ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – Մենք ընդգծում ենք, որ առաջին նախագահի ու նրա կողմնակիցների գործողութիւնների հիմքում ընկած էր բռնի ուժով իշխանութեան գալու նպատակը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Մենք ընդգծում ենք, որ առաջին նախագահի ու նրա կողմնակիցների գործողութիւնների հիմքում ընկած էր բռնի ուժով իշխանութեան գալու նպատակը

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Մենք ընդգծում ենք, որ առաջին նախագահի ու նրա կողմնակիցների գործողութիւնների հիմքում ընկած էր բռնի ուժով իշխանութեան գալու նպատակը, իսկ մայրաքաղաքում արտակարգ դրութիւն յայտարարելու` Հ․Հ․ նախագահի հրամանագիրն անհրաժեշտութիւն էր»

1 Մարտ 2020

Բարի լոյս՝ ՄԱՐՏ 1ի ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԵԱՆ դառն եւ դաժան էջը դարձնելու՝ եղածը միշտ ու անպայման յիշելու եւ չմոռնալու, բայց նաեւ գալիքի պայծառ օրուան յոյսը միշտ վառ պահելու ՀԱՅՈՒ ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ սեփական ժողովուրդին միշտ սեւեռող եւ անոր ԱԶԱՏ ԿԱՄՔին մէջ հաւաքական մեր ուժին անխառն, այլեւ անփոխարինելի կռուանը փնտռող ու գտնող ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ։

Մարտիմէկեան Ողբերգութեան գլխաւոր դասերուն ամփոփումը կատարուած է Յուշատետրի փոստով։

Այսօրուան խոկումը յատկացուած է «Մարտի 1ի աղաւաղումը պատմութեան դասագրքերում» նիւթին, որուն վերաբերեալ «Փաստերի Ստուգման Հարթակ» կայքէջը – fip.am – 28 Փետրուար 2018ին հրապարակած է ուշագրաւ հետեւեալ ախտաճանաչումը՝
«Հայոց պատմութեան նորագոյն շրջանի իրադարձութիւնները տեղ են գտել 9րդ եւ 12րդ դասարանների հայոց պատմութեան դասագրքերում։ Այս դասագրքերում հանդիպում ենք ձեւակերպումների, մտքերի, որոնք մոլորութեան մէջ են գցում ընթերցողին, տուեալ դէպքում՝ աշակերտներին, կամ որոշ դէպքերի ընդհանրապէս անդրադարձ չեն կատարում։ Անդրադառնանք դրանցից մի քանիսին»։

Ընթերցողը կրնայ մօտէն ծանօթանալ աղաւաղումներու մանրամասնութեանց՝ դիմելով կայքէջի հրապարակումին – https://fip.am/2711//
Մարտ 1ի Ողբերգութիւնը մէկ օրէն միւսը չպայթեցաւ Ազգի եւ Հայրենիքի գլխուն։ Թէեւ ծալքերը դեռ լրիւ բացայայտուած չեն, բայց արդէն հանրային բաց գաղտնիք է, որ Հայաստանն ու Հայութիւնը 1 Մարտ 2008ին ահաւոր ծանր գին վճարեցին վերանկախացեալ Հայաստանի առաջին երեք նախագահներու անձնական իշխանամոլութեան, ինչպէս եւ անոնց գրպանը մտած քաղաքական շրջանակներու պատեհապաշտութեան․․․

Դժբախտաբար ակադեմական մեր արժէքաւոր դէմքերը եւս ստիպուեցան տուրք վճարելու անարժան մեր իշխանաւորներու բռնադատութեանց։ Ահա՛ ապացոյցը՝ միեւնոյն հրապարակման եզրակացութեան մէջ․

«Նշենք, որ հայոց պատմութեան 9րդ դասարանի դասագրքի գլխաւոր խմբագիրն ակադեմիկոս Վլադիմիր Բարխուդարեանն էր (Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիայի նախկին փոխ-նախագահ): Իսկ Հայոց պատմութեան 12րդ դասարանի դասագիրքը խմբագրել են Հ․Հ․ Գ․Ա․Ա․ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը եւ Ե․Պ․Հ․ ռեկտոր Արամ Սիմոնեանը»:

Այո՛, Հ․Հ․ առաջին երեք նախագահներու բռնիշխանութեանց, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, կամայ թէ ակամայ՝ անհարկի տուրք եւ ծանրագոյն տուրք վճարելու բռնադատուեցանք ազգովին։

Ե՞լքը՝ բնականաբար խոստովանանքն է եւ մեր ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՐԿԵՇՏՈՒԹԻՒՆը։

*
* *

Մարտ 1ի առիթով Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը արտասովոր հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց – տես «Երկիր»՝ https://www.yerkir.am/news/view/193458.html…

«Հ․Յ․Դ․ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄՆԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐՏԻ 1ին ՆԱԽՈՐԴՈՂ ԵՒ ՅԱՋՈՐԴՈՂ ԴԷՊՔԵՐԻ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ» խորագիրը կրող այդ հրապարակման սկզբնաւորութեան, Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը գլխաւոր հետեւեալ պատգամը կ՚ուզէ փոխանցել իր հետեւորդներուն՝
«Կարող էինք շրջանցել, բացառել այդ էջը, եթէ դրսեւորուէր քաղաքական եւ պետական բաւարար շրջահայեացութիւն, եթէ նախընտրական պայքարը կառուցուէր գաղափարական արժէքների վրայ, եթէ ցանկալի յաղթանակին հասնելու ճանապարհին ատելութեան, թշնամանքի եւ անհանդուրժողականութեան մթնոլորտն այդքան կործանարար եւ աննահանջ չլինէր:

«Մարտի 1ին նախորդող՝ օրէցօր թէժացող եւ պայթիւնավտանգ մթնոլորտում Դաշնակցութիւնը հանդէս եկաւ գործողութիւններով եւ քաղաքական յայտարարութիւններով, որոնք սթափուելու, երկիրն արկածախնդրութեան եւ փորձության չտանելու ահազանգ էին ու գնահատականներ: Ցաւօք, Մարտի 1ից չխուսափեցինք:

«Հրապարակելով 2008 թ. Մարտի 1ին նախորդող եւ յաջորդող Հ․Յ․Դ․ յայտարարութիւնները, նպատակայարմար ենք գտնում հանրութեանը մէկ անգամ եւս ներկայացնել մեր գնահատականները, նաեւ ափսոսանքով արձանագրել, որ դրանք ցաւալիօրէն արդիական են եւ համահունչ նաեւ մեր օրերում:

«Մէկ անգամ եւս կիսելով զոհերի ընտանիքների վիշտն ու ցաւակցելով նրանց, այսօր էլ հաստատում ենք եւ գտնում, որ մեր համազգային եւ պետական շահը պարտադրում է Մարտի 1ից դուրս գալ դասեր քաղած, արժանապատուօրէն, հրաժարուել հասարակութիւնը վրէժխնդրութեան եւ ներքին թշնամիների որոնման ցանցում ջլատելու վարքագծից»:

Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գ․Մ․ի այսօրուան հաղորդագրութիւնը, իր շարունակութեան մէջ, վերահրատարակած է արխիւային երեք նիւթեր, որոնց ընթերցողը կրնայ մօտէն ծանօթանալ վերեւի յղումին դիմելով։ Առաջինը՝ Հ․Յ․Դ․ նախագահական թեկնածու Վահան Յովհաննիսեանի 22 Փետրուար 2008ի յայտարարութիւնն է։

Երկրորդը՝ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գ․Մ․ի 25 Փետրուար 2008ի հաղորդագրութիւնն է։ Իսկ Երրորդը Մարտ 1ի թղթածրարը քննելու կոչուած ատենի Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի կազմած ժամանակաւոր յանձնաժողովի անդամ դաշնակցական երկու պատգամաւորներու՝ ԱՐՏՅՈՒՇԱ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆի եւ ԱՐԾՈՒԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆի 15 Սեպտեմբեր 2009ի թուակիր նկատողութիւններն են։

Երեք փաստաթուղթերն ալ կը յատկանշուին մէկ կողմէ Մարտ 1ի վերաբերեալ օրուան իշխանութեանց զանցումներն ու խախտումները «յաւուր պատշաճի զսպուածութեամբ» մատնացոյց ընելու, իսկ միւս կողմէ օրուան ընդդիմադրութեան հասցէին սուր քննադատութիւն կատարելու դիրքորոշումով։

Եթէ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը չփորձէր այդ փաստաթուղթերը հիմք ծառայեցնել իր այսօրուան իբր թէ «հաւասարակշռուած ընդդիմադիր»ի վարքագիծը հիմնաւորելու համար, երբ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ բացայայտօրէն ու պաշտօնապէս Հ․Հ․ երկրորդ եւ երրորդ նախագահները պաշտպանելու ծառայութեան լծուած են Դաշնակցութեան այսօրուան իշխանաւորները, խնդրոյ առարկայ փաստաթուղթերով ընթերցողին ժամանակն ու տրամադրութիւնը ծանրաբեռնելու կարիքը պիտի չըլլար։

Բայց որովհետեւ 2008ի Մարտ 1էն ի վեր միեւնոյն ծառայութիւնը կը շարունակուի եւ, սեփական ժողովուրդէն գործուած սխալին համար ներողութիւն հայցելու փոխարէն, նորովի խաբէութեան ու ինքնախաբէութեան որոգայթներ կը լարուին, ՀԱՐՑՈՒՄ մը կը պարտադրէ ինքզինք։

Բարի լոյս՝ բոլոր անոնց, որոնք պահը կը ստեղծեն բանալու եւ կարդալու Հ․Յ․Դ․ պաշտօնական կայքէջի 3 Մարտ 2008ի հրապարակումը՝
https://old.arfd.am/…

Մարտ 1էն ետք կատարուած Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը ինչո՞ւ մաս չի կազմեր նոյն մարմնի այսօր հրապարակած փաստաթուղթերու շարքին, երբ Մարտ 1ին վերաբերող օրուան Հ․Յ․Դ․ դիրքորոշումը հո՛ն ներկայացուած է։

Դժուար չէ բացատրութիւնը գտնել, որովհետեւ այսօր Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գ․Մ․ը չ՚ուզեր խոստովանիլ, որ օրին ինք ոչ միայն բուռն ամբաստանութեանց ու դատապարտանքի թիրախ դարձուցած էր բողոքի եւ ցոյցի ելած ժողովուրդը, այլեւ «անհրաժեշտութիւն» համարած էր Սերժ Սարգսեանի արտակարգ դրութիւն եւ գրաքննութիւն հաստատող նախագահական տխրահռչակ հրամանագիրը։

Ահա՛ հատուածներ՝ յայտարարութենէն․
«2008թ. Մարտի 1ին եւ 2ին Երեւանում իրադարձութիւններն ընթացան վատթարագոյն տարբերակով: Այդ վտանգը մենք նախազգում, այդ մասին պաշտօնապէս ահազանգում էինք ե՛ւ նախընտրական, ե՛ւ յետ-ընտրական փուլերում: Ցաւօք, հետեւութիւններ չարուեցին:

«Մի կողմից Լ.Տէր-Պետրոսեանն ու նրա կողմնակիցները այս սցենարը հետեւողականօրէն նախապատրաստում էին վերջին մի քանի ամիսների ընթացքում` հասարակութիւնը պառակտելու, ատելութիւն ու թշնամանք սերմանելու, պետական ինստիտուտները վարկաբեկելու ու կազմաքանդելու անթաքոյց նպատակադրումով, միւս կողմից` բնակչութեան մօտ առկայ օբյեկտիվ դժգոհութեան պատճառները չէին վերացւում:

«․․․Մենք ընդգծում ենք, որ առաջին նախագահի ու նրա կողմնակիցների գործողութիւնների հիմքում ընկած էր բռնի ուժով իշխանութեան գալու նպատակը, իսկ մայրաքաղաքում արտակարգ դրութիւն յայտարարելու` Հ․Հ․ նախագահի հրամանագիրն անհրաժեշտութիւն էր»:

Ահա՛ «հաւասարակշռուած ընդդիմադրութիւն»․․․
Ահա՛ իշխանաւորին առջեւ գլուխ ծռելու եւ ժողովուրդին խաբուած հօտ հռչակելու ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, այդ ալ իբր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ։

Բարի լոյս՝ բաց աչքերով եւ բաց ճակատով իր ուղին հարթող մեր ժողովուրդին։

Բարի լոյս՝ խարխափումները եւ շեղումները յաղթահարելու ճամբով ինքնամաքրման իր երթը շարունակող հայաշխարհին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail