Յարգանքի Տուրք Մատուցուած Է Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք Մատուցուած Է Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին

02 ՄԱՐՏ 2020 – Մարտ 1-ի Զոհերու Յիշատակին:

Երէկ` կիրակի, 1 մարտ 2020-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի անունով ծաղիկներ զետեղուած են Միասնիկեանի արձանին մօտ` իբրեւ յարգանքի տուրք 1 մարտ 2008-ի դէպքերու զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի աշխատակազմէն:

Միւս կողմէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցած է մարտի 1-ի զոհերու յիշատակին` ծաղկեպսակ զետեղելով Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանին մօտ: Այս մասին կը յայտնեն կառավարութեան աշխատակազմէն:

Մարտ 1-ի զոհերու տարելիցին նուիրուած արարողութեան ներկայ եղած են նաեւ զոհերու հարազատները, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ ու կառավարութեան անդամներ:

aztagdaily.com/archives/466719

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail