
Սուրիոյ Բանակը Ազատագրեց Իտլիպի 50 Առ Հարիւրը . Թուրքիա Երկու Սուրիական Օդանաւեր Վար Առաւ Եւ «Սփութնիք»-ի Խմբագրապետը Ձերբակալեց
02 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ;
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ բանակը օդային յարձակումներով ճնշում կը բանեցնէ զինեալ խմբաւորումներուն վրայ վերատիրանալու համար Սարաղեպ քաղաքին` նշելով, որ զինուորական գործողութեան ընթացքին իր հակակշիռին տակ առած է Իտլիպի տարածքին 50 առ հարիւրը եւ կը շարունակէ աշխուժացնել իր գործողութիւնները Սարաղեպ ու Ժապալ Զաուիա ճակատներուն վրայ:
«Մայատին» կը յայտնէ, թէ Սուրիոյ բանակին համար այժմ առաջնահերթութիւնը Սարաղեպի վերատիրանալն է` ապահովելու համար միջազգային մայրուղիի անվտանգութիւնը:
ՍԱՆԱ երէկ հաղորդեց, որ թրքական ուժերը Իտլիպի մէջ վար առած են երկու սուրիական օդանաւեր, որոնց օդաչուները անկարգելով ապահով էջք կատարած են: Սուրիական ուժերը երէկ առաւօտեան իրենց կարգին վար առած են Սարաղեպի վերեւ թռիչք կատարող թրքական անօդաչու սարք մը: ՍԱՆԱ աւելի ուշ հաղորդեց, որ այդ թիւը բարձրացաւ երեքի:
«Ռաշա Թուտէյ» իր կարգին հաղորդեց, որ սուրիական ուժերը Իտլիպի վերեւ թռիչք կատարող վեց թրքական անօդաչու սարքեր վար առած են:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիան հարուածած է Մընպեժի արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ ռուսական ուժերու հրամանատարութեան կեդրոնը:
Շաբաթ գիշեր սուրիական բանակէն զինուորներ եւ Հըզպալլայի անդամներ զոհուած են, երբ Հալէպի գիւղական շրջաններէն Զարպէի մէջ անոնց դիրքերը թրքական յարձակումներու ենթարկուած են:
Շաբաթ օր անծանօթներ յարձակում գործեցին Անգարայի մէջ ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան պաշտօնեաներու տուներուն վրայ` զանոնք կոչելով «հայրենիքի դաւաճաններ», «Դաւաճաններ», «Ռուս լրտեսներ», եւ յայտարարեցին. «Թուրքիան միայն թուրքերու համար է»:
Թրքական ոստիկանութիւնը ձերբակալեց Անգարայի մէջ «Սփութնիք»¬ի խմբագրապետը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ մասին հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ «Սփութնիք¬Թուրքիա»¬ի պաշտօնեաները կը շարունակեն շաբաթ օրուընէ արգելափակուած մնալ ոստիկանութեան մօտ, եւ թրքական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց` միջամտելով վերջ տալու կացութեան ու ապահովելու ռուսական լրատու գործակալութեան ներկայացուցիչներու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ բացայայտելու դէպքին ամբողջ ծալքերը:
«Սփութնիք» երէկ յայտարարեց, որ երեք լրագրողները հարցաքննուելէ ետք ազատ արձակուած են:
Աքար.«Ռուսիոյ Հետ Բախում Ունենալու Նպատակ Չունինք»
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքտար յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ թրքական բանակին շղթայազերծած գործողութիւնը «Գարնան վահան» կը կոչուի:
«Սուրիոյ մէջ մեր միակ նպատակը սուրիական վարչակարգին ոճիրը դադրեցնելն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Իտլիպի մէջ մեր ուժերուն վրայ յարձակումէն ետք սկսած «Գարնան վահան» գործողութիւնը յաջողութեամբ կը շարունակուի»:
«Ռուսիոյ հետ բախում ունենալու նպատակ չունինք, մեր նպատակը վարչակարգին ջարդերուն, ծայրայեղութեան եւ տեղահանութեան վերջ տալն է», յայտնեց Աքար:
«Ռուսիայէն կը սպասենք, որ դադրեցնէ սուրիական բանակին յարձակումները եւ զայն ստիպէ վերադառնալու Սոչիի համաձայնութեան սահմաններ», նշեց Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը:
Ռուհանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Էրտողանի Եւ Փութինի հետ
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին առաջարկած է Իտլիպի հարցին շուրջ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ եռակողմանի ժողով մը գումարել` նշելով, որ տարբեր մարզերու մէջ եռակողմ գործակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Ռուհանի նշած է, որ Իտլիպի հարցը «այդտեղ գտնուող վտանգաւոր ահաբեկիչներուն ունեցած սպառնալիքին եւ անմեղներու պահպանութեան կարեւորութեան պատճառով շատ բարդ դարձած է»` աւելցնելով. «Մէկ կողմէն պէտք է մարդոց կեանքերը պաշտպանել, իսկ միւս կողմէ ահաբեկիչները այս շրջանէն արմատախիլ ընել»:
Իրանի նախագահը Ասթանայի բանակցութիւնները մեծ ձեռքբերում մը նկատած է` նշելով. «Տագնապի մագլցումը տարածաշրջանին մէջ ոչ ոքի ի նպաստ է, եւ մենք կարիք ունինք տարակարծութիւններու լուծման համար դիմելու երկխօսութեան եւ այս բանակցութիւններու ականահարումը չարտօնելու»:
Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին ըսած է. «Քաղաքական երկխօսութիւնները այդ երկրին խնդիրները լուծելու միակ ուղին են»` յայտնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ օժանդակելու Իրանին:
Ռուհանի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց Իտլիպի մէջ կացութեան նկատմամբ` կոչ ուղղելով գործադրելու Ասթանայի համաձայնութիւնը եւ շեշտած, որ Իտլիպի կացութիւնը պէտք չէ ամերիկեան միջամտութեան մը պատրուակ դառնայ:
Թուրքիոյ նախագահութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ 5 մարտին նախատեսուած հանդիպումը «տակաւին չէ հաստատուած»:
Քրեմլին իր կարգին յայտնեց, որ երկու նախագահներուն միջեւ վեհաժողովը դիւրին պիտի չըլլայ, սակայն անոնք վճռակամութիւն յայտնած են Իտլիպի մէջ կացութեան լուծման ուղղութեամբ աշխատելու: «Երկու նախագահները պիտի քննարկեն Սոչիի համաձայնութեան գործադրութիւնը», նշեց Քրեմլին:
«Սուրիոյ մէջ Ռուսիայէն բացի այլ երկիրներու զինուորներու ներկայութիւնը կը հակասէ միջազգային օրէնքի արժեչափերուն», ընդգծեց Քրեմլին:
Միւս կողմէ` նշենք, որ Սուրիոյ եւ Պենկազիի մէջ լիպիական կառավարութեան արտաքին գործոց նախարարները երէկ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու համաձայնութիւն ստորագրեցին:
www.aztagdaily.com/archives/466745





