկայ մարտահրաւէրներու նկատմամբ կողմերուն դիրքորոշումները:
www.aztagdaily.com/archives/466582