ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ – Ինչո՞ւ Հայ Երիտասարդը Անտարբեր Դարձած Է Ազգային Կեանքին Հանդէպ

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ – Ինչո՞ւ Հայ Երիտասարդը Անտարբեր Դարձած Է Ազգային Կեանքին Հանդէպ

29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2020 – ՀԱՅԿԱԿԱՆ – ՆՐԵՔԻՆ ԿԵԱՆՔ – ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ:

ՀՐԱԿ ՏԷՏԷԵԱՆ

Ինչո՞ւ հայ երիտասարդը անտարբեր է գաղութի, ազգի հարցերուն եւ միութենական կեանքի հանդէպ:

Իրողութիւն է, որ հայ երիտասարդին կեանքը այսօր աւելի դժուար դարձած է` նախորդ սերունդներուն հետ բաղդատած: Երիտասարդին համար անյաղթահարելի կը թուին կեանքին դժուարութիւնները: Ան կը ստիպուի մրցակցական ըլլալ համալսարանին մէջ: Դասերէն ետք պիտի աշխատի, որպէսզի կարողանայ իր կրթաթոշակը վճարել, եւ այն ազատ ժամանակը, որ ունի, պիտի չուզէ տրամադրել միութենական աշխատանքներու: Կայ նաեւ երիտասարդութեան փոքր մաս մը, որ յօժարաբար իր ազատ ժամանակը կը յատկացնէ ազգի ծառայութեան: Բայց կարճ ժամանակ մը ետք ինքզինք կը գտնէ միջավայրի մը մէջ, ուր նոր մտածելակերպերու եւ փոփոխութեան առիթներ չկան, եւ կամ այդ առիթները շատ սահմանափակ են:

Այս բոլորին պատճառով երիտասարդը կա՛մ առանց խորանալու կը մտնէ կաղապարուած մտածելակերպերու հոսանքին մէջ եւ կա՛մ ինքզինք յարմար չգտնելով այդ միջավայրին` կը հեռանայ: Այլեւս տեսլական մը չունենալով` երիտասարդը ինքնիրեն հարց կու տայ, թէ ինչո՞ւ այդ գործով պիտի զբաղի տուեալ շրջանակին մէջ:

Երէկուան երիտասարդ սերունդը այսօր չի կրնար նոր տեսլականներ փոխանցել երիտասարդութեան: Երիտասարդութենէն կը պահանջեն նորարարութիւններ` առանց հաշուի առնելու, որ տարիներու ընթացքին մասնակցութեան առիթ չտալով` կաղապարած են այդ սերունդը իրենց հին մտածելակերպերու ու աշխատելաձեւերու մէջ: Անոնք այս բոլոր ներկայացուցածս մէկդի դնելով` երիտասարդութեան կը յանձնեն պահպանողական գաղափարները նորարարութիւններով օժտելու եւ 21-րդ դարու ժամանակակից դարձնելու դժուար աշխատանքը:

Հազուադէպ առիթներով, երբ երիտասարդութիւնը կ՛առաջարկէ նոր միտքեր, որոնք կը համապատասխանեն մեր դարու մտածելակերպին, անոնք կը մերժուին` չհամապատասխանելով աւանդական հասկացողութիւններուն: Եւ երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս կը տարուի իր առօրեայով, օրէ օր նահանջի դրօշակը աւելի բարձրացնելով:

Մեր առօրեայ գոյատեւման պայքարին մէջ բազմաթիւ անգամներ կը մոռնանք, որ ապագան ներկային մէջ է, որ կը կազմուի, ուշադրութիւն չենք դարձներ, թէ վաղուան սերունդը այսօր է, որ կը կազմաւորուի:

Ներկայիս, եթէ երիտասարդը պիտի մասնակցի ազգային գործունեայ կեանքին, կը նշանակէ, որ ան անկաշկանդ պիտի ստեղծագործէ: Իրեն պիտի տրուին միջոցներ` ազատօրէն, առանց կաշկանդումի, նոր գաղափարներ մէջտեղ բերելու, առանց հաշիւ տալու անցեալի գաղափարակիրներուն: Պիտի ստեղծուի միջավայր մը, ուր երիտասարդը պիտի գտնէ մասնակցութիւն եւ փոփոխութիւն յառաջացնելու առիթ: Այս առիթը զինք պիտի մղէ սիրայօժարօրէն ժամանակը տրամադրելու այդ գործին:

Եթէ երիտասարդը պիտի զբաղի ազգային հարցերով, այս մէկը կը նշանակէ, որ այդ հարցերուն լուծումներուն մէջ ինք պիտի ըլլայ լուծում առաջարկող, եւ այնպէս մը պիտի չըլլայ, որ նախկին սերունդին յատնաբերած լուծումները անոր պարտադրուելով` իր միակ պարտականութիւնը ըլլայ զանոնք իրականացնել: Երիտասարդը ազատ պէտք է զգայ իր գաղափարները արտայայտելու, խօսելու, հակազդելու նախկին մտածելակերպին եւ մնալու կաղապարէ դուրս, որպէսզի կարենայ նոր գաղափարներ ու նոր ուղիներ մէջտեղ բերել:

Մեզի համար պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ ստեղծել այս միջավայրը եւ ամէն գնով պահպանել զայն, որպէսզի երիտասարդը չդառնայ ոչ գործունեայ` ապարդիւն տեսնելով փոփոխութեան համար պայքարը եւ աշխատանքը: Մենք կը գտնուինք դժուար որոշումներու առջեւ` կա՛մ գործօն ըլլալու առիթը տալ երիտասարդութեան` մէկ կողմ դնելով նախորդ սերունդներու գործելակերպերը, կարծրատիպ դարձած անփոփոխ մօտեցումներն ու գործելաձեւերը եւ նետուիլ 21-րդ դար, եւ կա՛մ մտնել դանդաղ նահանջին մէջ, որմէ ետք արդէն ուշ պիտի ըլլայ ետդարձը:

Մենք` որպէս երիտասարդութիւն, պարտականութիւն ունինք պայքարելու այդ փոփոխութիւններուն համար, յառաջ բերելու նոր մտածելակերպեր, որոնք կ’արձագանգեն այսօրուան երիտասարդութեան միտքերը եւ կ’ապահովեն գալիք սերունդի առողջ ու արդիւնաւէտ յառաջընթացը: Առաջին փոփոխութիւնը մենք մեր ուսերուն առնելով` պատրաստ պիտի ըլլանք փոխուելու եւ ձերբազատելու մեզի պարտադրուած անցեալի մտածելակերպէն եւ անցնինք յառաջ:

www.aztagdaily.com/archives/466527

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail