Յունաստան Վեթոյի Ենթարկած Է ՕԹԱՆ-ի` Թուրքիոյ Զօրակցող Յայտարարութիւնը

Յունաստան Վեթոյի Ենթարկած Է ՕԹԱՆ-ի` Թուրքիոյ Զօրակցող Յայտարարութիւնը

02 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ;

ՕԹԱՆ-ի մէջ Յունաստանի մնայուն ներկայացուցիչը վեթօ կիրարկած է Իտլիպի մէջ բախումներուն սկսելէն ետք դաշինքի` Անգարայի աջակցող յայտարարութեան դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիուզօպզըրվաթըրի» կայքը:

«Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տանտիաս ՕԹԱՆ-ի մէջ Յունաստանի մնայուն ներկայացուցիչին համապատասխան հրահանգ տուած է, երբ մնայուն ներկայացուցիչներու տեղակալներու մակարդակով նիստին համաձայնութիւն գոյացած է միացեալ յայտարարութեան շուրջ, ուր տեղ չէ գտած յունական կողմի` Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ներգաղթեալներու եւ տեղահանուածներու հարցով 2016-ի մարտին ստորագրուած բանաձեւին յղում կատարելու առաջարկը», կը յայտնէ կայքը:

Յունական պահանջին դէմ եղած են Բրիտանիան, Գերմանիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն 28 փետրուարի լոյս գիշերը, թուրք 33 զինուորներու սպանութենէն ետք, հեռաձայնած էր ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկին եւ պահանջած Ուաշինկթընեան համաձայնագիրի 4-րդ յօդուածով նախատեսուող քաղաքական խորհրդակցութիւններու հոլովոյթի սկսիլ, որ անդամ երկիրին կարելիութիւն կու տայ օգնութիւն խնդրելու, եթէ այդ պետութիւնը համարէ, որ իր անվտանգութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական անկախութիւնը վտանգի տակ է:

Ըստ ՕԹԱՆ-ի կանոնագրութեան, Դաշինքը պարտաւոր է աջակցիլ անդամ պետութեան` երրորդ պետութեան դէմ պատերազմի ժամանակ: Սակայն Սուրիոյ պարագային չկայ երրորդ երկիր, Թուրքիան, ըստ թրքական պաշտօնական տեսակէտի, կը պատերազմի ոչ թէ Սուրիոյ, այլ «Ասատի վարչակարգին» դէմ:

www.aztagdaily.com/archives/466739

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail