Թուրքիան Պիտի Չարգիլէ Դէպի Եւրոպա Ուղղուող Սուրիացի Գաղթականները

Թուրքիան Պիտի Չարգիլէ Դէպի Եւրոպա Ուղղուող Սուրիացի Գաղթականները

29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները որոշած են արգելք չհանդիսանալ սուրիացի այն գաղթականները, որոնք կը փորձեն ծովու կամ ցամաքի ճամբով տեղափոխուիլ Եւրոպա:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան բազմիցս Եւրոպական Միութեան սպառնացած է դռները բանալ Եւրոպա ուղղուող գաղթականներուն առջեւ:

Իսկապէս ալ «Հապեր թիւրք» երէկ հաղորդեց, որ հազարաւոր գաղթականներ սկսած են Թուրքիայէն դէպի Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու սահման ուղղուիլ:

Երէկ հաղորդուեցաւ, որ թրքական կողմի որոշումին լոյսին տակ` Յունաստան «կարելի եղածին չափ բարձրագոյն մակարդակով» ամրապնդած է իր ծովային ու ցամաքային սահմաններու հսկողութիւնը:

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց` յարգելու երկու կողմերուն միջեւ գաղթականներու հարցին շուրջ կնքուած համաձայնութիւնը:

www.aztagdaily.com/archives/466606

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail