«Դաշնակցական Ուսանողութիւնը Խորքին Մէջ Դաշնակցական Կազմակերպական Եւ Գաղափարական Ոլորտի Տարրալուծարանը Պէտք Է Ըլլայ», Կ՛ըսէ Տիգրան Ճինպաշեան

«Դաշնակցական Ուսանողութիւնը Խորքին Մէջ Դաշնակցական Կազմակերպական Եւ Գաղափարական Ոլորտի Տարրալուծարանը Պէտք Է Ըլլայ», Կ՛ըսէ Տիգրան Ճինպաշեան

29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ – ՆՐԵՔԻՆ ԿԵԱՆՔ:

21-րդ դարու բերած փոփոխութիւններով եւ արդի ժամանակներուն մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ ՀՅԴ-ի գաղափարաբանական հիմքերը որքանո՞վ կարելի է պահպանել, ինչպէ՞ս հնարաւոր է քայլ պահել նոր պայմաններուն եւ իրավիճակներուն հետ, իսկ ի՞նչ դեր եւ պարտականութիւն վերապահուած է երիտասարդութեան:

Այս եւ առնչակից այլ հարցումներու պատասխաններ գտնելու նպատակով ԶՈՄ հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- ՀՅԴ գաղափարաբանական հիմքերը կարելի՞ է պահպանել այսօրուան պայմաններուն մէջ:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ.- Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմքը ունի չորս ուղղութիւններ: Ծրագիրը կ՛ըսէ, որ ՀՅԴ-ն ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական եւ յեղափոխական կուսակցութիւն է: Այս չորս սիւները, որոնք իրենց ծաւալուն բացատրութիւնը ունին ծրագիրին մէջ, Դաշնակցութեան գաղափարաբանական մտածողութեան հիմքերը կը կազմեն: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը, հաւանական է, որ ժամանակի պարտադրանքով, երբ քաղաքական պայմանները փոփոխութիւններ կրեն, այդ փոփոխութիւններուն հետ հակասութեան մէջ մտնեն: Այսինքն զանոնք վերաթարմացնելու կարիք կրնայ ստեղծուիլ:

Օրինակ` ազգային գաղափարախօսութեան եթէ մենք Լիբանանի առումով նայինք եւ իբրեւ լիբանանահայեր` լիբանանեան քաղաքական կեանքին ուզենք մասնակցութիւն բերել, այդ մասնակցութիւնը հայ ազգային գաղափարախօսութեան հետ բնականաբար կը մտնէ հակասութեան մէջ: Այսինքն Դաշնակցականին համար այս գաղափարախօսութեան գլխաւոր նպատակը ոչ թէ Լիբանանն է, կամ սփիւռքի մէջ իր ապրած զանազան երկիրնեն են, այլ Հայաստանն է եւ ընդհանուր հայութիւնն է: Հիմա այստեղ հակասութիւն կրնայ ստեղծուիլ, եթէ մենք ձեւը չգտնենք մեր ազգային մօտեցումը հաշտեցնելու տեղական քաղաքական պահանջներուն եւ կեանքին հետ:

Յեղափոխութիւնն ալ, իր կարգին, շատ յաճախ սխալ կը հասկցուի, որովհետեւ յեղափոխութիւն ըսելով` ոմանք անպայման կը հասկնան բռնութեամբ կատարուող փոփոխութիւնը: Մինչդեռ այդպէս չէ, յեղափոխութիւնը իրավիճակը փոխելու գործընթացն է: Բայց «եղած»-ը ի՞նչն է, որ մենք կ՛ուզենք փոխել մեր գաղափարաբանութեամբ: Մենք կտրատուած, մասնատուած Հայաստանը կ՛ուզենք ամբողջական դարձնել` եւ տարտղնուած մեր ժողովուրդը, հայութիւնը` ազգը կ՛ուզենք համախմբել Հայաստանի մէջ: Այդ «եղած»-ն է` ներկայ իրավիճակը, որ կը մերժենք: Յեղափոխութեան իմաստը այս է, ի՛նչ ճամբով կ’ըլլայ, ան թէ ինչպէ՛ս կ’ըլլայ, չենք գիտեր. այո՛, կրնայ բռնութեամբ ըլլալ, սակայն կրնայ նաեւ խաղաղ հոլովոյթով ալ ըլլալ: Խորքին մէջ այդ խաղաղ հոլովոյթը, կամ բնաշրջումը աւելի ցանկալի ձեւ է, քան` բռնութիւնը: Բռնութեան կամ պայքարի այլ ձեւերու կարելի է դիմել միայն այն ժամանակ, երբ հարկադրուած կ՛ըլլանք, եւ անկարելի կ’ըլլայ ազգային ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ սովորական հոլովոյթով փոփոխութիւն բերել: Այնուամենայնիւ, այս ճամբուն վրայ մենք երկու այլ սկզբունք ալ ունինք.

մէկը ընկերվարութիւնն է, որովհետեւ այն պետութիւնը, որ կ՛ուզենք կերտել, ընկերային եւ տնտեսական արդարութեան վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ, իսկ երկրորդը ժողովրդավարութիւնն է, որովհետեւ ընկերվարութիւնը առանց ժողովրդավարութեան` հասկնալի ու ընդունելի չէ եւ ոչ ալ ժողովրդավարութիւնը առանց ընկերվարութեան կարելի: Անհաւասար մարդոց կողմէ կիրարկուած ձեւական ժողովրդավարութիւնը խորքին մէջ իրական ժողովրդավարութիւն չի կրնար ըլլալ: Մենք հաւատալով այս գաղափարախօսական սկբունքներուն` պէտք է զանոնք մեր կեանքին մէջ գործադրենք: Զանոնք մեր կեանքին մէջ իրագործելու համար պէտք է նկատի առնենք աշխարհի ընդհանուր վիճակը, եւ այդ ընդհանուր վիճակին մէջ` մեր հայրենիքի, մեր պետականութեան, մեր ժողովուրդի հնարաւորութիւնները եւ, մանաւանդ, մեր կազմակերպական կարողականութիւնը: Այս հնարաւորութիւնները հաշուի առնելով` պէտք է խոր եւ բազմակողմանի վերլուծում մը կատարենք, որմէ կը ծնի աշխատանքի ծրագիր մը, որ սովորաբար ռազմավարութիւն կը կոչենք:

Ռազմավարութիւնը Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան հիմքերուն պատշաճեցումն է ներկայ ժամանակին: Այս գործելաոճը պարտադրուած աշխատանքի ոճ է, որովհետեւ կարելի չէ «մենք յեղափոխական ենք» ըսելով, ճակատները բացած` պայքարի մէջ մտնել, առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր կ՛երթանք, ո՞ր աշխարհին մէջ կ՛երթանք, ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՛երթանք եւ մեր հնարաւորութիւնները ի՞նչ են այդ բոլորը իրագործելու համար: Խորքին մէջ այսօր ռազմավարութեան մը մշակումը շատ դժուարացած է, յատկապէս` Հայաստանէն դուրս ապրողներուս համար, որովհետեւ մեր յեղափոխական եւ ազգային հանգանակը կը վերաբերի Հայաստանին: Մեր ծրագիրին մէջ սփիւռքի մասին ակնարկ չկայ, եւ ան ամբողջապէս կը վերաբերի Հայաստանին: Մենք սփիւռքի մէջ ի՞նչ կրնանք ընել` Հայաստանի մէջ ընկերվարութեան կիրարկումին համար, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան կիրարկումին համար, Հայաստանի մէջ պետութեան ազգային նկարագիրի ամրապնդումին համար ու նաեւ հայրենիքը եւ ազգը վերամիաւորելու նպատակով Հայաստանի մէջ յեղափոխութիւն իրականցնելու համար: Ապրելով վայրի մը մէջ, ուր քաղաքական բուռն պայքարի մթնոլորտ գոյութիւն ունի,երիտասարդական աւիւնը եւ երիտասարդական խանդավառութիւնը զիրենք կը մղէ պայքարին մասնակցութիւն բերելու, երբ այդ պայքարը որեւէ կապ չունի դաշնակցական մարդու, դաշնակցական երիտասարդի իրական հոգեխառնութեան հետ: Այս հակասութիւնը կրնայ տագնապ յառաջացնել:

Հ.- ՀՅԴ գաղափարախօսութիւնը ի՞նչ ձեւով քայլ պահած է տարբեր ժամանակաշրջաններու փոփոխութիւններուն հետ:

Տ. Ճ.- Մեր ծրագիրը շատ յաճախակի փոփոխութիւններ չէ ունեցած: Սկզբնական Ծրագիրը, որուն ընդհանուր սկզբունքները եւ պահանջներու բաժինը 1892-ի Ա. Ընդհանուր ժողովին մշակուած են, հետագային Ռոստոմի եւ Քրիստափորի կողմէ խմբագրուած են եւ` ծրագիրի վերածուած: Այդ Ծրագիրը երկար ժամանակ անփոփոխ մնացած է, որովհետեւ հիմնական առաջադրանքը եղած է Արեւմտեան Հայաստանի, Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայերու ազատագրութիւնը: Երբ Ռուսական կայսրութեան մէջ յեղափոխական շարժումներ սկսան, եւ այդ շարժումներու պատճառով ընկերվարական խմբաւորումներ յառաջացան, բնականաբար այնտեղ ապրող մեր ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան համար պայքարի նոր ճակատ մը յայտնուեցաւ: Երիտասարդութիւնը այդ իրավիճակին պատճառով կրնար երթալ օտար շարժումներու ուղղութեամբ, բան մը, որ մասնակիօրէն եղած է: Ոմանք մաս կազմած են Սոցիալ յեղափոխականներուն, Սոցիալ դեմոքրաթներուն եւ այլն: Այն ժամանակ, Դաշնակցութիւնը մտածեց, յատկապէս Կովկասի մէջ, որ մեր Ծրագիրը պէտք է յարմարեցուի Կովկասի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձերու հրամայականին: Այսպիսով, մշակուեցաւ Կովկասեան նախագիծը:

Կովկասեան նախագիծը հետագային որոշ փոփոխութիւններով դարձաւ Դաշնակցութեան երկրորդ ծրագիրը` մշակուելով Դ. Ընդհանուր ժողովին: 1907-ի Ընդհանուր ժողովին որդեգրած ծրագիրը ի զօրու մնաց մինչեւ 1980-ական թուականները: Այդ ընթացքին հայութեան կեանքին մէջ բազմաթիւ փոփոխութիւններ եղած էին, սակայն Ծրագիրին վրայ միայն մէկ փոփոխութիւն տեղ գտած էր: 1919-ին, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը մտած էր մեր Ծրագիրին մէջ: Հարկ է նաեւ նշել, որ 1907-1980-ականները ծաւալող այս ժամանակաշրջանին Ծրագիրը մասամբ մոռցուած է,որովհետեւ համայնավարութեան` Դաշնակցութեան դէմ վարած պայքարն էր, որ կը բեւեռացնէր ջանքերը: Այն հանգամանքը, որ համայնավարները համայնավարութիւն եւ ընկերվարութիւն կը շփոթէին: Ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը դաշնակցականներու համար սկսաւ պղտորիլ:

Զաւարեան ուսանողական միութիւնը 1960-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ գաղափարական եւ կազմակերպական զարթօնք ապրեցաւ: Այդ զարթօնքը հետեւանքն էր Եղեռնի յիսնամեակի դէպքերուն: Այդ զարթօնքի պայմաններուն մէջ, ինչպէս կազմակերպական հարցերը, այնպէս ալ զուտ գաղափարաբանական հարցերը հետաքրքրութեան առարկայ դարձան եւ վերարծարծուեցան: Պէտք չէ մոռնալ, որ Եղեռնի յիսնամեակը տեղի ունեցած էր, եւ Հայ դատի հետապնդման ձեւերու նոր գաղափարներ հրապարակ ելած էին: Յիսնամեակէն առաջ տեղի ունեցող սգատօներուն յաջորդեց պահանջատիրութիւնը, որ բնականաբար առաջնորդեց գաղափարաբանական հարցերու վերարծարծման: Երբ պայքարի նոր ուղղութիւն կ’որդեգրես եւ այդ պայքարին համար նոր միջոցներ կը մտածես, բնականաբար անոնց գաղափարական հիմքերը կը սկսիս փնտռել: Այդ հիմքերու փնտռտուքին մէջ Ծրագիրը կու գայ հրապարակի վրայ:

Ես կը յիշեմ. մեր ուսանողութեան օրերուն էր, երբ Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ մեր ծրագիրը աշխուժացնելու, գաղափարները ուսումնասիրելու մթնոլորտ ստեղծուեցաւ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը Ծրագիրը վերանայելու, զայն այժմէականացնելու կարիքէն մեկնելով` ուսումնասիրական լայն աշխատանքներ ձեռնարկեց եւ, վերջապէս, երկու յաջորդական ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովներով նոր Ծրագիր մը մշակուեցաւ: Այդ նոր Ծրագիրը, որ որդեգրուեցաւ 1981 թուականի դեկտեմբերին տեղի ունեցած Ընդհանուր ժողովին, ի զօրու մնաց մինչեւ 1997. 1997-ին Հայաստանի անկախութեան պայմաններու մէջ հարկ եղաւ Ծրագիրը եւ կազմակերպական կառոյցը վերատեսութեան ենթարկելու: Ծրագիրի եւ կազմակերպական կառոյցին վերաբերեալ բացառիկ Ընդհանուր ժողով մը գումարուեցաւ եւ այդ ժողովին մշակուեցաւ մեր այժմու Ծրագիրը:

1981-ի Ընդհանուր ժողովը առաջին անգամ ըլլալով կանոնակարգուած եւ բացատրուած ռազմավարութիւն մշակելու սովորութեան սկիզբ դրաւ: Անկէ առաջ Ընդհանուր ժողովները որոշումներ կը կայացնէին, սակայն այդ որոշումները համակարգուած ներկայացնելու ձեւ մը գոյութիւն չունէր: 1981-ին գումարուած Ընդհանուր ժողովը շատ աւելի համապարփակ ձեւով, քննելով համաշխարհային քաղաքական կացութիւնը, ընկերային եւ տնտեսական կացութիւնը, մեր ժողովուրդին առհասարակ կարողականութիւնը եւ հնարաւորութիւնները, քննելով նաեւ մեր կուսակցական շարքերու կարողութիւնները, պատրաստակամութիւնը եւ հնարաւորութիւնները, առաջնահերթութիւններ ճշդեց, ռազմավարութիւն մը մշակեց, բան մը, որ յետոյ սովորութիւն դարձաւ, եւ իւրաքանչիւր Ընդհանուր ժողով իր ռազմավարութիւնը մշակեց:

3.- Այսօր Լիբանանի մէջ կը ստեղծուին տարբեր գաղափարաբանութիւններով եւ համոզումներով մէջտեղ եկած խմբաւորումներ, երիտասարդական շարժումներ: Ի՞նչ ձեւեր պէտք է որդեգրէ երիտասարդութիւնը` ներգրաւելու համար համալսարանական ուսանողները: Յատկապէս երբ կը տեսնենք, որ մեր երիտասարդութիւնը` հմայուած է այդ խմբաւորումներու լոզունգներով, գաղափարներով, որոնք շատ նման են ՀՅԴ-ին:

Այնպէս` ինչպէս 1905,1906 եւ 1907 թուականներուն Կովկասի մէջ ստեղծուած շարժումները մղեցին Դաշնակցութիւնը, որ Կովկասեան նախագիծը մշակէ, որպէսզի հայութիւնն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ այդ ընկերվարական յեղափոխական գործունէութեան, նոյնն ալ կը կարծեմ այստեղ պէտք է ընել: Սակայն այստեղ մենք ծրագիր մշակելու խնդիր չունինք, մեր Ծրագիրը եւ մեր գաղափարական հիմքերը մեզի հնարաւորութիւն կու տան, որ մենք ալ մեր մասնակցութիւնը բերենք, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած շարժումներու ընթացքին բարձրաձայնուած բարեփոխումներու պահանջին: Իրականութեան մէջ կուսակցութիւնները, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքացիական անհնազանդութեան ընթացքին երեւցող խմբաւորումներ չեն, բայց շատ մը կուսակցութիւններ, ինչպէս, օրինակի համար, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը, որ պահպանողական եւ աջակողմեան թեքում ունեցող կուսակցութիւն մըն է, այս շարժումներուն ամէնէն աշխուժ մասնակցողներէն են:

Ես կը տեսնեմ, որ ձախակողմեաններու մէջ ամէնէն գործունեաները ղովմիները եւ համայնավարներն են: Բոլորն ալ կը ներկայանան իբրեւ անկախ բողոքողներ: Այս շարժումներուն մէջ գաղափարական ուղուածութիւնը այնքան ալ յստակ եւ որոշ չէ: Շարժումին արդար պահանջներէն մեկնելով` Լիբանանի քաղաքական դրութիւնն ու պետական հիմքերը պէտք է որ փոփոխութեան ենթարկուին եւ փոխարինուին աւելի արդար կարգերով: Դաշնակցական երիտասարդը անտարբեր չի կրնար մնալ եւ պէտք չէ մնայ այս երեւոյթին նկատմամբ: Սակայն հայ եւ յատկապէս դաշնակցական երիտասասրդութիւնը Լիբանանի մէջ պատահածը եւ լիբանանեան պայքարին մասնակցութիւնը առաջնահերթ պէտք չէ համարէ, այլ պէտք է շարունակէ հաւատարիմ մնալ մեր նպատակներուն եւ ծրագիրին, որ Հայաստանն ու հայութիւնն է: Կը հասկնամ, որ դիւրին չէ այդ երկուքը զուգահեռ կերպով ընելը, այդ պատճառով ալ այս նիւթը ԶՈՄ-ի մէջ պէտք է լուրջ քննարկումի նիւթ դառնայ, որպէսզի խոտորումներ շեղումներ չստեղծուին:

Հ.- Որքա՞ն կարեւոր է երիտասարդութենէ ուսանողութիւն անցնող կապը:

Տ. Ճ.- Երիտասարդական միութիւնը դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը, Դաշնակցութեան նպատակները եւ Դաշնակցութեան կազմակերպական կանոնները երիտասարդներուն սեփականութիւնը դարձնելու համար ստեղծուած շարժում է: Բայց կեանքը մեզի սորվեցուցած է, որ պարզապէս դասախօսութիւններու ճամբով տեսութիւններ փոխանցելը չի կազմաւորեր դաշնակցական երիտասարդը: Այդ երիտասարդը պէտք է նաեւ գործէ ու պէտք է աշխատի, եւ այդ գործին մէջն է, որ Դաշնակցութեան գաղափարական հիմքերը իր սեփականութիւնը պիտի դառնան եւ պիտի վարժուի Դաշնակցութեան կազմակերպական կանոններուն համապատասխան գործելու: Երիտասարդականի դերը ասիկա է: Բայց ուսանողութիւնը, որ բարձրագոյն ուսում կը ստանայ, պէտք է հարցերը տեսնելու, դատելու եւ վերլուծելու կարողութիւն զարգացնէ իր մէջ: Եթէ կ’ուզէք, դաշնակցական ուսանողութիւնը խորքին մէջ դաշնակցական կազմակերպական եւ գաղափարական ոլորտի տարրալուծարանը պէտք է ըլլայ:

Դժբախտաբար կուսակցական ներքին տագնապները եւ խնդիրները, որոնք իրականութեան մէջ կարեւոր ու էական չեն, շատ զբաղեցուցած են Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Մինչդեռ, «Զաւարեան»-ի իրական գործը մեր ծրագիրին, գաղափարաբանութեան եւ ռազմավարութեան կենսաւորման մէջ է: «Զաւարեան»-ը այսօրուան աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն շուրջ մեր վերաբերմունքին մասին վերլուծական, մտաւորական աշխատանք պատրաստելու տեղ պէտք է ըլլայ: Եթէ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այդ մէկը կարողանայ ընել, ՀՅ Դաշնակցութեան շատ մեծ նպաստ մը բերած կ’ըլլայ, որովհետեւ երիտասարդը իր գիտակցութեամբ եւ ուսումով կրնայ բերել գաղափարական այն թարմութիւնը, որ անհրաժեշտ է որեւէ կուսակցութեան մը գոյատեւման համար: Աշխարհը կը փոխուի, նոր հարցեր կը ծագին եւ այդ նոր պայմաններուն մէջ կուսակցութեան աշխատանքի ոլորտները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ: Ի վերջոյ, այդ աշխատանքի ոլորտները պէտք է պատշաճին ներկայի աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն: Այս աշխատանքին առաջին փուլը պէտք է ըլլայ վերլուծումը: Երբեմն այդ վերլուծումները կրնան երիտասարդութեան, կամ ուսանողութեան մէջ քիչ մը ծայրայեղ գաղափարներով արտայայտուիլ, որոնք կրնան ընդունելի չթուիլ, բայց անպայման իրենց դրական դերակատարութիւնը կ’ունենան ընդհանուր մեր գործի սահմանումին մէջ:

Հ.- Ի՞նչ է Ձեր պատգամը ուղղուած այսօրուան ուսանողութեան:

Տ. Ճի.- Շատ պիտի ուզէի, որ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, եւ դաշնակցական ուսանողութիւնը` ընդհանրապէս, մեր կազմակերպական կեանքի թերութիւններով շատ չզբաղէր, այլ ընդհակառակը, կազմակերպական գետնի վրայ, կարգապահ մնալով, վկայէր, որ էականը մեզի համար մեր նպատակներու իրագործումն է: Էականը մեր Ընդհանուր ժողովներուն եւ շրջանային ժողովներուն գծած ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան գործադրութիւնն է: Այդ գործադրութեան ճամբուն վրայ եթէ ոմանք տարբեր մօտեցումներ ունենան, այդ տարբերութիւնները պէտք չէ մղեն երիտասարդութիւնը, որ այս մէկը պայքարի եւ ներքին քննարկումի նիւթ դարձնեն: Ընդհակառակը, Զաւարեան ուսանողական միութիւնը պէտք է ցոյց տայ բոլորին, որ պէտք չէ էականը մոռնալ, այլ` նպատակներուն կառչած մնալ: Սկզբունքներն են, որ պէտք է առաջնորդեն դաշնակցական երիտասարդութիւնը:

www.aztagdaily.com/archives/466532

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail