«Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Թուրք Զինուորները Ահաբեկչական Զինեալներու Շարքերուն Մաս Կը Կազմեն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

«Իտլիպի Մէջ Սպաննուած Թուրք Զինուորները Ահաբեկչական Զինեալներու Շարքերուն Մաս Կը Կազմեն» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը

29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«««Թուրքիայի իրականացրած հանցագործությունները հայ ժողովրդի, մարդկության եւ քաղաքակրթության դեմ, առնվազն վերջին 100 տարիների ընթացքում»»»

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Իտլիպի լարուածութեան մեղմացման գօտիին մէջ գտնուող ահաբեկիչները 27 փետրուարին փորձած են յարձակում գործել Սուրիոյ բանակի դիրքերուն դէմ` աւելցնելով. «Թուրքիան ռուսական բանակը տեղեակ չպահեց Իտլիպի մէջ թուրք զինուորներու ներկայութենէն»:

«Շրջանին մէջ, ըստ Թուրքիոյ մեզի ներկայացուցած տեղեկութիւններուն, թուրք զինուորներ պէտք չէր ըլլային», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիան թուրք զինուորներու սպանութենէն տեղեակ ըլլալէ ետք ամէն ինչ ըրաւ սուրիական բանակին կողմէ զինադադար հաստատելու համար»:

«Ռմբակոծման ենթարկուած թուրք զինուորները ահաբեկչական զինեալներու շարքերուն մէջ էին», նշեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Մայատին» յայտնեց, որ Իտլիպի մէջ թրքական բանակի հսկողութեան կէտերուն թիւը 13 էր, սակայն Իտլիպի ազատագրման Սուրիոյ բանակի գործողութեան շղթայազերծումէն ետք անոնց թիւը բարձրացած է 41-ի:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներուն հետ միջին լուծումներու տեղ չկայ` նշելով, թէ Սուրիոյ մէջ յաւելեալ մագլցումէ խուսափելու համար պէտք է բոլոր ջանքերը միաւորել:

«Չենք կրնար Սուրիոյ բանակին արգիլել ահաբեկիչներուն դէմ պայքարիլ», ընդգծեց Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ Իտլիպի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ ՕԹԱՆ-ի ժողով պահանջելը Թուրքիոյ իրաւունքն է:

Լաւրով ըսաւ, որ Թուրքիան եւ Ռուսիան պատրաստ են Իտլիպի շուրջ համակարգումը շարունակելու` աւելցնելով. «Փութին եւ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցին Իտլիպի վերաբերեալ համաձայնութիւններու գործադրութիւնը»:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Փութին եւ Էրտողան քննարկած են իրենց միջեւ մօտալուտ հանդիպումի մը կարելիութիւնը: Թուրքիոյ նախագահական պալատը իր կարգին հաղորդեց, որ երկու ղեկավարները հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած են կարելի եղածին չափ շուտ երկկողմանի հանդիպում մը ունենալու:

ԱՖՓ հաղորդեց, որ Ռուսիա թուրք զինուորներու սպանութեան համար ցաւակցութիւն յայտնած է Թուրքիոյ` նշելով, որ «այսպիսի ողբերգութիւններէն» կարելի է խուսափիլ: Լաւրով, Թուրքիոյ ցաւակցութիւն յայտնելով, ըսաւ. «Մենք ցաւակցութիւն կը յայտնենք եւ, կը կրկնեմ անգամ մը եւս, կ՛ընենք ամէն ինչ, որպէսզի ապահովուած ըլլայ անվտանգութիւնը թուրք զինուորականներուն, որոնք Իտլիպի գօտիին մէջ կ՛ապահովեն լարուածութեան մեղմացման դրութիւնը: Եւ մեր զինուորականները պատրաստ են շարունակելու այդ աշխատանքը»:

Նշենք, որ Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունը եւս Իտլիպի մէջ «թուրք զինուորներու նահատակութեան» համար ցաւակցութիւն յայտնեց Թուրքիոյ: Նախապէս Թուրքիոյ ցաւակցութիւն յայտնած էր նաեւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով ցաւակցութիւն յայտնեց Իտլիպի մէջ թրքական ուժերուն դէմ «նենգ յարձակումին» ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներուն համար:

Թուրք զինուորներու սպանութենէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ ապահովական ժողովի մը գումարումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահական պալատը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց. «Որոշուեցաւ նոյնպիսի քայլով հակադարձել սուրիական անօրինական վարչակարգին, որ իր զէնքը կ՛ուղղէ մեր զինուորներուն, որոնք թրքական հանրապետութեան իրաւունքներն ու շահերը կը պաշտպանեն»:

Ալեքսանտրեթի նահանգապետ Ռահմի Տողան յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ արձանագրուած օդային հարուածին պատճառով սպաննուած են 33 թուրք զինուորներ, եւ 32 ուրիշներ վիրաւորուած:

Փենթակոն հինգշաբթի գիշեր յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըր իր թուրք պաշտօնակից Հուլուսի Աքարի հետ քննարկած է «Ռուսիոյ եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող սուրիական վարչակազմին Իտլիպի վրայ յարձակումը»` նշելով. «Ուաշինկթըն կը սերտէ Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին հետ գործելու կարելիութիւնները»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտահոգ են Իտլիպի մէջ թուրք զինուորներուն դէմ հարուածներէն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն ՕԹԱՆ-ի իրեն դաշնակիցին` կոչ ուղղելով անյապաղ դադրեցնել «Ասատի վարչակազմի, Ռուսիոյ եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող ուժերու յարձակումները»:

«Մենք կը քննարկենք այս ճգնաժամին մէջ Թուրքիոյ աջակցելու լաւագոյն տարբերակները», ըսած է աղբիւրը:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ հակամարտութեան կողմերուն կոչ ուղղեց` զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Անոր բանբերը` Օանա Լունկեսքուն յայտնեց. «Ան կոչ կ՛ուղղէ թօթափելու լարուածութիւնը այս վտանգաւոր իրավիճակին մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ խուսափիլ այս մարդասիրական ճգնաժամի վատթարացումէն»:

«Անատոլու» հաղորդեց, որ Աքար Թուրքիոյ ցամաքային ուժերու հրամանատար զօր. Եումիթ Տիւնտարի եւ օդուժի հրամանատար Հասան Քիւչուքաքիւզի հետ մեկնած է Թուրքիա-Սուրիա սահման, ուրկէ կը ղեկավարէ թրքական բանակի Իտլիպի մէջ գործողութիւնները: Աքար սահման մեկնած է 27 փետրուարի ուշ գիշերին, Էրտողանի հրաւիրած անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք: Անոնք կը գտնուին Ալեքսանտրեթ նահանգի մարտավարական հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ, ուր պաշտպանութեան նախարարը լսած է բանակային 2-րդ զօրամասի հրամանատար, զօրավար-հազարապետ Սինան Եայլայի զեկուցումն ու համապատասխան ցուցմունքներ տուած:

Աքար երէկ յայտարարեց, որ թրքական բանակը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրետանիով Սուրիոյ բանակի աւելի քան 200 դիրքեր ռմբակոծած է` նշելով. «Հակառակ մեր ուժերուն վրայ եղած առաջին յարձակումին լոյսին տակ մեր զգուշացնելուն` յարձակումը շարունակուեցաւ եւ թիրախ դարձուց նաեւ հիւանդատար մեքենաները»:

«Այս յարձակումին ընթացքին մեր ուժերը որեւէ այլ զինեալ խմբաւորման հետ չէին: Յարձակումի ենթարկուեցանք, հակառակ ռուս պաշտօնատարներու հետ համակարգում կատարելնուս եւ մեր ուժերուն դիրքերուն մասին զանոնք տեղեակ պահելնուս», նշեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:

Ըստ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանին, Իտլիպի մէջ թրքական բանակի կատարած ռմբակոծումին պատճառով Սուրիոյ բանակէն 16 զինուորներ զոհուած են:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Օմար Չելիք յայտնեց. «Ասատի ոճրագործ վարչակարգը եւ զայն քաջալերողները այս յարձակումին գինը շատ սուղ պիտի վճարեն»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը ՕԹԱՆ-ի հետ Իտլիպի կացութեան շուրջ խորհրդակցութիւններու ձեռնարկած է:

Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, թէ որոշուած է հակադարձել «սուրիական ապօրինի վարչակարգին, որ իր զէնքը մեր զինուորներու կ՛ուղղէ»: «Մեր հերոս զինուորներուն արիւնը ի զուր հոսած պիտի չըլլայ: Պիտի շարունակենք սուրիական հողերուն վրայ մեր զինուորական գործունէութիւնը մինչեւ կտրենք թրքական դրօշին երկարած բոլոր ձեռքերը», նշեց նախագահութիւնը` հաղորդելով, որ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն Իտլիպի հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ռապըրթ Օպրայընի հետ:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը կոչ ուղղեց` «միջազգային ընտանիքին, առաջին հերթին Ասթանայի հոլովոյթի կողմերուն` տէր կանգնելու իրենց պարտաւորութիւններուն»` աւելցնելով. «Իտլիպի մէջ Ռուանտայի եւ Պոսնիոյ մէջ պատահածին նմանող դէպքերուն նկատմամբ ձեռնածալ չենք մնացած ու պիտի չմնանք»:

Թուրքիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Մեսութ Հաքըն յայտարարած է. «Անգարան Ռուսիայէն դաժան վրէժ պիտի լուծէ Իտլիպի մէջ օդային հարուածներու համար»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալնիուզ» կայքը:

Խորհրդականը նշած է, թէ Ռուսիան, ուր 25 միլիոն իսլամներ կ՛ապրին, «ներսէն պիտի մասնատուի»: «Մենք անցեալին Ռուսիոյ հետ 16 անգամ պատերազմած ենք, եւ ատիկա դարձեալ պիտի ընենք, մեր վրէժը շատ դաժան պիտի ըլլայ», ըսած է Հաքըն:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ Իտլիպի մէջ կրակոցը անյապաղ դադրեցնելու կոչ ուղղած է:

«Ընդհանուր քարտուղարը մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ հիւսիս արեւմուտքի մէջ մագլցումին ու այն տեղեկութիւններուն, որ օդային հարուածի իբրեւ հետեւանք սպաննուած են տասնեակ թուրք զինուորականներ», նշած է ան` աւելցնելով. «Ան դարձեալ կոչ կ՛ուղղէ` կրակոցը անյապաղ դադրեցնելու, եւ մտահոգութիւն կը յայտնէ զինուորական գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք խաղաղ բնակիչներ զոհուելուն հաւանականութեան համար»:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Եոսիփ Պորել երէկ զգուշացուց. «Իտլիպի մէջ զինուորական միջազգային բաց ճակատումի մը յառաջացման վտանգ գոյութիւն ունի»:

Միւս կողմէ` ԱՖՓ հաղորդեց, որ Թուրքիա Իտլիպի վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատումը կը պահանջէ: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ազդեցիկ անդամներէն Լինտսի Կրեհեմ իր կարգին միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ «Իտլիպը ոչ թռիչքային գօտի յայտարարելու»:

«Աշխարհը կը հետեւի Ասատի, Ռուսիոյ ու Իրանի կողմէ Իտլիպի ոչնչացման եւ ոչինչ կ՛ընէ: Ասատ, որ աջակցութիւն կը ստանայ Ռուսիոյ եւ Իրանի կողմէ, պէտք է դադրեցնէ այս դաժան յարձակումը: Ես համոզուած եմ, որ Սուրիոյ պատերազմը քաղաքական լուծում ունի», ըսած է Հարաւային Քարոլայնան ներկայացնող ծերակուտականը:

Ան Իտլիպի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն նկատմամբ գոհունակութիւն յայտնած է: «Ժամանակն է, որ միջազգային ընտանիքը Իտլիպը յայտարարէ ոչ թռիչքային գօտի, որպէսզի հազարաւոր անմեղ մարդիկը, կիներն ու երեխաները փրկէ սարսափելի մահէն: Պարոն նախագահը շահագրգռուած է, որ այս մարդասիրական ճգնաժամը կանխարգիլուի: Ես համոզուած եմ, որ միջազգային ընտանիքը, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, կրնայ հանդէս գալ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ասատի դէմ, անոնք պիտի հեռանան, եւ Սուրիոյ մէջ պատերազմը քաղաքական լուծում պիտի ունենայ», ըստ «Անատոլու»-ի, ըսած է ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց Իտլիպի մէջ ինքնազսպումի եւ կարելի եղածին չափ շուրջ կացութեան հանդարտեցման կարեւորութիւնը: Նախարարութիւնը դատապարտեց երրորդ կողմերու, մասնաւորաբար «լարուածութիւնը աճեցնելու իր ոչ պատասխանատու վարմունքը շարունակող Ամերիկան» Ասթանայի հոլովոյթը ականահարելու համար միջամտութիւնը:

«Իրան կը շարունակէ Ասթանայի հոլովոյթին մէջ իր գործընկերներուն հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ` կացութեան գահավիժման եզրին հասնիլը չարտօնելու համար, եւ պիտի շարունակէ ներկայ լարուած կացութեան վերջ տալու իր ջանքերը», նշեց նախարարութիւնը:

Թուրքիոյ նախագահութիւնը հաղորդեց, որ Էրտողան եւ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին` «համաձայնած են առանց ուշացումի որդեգրելու քայլեր` խուսափելու համար Իտլիպի շրջանին մէջ մարդասիրական մեծ ողբերգութենէ»:

www.aztagdaily.com/archives/466605

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail