Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Հեռահաս Հորիզոններ․- Եթէ Հասնի Թուրքոյ Տարանջատման Պահը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Հեռահաս Հորիզոններ․- Եթէ Հասնի Թուրքոյ Տարանջատման Պահը…

02 ՄԱՐՏ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ս. Մահսէրէճեան

Հայ քաղաքական միտքն ալ իրաւունք ունի տարուելու եւ մտահոգուելու այն զարգացումներով, որոնք ի յայտ կը բերեն սուլթանական Թուրքիոյ վերականգնումի ձգտումներն ու անոր նախանշանը տուող մանր-մունր քայլերը. սուլթանութիւն մը՝ որ անպայման իր դասական տարածքին ու պարունակին մէջ չþընկալուիր, այլ շատ աւելի սահմանափակ՝ աշխարհագրական իմաստով, այսինքն՝ պատառիկներ խլել դրացի երկիրներէ, սակայն ռազմաքաղաքական ու տնտեսական ակնոցով՝ կը պատկերուի աւելի տարածուն։

Թուրքիոյ կողմէ նախկին տարածքներու վերանուաճումը, հոգ չէ թէ սահմանափակ տարածքով կայսրութեան մը վերականգնումը նորութին չէ. նման երազ թուրք պետական մարդոց մտահորիզոնին մէջ չէ մարած՝ ո՛չ առաջին եւ ոչ ալ երկրորդ աշխարհամարտերէն ետք։ Հիւսիսային Կիպրոսի գրաւումը, Իրաքէն ներս 80-ականներէն ի վեր սովորական դարձած թափանցումները եւ Մուսուլի քարիւղի գօտիին «աչք տնկել»-ը, սուիրական Ալեքսանտրէթին խլումը, Սուրիոյ հիւսիսային գօտիէն ներս ոտնձգութիւններն ու Իտլիպի մէջ մնայուն ներկայութիւն դառնալու, աւելի ուշ՝ այդ շրջանն ալ կուլ տալու մտասեւեռումները աղաղակող օրինակներ են ուղղակի տարածումի ծրագիրներուն։

Կան նաեւ անուղղակի տարածումի օրինակներ, որոնց համար, իբրեւ գործիք՝ Թուրքիա կ՝օգտագործէ իր բանակն ու… ծայրայեղական ահաբեկչական խմբաւորումներ։ «Իսլամական»-ի անունը կրող խմբաւորումներ գործի լծուած են հաւասարապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Եգիպտոսի նման «փափուկ» գօտիներու մէջ, իսկ բանակը, նմանապէս, գործի լծուած է ու պատրաստ է յաւելեալ գործ տեսնելու թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ Լիպիոյ նման գօտիներու մէջ։ Նման քայլերու համար, Անգարայի «սուլթանականները» կը յայտարարեն, որ Սուրիոյ մէջ զօրավիգ են Դամասկոսի իշխանութեան ընդդիմադիրներուն (մինչդեռ գրեթէ ամէն օր ապացոյցներ ի յայտ կու գան, թէ թրքական բանակները Իտլիպի եւ այլ գօտիներու մէջ կողք կողքի կը կռուին կրօնամոլ ծայրայեղականներու հետ), իսկ Լիպիոյ մէջ, կþուզեն զօրակցիլ ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը վայելող իշխանութեան (Լիպիոյ մէջ ստեղծուած է վիճակ կը ցոլացնէ «շունը տէրը չի ճանչնար» խօսքը. Թրիփոլի-Պենկազի հակամարտութիւնը, քարիւղի եւ գաղթականներու շահագործումը եւ իւրաքանչիւր զօրակայանի վայելած մօտակայ եւ հեռակայ զօրակցութիւններու պատկերումն ու անոնց մեկնաբանութիւնը դուրս կը թողունք այս սիւնակներէն)։

Եթէ աւելցնենք գոնէ երկու այլ պարագայ, Թուրքիոյ սուլթանականութեան ձգտումները քիչ մը աւելի գունաւոր եւ յստակ գիծերով ներկայացուցած կþըլլանք, առանց համայնապատկերը ներկայացուցած ըլլալու յաւակնութեան։ Աչքի առջեւ ունինք մէկ կողմէ՝ իր հողերուն վրայ ապաստան գտած գաղթականները դէպի Եւրոպա արձակելու եւ այդ ճամբով՝ եւրոպական երկիրներէ նիւթական հսկայական օգնութիւնը ձեռք բերելու ճիգերն են, իսկ միւս կողմէ՝ Չինաստանի ույղուրներուն կամ աւելի արեւելք ինկող երկիրներու իսլամ փոքրամասնութեանց դատերուն պաշտպանի հանգամանքով աշխարհին ներկայանալն է։

Յիշեալ բոլոր գիծերը, ըստ ամենայնի, մեր՝ հայութեան դիտանկիւնէն, կրնան հեռու ինկած զարգացումներ ըլլալ եւ մեզ նուազ մտահոգել, քան այն զարգացումները, որոնք տեղի կþունենան մեր անմիջական դրացնութեան մէջ, յատկապէս Թուրքիա-Ատրպէյճան գիծին վրայ, զարգացումներ՝ որոնք աւելի մեծ ուշադրութիւն կը գրաւեն, պէ՛տք է գրաւեն մեր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն դիտանկիւնէն։

***

Խօսք չկայ. արդար են եւ տեղին՝ բոլոր այն մտահոգութիւնները, որոնք կը բխին նոր տարածքներ գրաւելու եւ իր ձեռքերը աւելի հեռուները հասցնելու Թուրքիոյ քայլերէն ու դիտաւորութիւններէն, որոնց դիմաց, Անգարայի դաշնակիցները ընդհանրապէս լուռ կրաւորականութիւն կամ, աւելին, բացայայտ կամ կէս-բերան քաջալերողի դիրքերէ հանդէս կու գան (ամէն մէկը՝ իր հաշիւներով տարուած, հին հաշիւներ մաքրելու, ուշացած վրէժներ լուծելու տրամաբանութեամբ, ինչո՞ւ չէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ աժան արտադրութիւն իրականաձնելու հաշիւներով)։ Հոն, տիրապետողը՝ ՆԱԹՕ-ին Թուրքիոյ անդամակցութեան հանգամանքն է։

Հակադիր գիծի մը վրայ, կան Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններն ու հոն արձանագրուող վերիվայրումները. Թուրքիա մերթ չափազանց մտերիմի ու սերտ դաշնակիցի դեր կը խաղայ Ռուսիոյ հետ, սակայն նաեւ շուտով ի յայտ կու գայ, թէ նման մտերմութիւններ վաղանցուկ են. Սուրիոյ վերեւ ռուսական օդանաւի մը վար առնուիլը կամ դեսպանի մը օր-ցերեկով, լրատուական ոսպնեակներու դիմաց սպանութիւնը եթէ անմիջական հակադարձութիւններու չեն հանդիպիր ռուսական կողմէն, անդին, Իտլիպի շրջանին մէջ թէ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան սահմանին երկայինքին, «քրտական գօտի»-ին մէջ, թրքական յառաջխաղացքները Մոսկուայի կողմէ բացայայտօրէն կը դիտուին Արեւմուտէն բոլորովին տարբեր ակնոցով։ Ի յայտ կու գայ, թէ Ռուսիոյ հետ մօտիկութիւն եւ Միացեալ Նահանգներէն հեռաւորութիւն խաղացող (ու այդ տպաւորութիւնը կերակրող) Թուրքիան կը վայելէ ՆԱԹՕ-ի անվերապահ աջակցութիւնը, այսինքն՝ խաղին գլխաւոր գիծերը կը մնան այն՝ ինչ որ էին… 50-ականներէն ու 60-ականներէն ասդին։

***

Այս բոլորը ճիշդ են, փաստացի եւ անվիճելիօրէն մտահոգիչ՝ թէ՛ մեզի՝ հայերուս եւ թէ թրքական ուղղակի ու անուղղակի ծաւալումի քայլերուն զոհը եղող երկիրներու դիտանկիւնէն։ Օրը օրին, ամիսէ ամիս ու իրերայաջորդ տարիներու տեւողութեան արձանագրուող դէպքերն ու իրական զարգացումները դիտողն ալ իր մեկնաբանութիւններն ու նախատեսութիւնները իրաւունք ունի ընելու՝ հիմնուելով այդ իրականութիւններուն վրայ։

Սակայն կþարժէ նաեւ պահ մը շեղիլ այս իրականութենէն եւ դէպքերու զարգացումը դիտել պատմութեան շատ աւելի լայն ժանամակահատուածներու, նոյնիքն այսօրուան ակնոցով հազիւ թէ նախատեսելի հաւանականութիւններու պրիսմակով։ (Երբեմն կը սիրենք գործածել «տուփէն դուրս մտածել» խօսքը)։

Արձանագրենք քանի մը աննշնարելի, բայց ոչ անհաւանական գիծ, հոգ չէ թէ անոնք որակուին դժուար հասանելի բաղձանք։

Մերթ Արեւմուտքին հետ մօտ-հեռու խաղալու, նոյնը Ռուսիոյ հետ փորձելու Թուրքիոյ ճիգերը կրնան որոշ ատեն հանդուրժելի մնալ, սակայն հանդուրժողութիւնը կրնայ անսպառ չըլլալ (երբեք չենք անտեսեր տնտեսական-ռազմավարական եւ այլ հաշիւներէ բխող՝ գերակշիռ ազդակները)։

Գաղթականներու տագնապին ստեղծման մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, գոնէ այն երեսը, որ կապ ունի միջին արեւելեան երկիրներէ գաղթի մղուողներուն, բացայայտ է, կամ՝ պէտք է ըլլար արդէն, Եւրոպային ու Թուրքիոյ միւս սիրեցեալ դաշնակիցներուն համար. այս տագնապը բացառապէս Եւրոպայի դէմ իբրեւ սուր ճօճող Թուրքիոյ շահատակութիւններն ալ տեղ մը կրնան համբերութիւնները սպառել եւ այդ երկիրները հասցնել «ա՛լ կը բաւէ»-ի սահմանին։ Թուրքիոյ լարախաղացութիւններուն եւ հեռահաս միջամտութիւններուն հանդէպ հանդուրժողութիւնը կրնայ սպառիլ նա՛եւ արեւելեան կողմն աշխարհի, սկսելով Ռուսիային, հասնելով մինչեւ Չինաստան, ինչո՞ւ չէ նաեւ՝ Հնդկաստան, ուր հինտու-իսլամ հակադրութիւնը թէեւ ունի իր «անկախ պատմութիւն»-ը, սակայն, վաղը կրնայ ներգրաւել Թուրքիոյ հեռահաս ձեռքերն ալ։ Ինչո՞ւ նկատի չունենալ թրքական ոտնձգութեանց ու շահատակութեանց բացասական ներգործութիւնը՝ արաբական աշխարհին մէջ։

Յիշատակուած ու նմանօրինակ այլ իրողութիւններ ու զարգացումներ, որոնք առայժմ լուսարձակ չեն գրաւեր ու հաշուի չեն առնուիր Արեւելք-Արեւմուտք եւ այլուր՝ մեծ հաշուեցուցակներու վրայ, մօտիկ կամ աւելի հեռու ապագային կրնան մտածողութեան ու ցարդ իբրեւ սովորական ընկալուած վիճակներուն մէջ փոփոխութիւններ յառաջ բերել, մանաւանդ եթէ գետին վրայ զինուորական եւ այլ դէպքեր բանան մեծ վերիվայրումներու դուռը, քարտէսներու փոփոխութեան սակարանը, յատկապէս եթէ տուժողները հեռահաս աշխատանքի լծուին…։

Չþա՞րժեր արդեօք մտածել (ո՛չ միայն հայկական ակնոցով, այլ նաեւ Թուրքիոյ սահմանակից եւ քիչ մը աւելի հեռուն ինկող երկիրներու դիտանկիւնէն), թէ ծաւալումի հաւանականութեան դիմաց, կայ նաեւ այժմու Թուրքիոյ ՏԱՐԱՆՋԱՏՄԱՆ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ։ Պէտք չունինք հոս ցուցակագրելու, թէ Թուրքիա այսօր ինչպիսի՞ հարցականներու դիմաց է (թէեւ անոնք միշտ կը լուսանցքայնացուին ու կը նսեմացուին՝ թրքական ուժն եւ դերակատարութիւնը նախամեծար համարողներուն ակնոցով) ներքին՝ քրտաբնակ, արաբաբնակ եւ այլ գօտիներու մէջ, եւ արտաքին դաշտերու՝ Կիպրոս, Սուրիա, Հայաստան, Իրան եւ այլ գիծերու վրայ (կարելի է կարկինը տարածել նաեւ աւելի հեռուները)։

Այլ խօսքով, ինչպէս որ Օսմանեան կայսրութիւնը ամբողջ 19-րդ դարուն կամ գոնէ անոր երկրորդ կիսուն, իբրեւ «հիւանդ մարդը»՝ հանդուրժողութեամբ «կրուած» էր արեւմուտքցի դաշնակիցներու կողմէ եւ սակայն, Ա. Աշխարահամարտի արեւամուտին, նոյն այդ դաշնակիցները, այսօր արդէն բացայայտ դարձած հաշիւներով ու դիտաւորութիւններով, համաձայնեցան դարաւոր կայսրութիւնը, օսմանեան տիրապետութեան տակ կքած բազմաթիւ երկիրներ դարձան անկախ, այսօր ալ կրնայ դաշնակիցներ թէ հակադիր-դարպասողները դնել այնպիսի ընտրանքներու դիմաց, որոնցմէ մէկը կրնայ ըլլալ Թուրքիոյ տարանջատումը։ Մեր՝ հայկական դիտանկիւնէն, կþարժէ՛ չարհամարհել Թուրքիոյ հանդէպ Ռուսիոյ բարեկամութեան շրջումը եւ անկէ յառաջ գալիք հաւանականութիւնները։ Ինչո՞ւ աչքաթող ընել մինչեւ իսկ Թուրքիոյ հանդէպ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ դաշնակիցներու հայեցակէտի փոփոխութիւնն ու շրջումը. չէ՞ որ մենք իսկ վերջերս շօշափեցինք նման հաւանականութեան մանր արդիւնքները։

Կրկնենք. այսօրուան իրականութիւններն ու դէպքերու զարգացումը նման նախատեսութիւն կը դասեն «երազային»-ի շարքին։ Սակայն վերյիշելով Ռուսիոյ հետ Թուրքիոյ պատմութեան վերջին երկու դարերը՝ պատերազմներ, յառաջխաղացքներ, նահանջներ, համայնավարաներ-քեմալականներ սիրաբանութիւն, Կարս-Արտահանի եւ նեղուցներու «սակարկութիւններ» եւ այլն, մեր տեսողութեան դաշտը կրնայ բաւական ընդարձակուիլ (չենք մոռնար, որ Ռուսիոյ եւ այլոց խաղերը միշտ ալ մղում կþառնեն իրենց շահերու մեկնակէտէն, սակայն նոյն ատեն նպաստաւոր կամ վնասակար հովեր բերած են ու կը բերեն փոթորիկներու գօտիներուն մէջ ինկողներուն)։

Նման «երազատեսութիւն» հիմնաւորող, հաւանականութիւնը ցոյց տուող մտածումներու շարքը կրնանք երկարել։ Պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքական աշխարհը եւ ռազմավարական հաշիւները եթէ ունին կայուն ու յստակ գիծեր, անակնկալներն ու յեղակարծ վերիվայրումները միշտ ալ ունեցած են իրենց վճռող խօսքը։ Փաստօրէն, Թիթոյի մը Եուկոսլաւիոյ տարանջատումը հազիւ թէ հաւանական էր 70-ականներուն կամ կանուխ 80-ականներուն, նոյնը՝ Չեխոսլովաքիոյ պարագային, անդին նաեւ Գերմանիոյ եւ Վիեթնամի վերամիացումը։ Կայ, տակաւին, կարմիր կայսրութեան փլուզումն ու նոր տարազով վերաձեւաւորումը, որ եթէ նախկինին հետ ունի հասարակաց գիծեր, ունի նաեւ մեծ տարբերութիւններ։ Ինչո՞ւ չտեսնել մէկ կողմէ՝ Եւրոպան դէպի միութիւն տանող՝ անցեալ տասնամեակներու ալիքն ու միւս կողմէ՝ անոր տարանջատման նոր նախանշանները, սկսելով «Պրեկզիթ»-էն։

Քաղաքական աշխարհին մէջ միակ անփոփոխը, կþըսեն, յարատեւ փոփոխութիւնն է։ Եթէ այս հաստատումը ունի հիմնաւորում եւ ճշմարտութեան բաժին, նման փոփոխութիւններէն շահ սպասողներու եւ հաւանական վնասներէ խուսափիլ ուզողներու կը մնայ ռատարները բաց եւ գերզգայուն պահել, չմնալ լոկ սպասումի եւ օրը օրին հակազդողի խրամատի մէջ, այլ «թշնամիիս թշնամին բնական դաշնակիցս է»-ի տրամաբանութեամբ գործակիցներ ու խոհակիցներ գտնել, մինչեւ իսկ եթէ այս կամ այն անցեալին դասուած է թշնամիի կողքին։ Սա կþենթադրէ յարատեւօրէն պատրաստ վիճակի մէջ դնել քաղաքական, դիւանագիտական եւ միջ-պետական, միջ-ժողովրդային բոլոր հնարաւորութիւնները, շարժման մղել ու ըստ կարելւոյն ճիշդ կողմորոշումներու յանգիլ, գործածելով հնարաւոր բոլոր հեռադիտակները։

Այսօր շատ աւելի դիւրին եւ համապարփակ ձեւով կը տեսնենք աշխարհի այս կամ այն գօտիին մէջ տեղի ունեցող վերիվայրումները, հետեւաբար, մենք մեզի պէտք չէ զլանանք այսօրուան Թուրքիոյ տարանջատումը հաշուի չառնելու պերճանքը, որքան ալ որ հեռաւոր թուի անիկա։ Իսկ գործակից-դաշնակիցներ կրնանք գտնել ամէնէն նեղ օղակներէն միչեւ աւելի լայն օղակներու մէջ, սկսելով դրացի երկիրներէ ու ժողովուրդներէ, հասնելու մինչեւ գեր-հզօրները։

Դարձեալ նշենք, որ այս հաւանականութիւնը այսօրուան դրուածքով կրնայ դիտուիլ «ծովը կարելի՞ է մակարդել»-ի թերահաւատութեամբ, սակայն քաղաքական իրապաշտութիւնն ու հեռատեսութիւնը կը թելադրեն հետեւիլ անգլիացիներուն մէկ նշանաւոր խօսքին՝ «վառօդդ միշտ չոր պահէ», որուն վրայ կրնանք աւելցնել, թէ պէտք է նաեւ վառօդ ու զէնքեր ունենալ։ Մինչդեռ, մենք ազգային աւանդութեան վերածած ենք «պատմական այսինչ-այնինչ հանգրուանին պատրաստ չէինք» ինքնարդարացումն ու ինքնախարազանումը…

yerakouyn.com/2020/03/02/հեռահաս-հորիզոններ․-եթէ-հասնի-թուրքո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail