
Յունաստան Կ՛ամրապնդէ Թուրքիոյ Հետ Իր Սահմանին Վրայ Զինուորական Ուժերը Եւ Անգարան Կ՛ամբաստանէ Գաղթականները Դէպի Իր Հողեր Մղելու Մէջ
02 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ;
Յունական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ արձակեց հեռացնելու համար հարիւրաւոր սուրիացի գաղթականներ, որոնք հաւաքուած էին Յունաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանը անցնելու համար:
Յունական կառավարութեան բանբեր Սթելիոս Փիսթաս յայտնեց, որ Յունաստան դիմակայած է իր սահմանը ոտնահարելու կազմակերպուած, հաւաքական ու ապօրինի փորձ մը:
Յունական բանակը յաւելեալ ուժեր տեղակայեց Թուրքիոյ հետ երկրի սահմանին վրայ:
Յունաստան ու Պուլկարիա յայտարարեցին, որ խիստ քայլեր կ՛որդեգրեն փակելու համար ապօրինի գաղթականներուն ճամբան:
Յիշեցնենք, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հինգշաբթի օր «Ռոյթըրզ»¬ի յայտնած էր, թէ Թուրքիա որոշած է արգելք չհանդիսանալ սուրիացի գաղթականներուն Եւրոպա հասնելուն:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլֆոնտեր Լայըն յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի գաղթականներուն Թուրքիայէն դէպի Յունաստանի եւ Պուլկարիոյ մէջ միութեան սահմաններ հոսքին` աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանին գլխաւոր առաջնահերթութիւնը Յունաստանին եւ Պուլկարիոյ ամբողջական աջակցութեան տրամադրումն է, եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ցամաքային սահմաններուն վրայ ապահովական մարմիններու ներկայութիւնը ամրապնդելու:
Ըստ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան, 13 հազար գաղթականներ շաբաթ գիշեր համախմբուած են թուրք¬յունական սահմանին վրայ` աւելցնելով, որ անոնք Պոլիսէն փոխադրատարներով ու թաքսիներով կը հասնին Թուրքիա¬Յունաստան սահման:
www.aztagdaily.com/archives/466742





