Տողատակի Սպառնալով Թուրքիոյ. Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Խորհրդատուական Կեդրոն. «Թրքական Ուժերուն Ձեռք Չտալու Որոշումը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Տողատակի Սպառնալով Թուրքիոյ. Սուրիոյ Մէջ Իրանեան Խորհրդատուական Կեդրոն. «Թրքական Ուժերուն Ձեռք Չտալու Որոշումը Տակաւին Ի Զօրու Է»

02 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ;

Սուրիոյ մէջ իրանեան խորհրդատուական կեդրոնը մեկնաբանեց օրերէ ի վեր թրքական եւ սուրիական բանակներուն միջեւ ընթացող բախումները:

Կեդրոնը` հաղորդակցութիւն մը հրապարակելով, յայտնեց, որ «Էմ5» ճամբան ազատագրած ուժը Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդին ու Հըզպալլայի ղեկավարութեամբ, եւ դիմադրութեան խմբաւորումներու մասնակցութեամբ էր` աւելցնելով, որ ազատագրուած գիւղերու բնակիչներուն օժանդակութիւն տրամադրուած է:

Կեդրոնը նշեց, որ զինեալներ թրքական բանակին աջակցութեամբ յարձակում գործած են Սուրիոյ բանակի դիրքերուն վրայ, «ուստի մասնակցեցանք «Էմ5»¬ի վերագրաւումը արգիլելու»:

Իրանեան կեդրոնը բացատրեց, որ իրանեան ուժերու ներկայութեան սկիզբէն ի վեր Սուրիոյ մէջ թրքական դիրքերը, Ասթանայի համաձայնութեան հիմամբ իրանեան ուժերու շրջանին մէջ էին` ընդգծելով, որ դիմադրութեան խմբաւորումները այդ ուժերու ձեռք չեն տուած` յարգելով ղեկավարութեան որոշումը:

Ըստ կեդրոնին, այդ որոշումը տակաւին ի զօրու է:

«Չորս օր առաջ տաճիկներ, Թիւրքմենական կուսակցութիւնն ու Ժապհաթ Նուսրան լայնածաւալ յարձակում գործեցին սուրիական բանակին դիրքերուն վրայ», եւ իրանեան ուժերը աջակցութիւն տրամադրեցին սուրիական բանակին, որպէսզի ազատագրուած շրջանները դարձեալ չգրաւուին:

Սուրիոյ մէջ իրանեան խորհրդատուական կեդրոնը շեշտեց, որ, հակառակ իր ուժերու պաշտպանողական կեցուածքին, թրքական բանակը օդէն եւ հրետանիով իրենց վրայ յարձակում գործած է. «Թրքական բանակին միջնորդներ ղրկեցինք դադրեցնելու այդ յարձակումն ու գործելաոճը»: Միջնորդները թրքական բանակին յայտնած են. «Ահաբեկիչները ձեր աջակցութեամբ մեր դիրքերուն վրայ յարձակեցան: Թրքական բանակը մեր խնդրանքը նկատի չառաւ եւ շարունակեց ռմբակոծումը, որուն պատճառով մեր անդամներէն նահատակուեցան»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ բանակի հրետանին հակադարձած է, սակայն իրենք ուղղակի կերպով չեն հակադարձած:

Կեդրոնը թուրք ժողովուրդին յիշեցուց, որ անոնց զաւակները ամիսներէ ի վեր իրենց ուժերուն համար հասանելի էին, եւ եթէ ուզէին, իրենք կրնային վրէժ լուծել:

www.aztagdaily.com/archives/466743

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail