ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Բռնիշխանութեան ամօթալի խարանը եւ քաղաքացիական համերաշխութեան ուղին

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ –1 Մարտ 2008

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Բռնիշխանութեան ամօթալի խարանը եւ քաղաքացիական համերաշխութեան ուղին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

Յուշատետր

1 Մարտ 2008.

Բռնիշխանութեան ամօթալի խարանը եւ քաղաքացիական համերաշխութեան ուղին

Ն. Պէրպէրեան

Մարտի առաջին օրը, տասներկու տարի առաջ, Հայաստանի հաշւոյն աննախադէպ ողբերգութեան մը ականատեսը դարձուց ոչ միայն աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդը, այլեւ՝ քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը։

Փետրուար 2008ի վերջին գիշերուան ուշ ժամերէն սկսեալ, քաղաքացիական խռովութեանց եւ եղբայրասպան պատերազմի չարաբաստիկ ուրուական մը թեւածեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակին ու շրջակայքին վերեւը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Մեասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ։

Հայութեան հետ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը ցնցուեցաւ՝ ի տես ոչ միայն նոյն ազգի զաւակներուն՝ ցուցարարներու եւ զինուորականներու միջեւ արիւնալի բախումներուն, այլեւ Երեւանի կեդրոնէն ներս վաճառատուններու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախման ու կողոպուտի տեսարաններուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին հեռարձակուեցան աշխարհի չորս ծագերուն։

Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակտին ամօթի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռովութիւնները՝ խորհրդանշելով քաղաքական բրտութեան խոցով ու ցաւով հիւանդագին գալարումը հայոց պետականութեան, ժողովրդավարական կարգերու կայացման դժուարին ճանապարհին։

Տակաւին այսօր եւս, երբ արդէն 12 տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ին մեր հայրենիքը ծանրագոյն անձկութեան մատնած քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ի վիճակի չենք ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը գտնելու այն մեծ հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդպիսի գահավիժում մը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայաստանի առաջին նախագահին շուրջ խմբուած ուժերը ինչո՞ւ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձ կատարեցին եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն շուրջ խմբուած ուժերուն, այսինքն՝ օրուան իշխանութեանց եւ պետական կառոյցներուն, Մարտ 1ի խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Փաստօրէն դեռ մինչեւ այսօր թափանցիկ ու սպառիչ հաշուետուութեամբ տրուած չէ Մարտ 1ի խռովութեանց քաղաքական անկողմնակալ գնահատականը։ Յատկապէս այդ նպատակով կազմուած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովն անգամ, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքերը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուեցաւ, երբ չկրցաւ հիմնական հարցադրումին պատասխանը գտնել կամ… ներկայացնել հայ հանրութեան դատաստանին։

Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ։

Բայց Նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ պաշտօնաւարտ նախագահ Ռ. Քոչարեանի եւ նորընտիր նախագահ Ս. Սարգսեանի իշխանաւոր ճամբարն ու ղեկավարած ուժային կառոյցները, իրե՛նք, որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունեցան քաղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան՝ խռովարարութեանց այդ աստիճան սրումին մէջ։

Մանաւանդ որ Մարտ 1ի եղբայրասպան ընդհարումները յանկարծակի չպատահեցան։ 19 Փետրուարի նախագահական ընտրութեանց աւարտին հետ, անմիջապէս, ծայր առին նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեանի օգտին տրուած քուէներու 52 տոկոսի մեծամասնութան արդիւնքը վիճարկող, մերժող եւ բողոքարկող Տէր-Պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներն ու ցոյցերը։ Շուրջ տասը օր շարունակուելով՝ այդ հաւաքներն ու ցոյցերը աստիճանաբար թափ ստացան եւ, բախելով իշխանաւոր ճամբարի կամակորութեան, աւելի կարծր առճակատման հունի մէջ մտան՝ քաղաքացիական ընդհարման վտանգը անխուսափելի դարձնելով։ Տարբեր զարգացում չէր կրնար ունենալ 2008ի նախագահական ընտրապայքարին ողջ ընթացքը բնորոշած թշնամական բեւեռացումը թեկնածուներ Սերժ Սարգսեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի միջեւ։

Ժողովրդավարական արժէքները հիմնովին ոտնակոխող բեւեռացում մը, որ պետական թէ ստուերային իշխանաւոր ուժերու նիւթական խայծերով եւ սպառնական ճնշումներով՝ զոյգ մրցակիցներու հակակշռին տակ դրաւ քուէները ընտրազանգուածին։

Հետեւանքը քաղաքական բացայայտ անզօրութիւնն էր նախագահական աթոռին տիրացած Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներու ճամբարին։ Նորընտիր նախագահը համաժողովրդական վստահութեան բարոյական յենարանը չունէր, որպէսզի կարենար քաղաքականապէս յաղթահարել ընտրութեանց արդիւնքին դէմ ծաւալած տարածուն բուռն դժգոհութիւնը, որ միայն Տէր-Պետրոսեանական ճամբարի հաւաքներուն եւ ցոյցերուն շրջանակով չէր սահանափակուած։

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ –1 Մարտ 2008

Այդ պայմաններուն մէջ, ինչպէս որ ընտրութիւններուն պարտուած կողմը քաղաքացիական հակադրութեանց լարումին մէջ կը փնտռէր ջուրին երեսը մնալու յուսահատական իր ելքը, այնպէս ալ յաղթական կողմը անելէն դուրս գալու ձեռնտու ելք նկատեց բիրտ ուժով ճնշումը խռովութեանց՝ բոլորին հասկցնելու համար, թէ իշխանութիւնը ի վիճակի է բիրտ ուժով պարտադրելու իր յաղթանակին «օրինականութիւն»ը։

Այդպէս ալ եղաւ։

Նախագահական իշխանութեան համակարգին կուրօրէն հաւատարմագրուած զօրայինները բիրտ ուժով փորձեցին հաւաքներուն վերջ տալ եւ ցուցարարները ցրուել։ Իսկ այս վերջինները տեղի չտուին, հակազդեցին եւ նոյնիսկ գրգռիչ եղան իրենց հակադարձութեան մէջ…

Աւելի քան տասնեակով սպանեալ եւ բազմատասնեակ վիրաւորներ ինկան Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն վրայ։

Մարտ 1ի խռովութիւնները զսպելու եւ հասարակութեան մէջ ստեղծուած անիշխանական մթնոլորտը յաղթահարելու պատրուակով ու կարգախօսքով՝ իշխանութիւնը պաշարման վիճակ եւ գրաքննութիւն հաստատեց, հարիւրաւորներ բանտերը նետեց եւ, ոստիկանական պետութեան մը ամպհովանիին տակ, յառաջացաւ դէպի նախագահական նոր վարչակազմի ձեւաւորումը։
Միջազգային ընտանիքը անշուշտ օգտագործեց առիթը։

Մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական ազատութեանց պաշտպանութեան կարգախօսքով՝ Հայաստանով եւ տարածաշրջանով շահագրգռուած մեծ տէրութիւնները յարմար պահը գտան պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու, համաժողովրդային վստահութեան կռուանէ զուրկ նախագահական նորահաստատ իշխանութեան իրենց պայմաններն ու հաշիւները պարտադրելու համար։

Պատահականօրէն չէր, հետեւաբար, որ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահը, իր ընտրութենէն կարճ ժամանակ ետք, յայտնուեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսպէս կոչուած «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» ոլորապտոյտին եւ աւազախրումին մէջ ընկղմելու մեծապետական ծանրագոյն ճնշումին տակ…

Այդ բոլորը, դժբախտաբար, ողբերգական այդ թուականէն տասներկու տարի ետք ալ, ոչ միայն դեռ չեն սպիացած իբրեւ վէրք, այլեւ պարբերական գալարումներով եւ հիւանդագին դրսեւորումներով՝ վերանորոգ խոց ու ցաւ կը պատճառեն հայ քաղաքացիական հասարակութեան։

Յուլիս 2016ի «Սասնայ Ծռեր»ու պետական յեղաշրջման արիւնալի, այլեւ ապարդիւն փորձին ողբերգութիւնը ցաւագին առումով խօսուն վկայութիւնը եղաւ շարունակուող ներքին… արիւնահոսութեան։

Թէեւ մինչեւ 2018ի թաւշեայ յեղափոխութիւնը երեւութապէս որոշ ճիգեր թափուեցան ու փորձեր կատարուեցան, որպէսզի Մարտ 1ին բացած վէրքերը դարմանուին եւ ողբերգութիւնը չկրկնուի, այդուհանդերձ՝ խորքին մէջ այդ բոլորը ծառայեցին իշխանութեան ղեկին տիրացած ուժերու ինքնավերարտադրութեան․․․

«Նախազգուշական» այդ ձեւական միձոցները ոչ միայն անցան ապարդիւն, այլեւ աւելիո՛վ խորացուցին մեր ժողովուրդին հիասթափութիւնը՝ համակարգի արմատական բարեփոխման եւ, իշխանափոխութեան ճամբով, հայոց Պետական Տունը ինքնամաքրման ու հզօրացման առաջնորդելու հեռանկարին նկատմամբ։

Արդարեւ, մինչեւ 2018ի մեր ժողովուրդին անարիւն յեղափոխութիւնը՝ անուղղայ շարունակուեցաւ Ազգի եւ Հայրենիքի կառավարման ղեկին ամէն գնով կառչած մնալու սերժ-սարգսեանական իշխանութեանց եւ անոնց գործակիցներուն բռնիշխանական վարքագիծը։

Այդպէ՛ս, Մարտ 1ի ողբերգութեան հետեւած ամբողջ տասնամեակին, վերանկախացեալ մեր երկրին մէջ, հայոց պետականութիւնը ախտանշական գալարումներ ապրեցաւ իր ժողովրդավարական կայացման ճամբուն վրայ։ Գալարումներ՝ որոնք պարբերաբար եւ ընտրութենէ ընտրութիւն քաղաքացիական ընդհարման ու եղբայրասպան արիւնահեղութեան վտանգին մատնեցին մեր ժողովուրդը։

Անշուշտ այդ ամբողջ տեւողութեան երէկի իշխանաւոր վարչախումբը կրցաւ ձեւով մը շրջանցել վտանգը, բայց Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքէն բնաւ դուրս չմղուեցաւ… քաղաքացիական պայթումի «վառօդի տակառ»ը։

Նոյնիսկ թաւշեայ յեղափոխութեան շրջադարձէն ասդին, հակառակ բացառապէս օրէնքի ճամբով անցեալի յանցագործութիւններն ու օրինախախտումները դատ ու դատաստանի արժանացնելու փաշինեանական վարքագիծին, Իրաւունքի եւ Արդարութեան առջեւ հաշուետուութեան ներկայանալու իրենց պարտաւորութենէն ամէն գնով խոյս տալու կամակորութեամբ՝ Հ․Հ․ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներն ու անոնց «թիմակից»ները կը շարունակեն կրակի հետ խաղալ՝ Հայաստանի ներ-քաղաքական կեանքէն ներս նորովի ձեռնարկելով քաղաքացիական պառակտումի վտանգաւոր որոմներու սերմանումին։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

Բայց մեր ժողովուրդն ու հայոց վերանկախացեալ հանրապետութիւնը շատ ծանր ու դաժան գին վճարեցին Մարտ 1ի ողբերգութեան՝ մէկանգամընդմիշտ հաստատակամ կանգնելու համար այն համոզումին վրայ, որ հասարակական մեր շաղախը թունաւորող ու պառակտող որոմները արմատախիլ կ՚ըլլան եւ կը վնասազերծուին միայն այն ժամանակ, երբ հետեւողականօրէն կ՚ամրապնդուին ժողովրդավարական մասնակցութեան կռուանները մեր երկրին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, որպէսզի իշխանութեան ոչ մէկ յաւակնորդ փորձէ խաղալ քաղաքացիական բեւեռացման կրակին հետ այնպէս, ինչպէս որ պատահեցաւ 1 Մարտ 2008ի նախօրէին, ընթացքին եւ… աւարտին։

Այո՛, վտանգը լրիւ յաղթահարուած չէ այսօր եւս։

Իրաւ իշխանափոխութեան եւ կառավարման համակարգի արմատական՝ ժողովրդավարական վերանորոգման ուղին հարթող Հայաստանի եւ հայութեան կեանքին մէջ եւս, ահա՛, մեր աչքերուն առջեւ նորովի փորձ կը կատարուի շարունակելու անցեալի բռնիշխանութեան յենարանները եւ անոնց յղփացած մակաբոյծները օրէնքի եւ արդարադատութեան հասողութենէն հեռու պահելու առջի ծառայութիւնը։

Մարտի 1ն է դարձեալ եւ Ժողովրդավարական բողոքի շարժումին դէմ քաղաքացիական պառակտումի «վառօդի տակառ»ը պայթումի մատնելու անցեալի իշխանամոլական դրսեւորումներուն յանդիման, դէպի խաղաղ իշխանափոխութիւն եւ ժողովուրդի՛ իշխանութիւն յառաջանալու հաստատակամութեամբ, անհրաժեշտ է մոռացութեան չտալ 1 Մարտ 2008ի ամօթի խարանը եւ, հեռու մնալով ազգային-հասարակական մեր շաղախը խոցող ցնցումներէն, գտնել ժողովուրդի կամքին հանդէպ յարգանք պարտադրելու ժողովրդավարական պայքարի ուղին։

Որպէսզի երբեք չկրկնուի Մարտ Մէկի ողբերգութիւնը։

Որպէսզի յարգուի ժողովուրդին կամքը։

Որպէսզի վաղուան մեր պայծառ օրը խարսխուի 1 Մարտ 2008ի ողբերգութեամբ ու անհարկի արեան հեղումով գրուած անմոռանալի այն պատգամին վրայ, թէ՝

– ժողովրդավարութեան հզօրութիւնը կը կայանայ քուէի ուժով իշխանափոխութիւն իրագործելու հնարաւորութեան մէջ,

– Ժողովուրդի իշխանութեան հաստատումով պայմանաւորուած է իշխանութիւններու ժողովրդավարական ընտրութեանց եւ ձեւաւորման ազատ ու արդար բնոյթը,

– Պետական ու քաղաքական իշխող համակարգի արմատական բարեկարգման ու ժողովրդավարացման նախապայմանը կազմակերպումն ու հզօրացումն է ժողովրդային պահանջատիրութեան՝ բողոքի ու ճնշումի անդիմադրելի, անխորտակելի շարժումին։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail