
09 դեկտեմբեր 2015
Սուրիոյ ընդդիմադիրները կը լքեն իրենց կողմէ վերահսկուող վերջին քաղաքը` Հոմսը եւ անոր շրջակայ տարածքները: BBC-ի փոխանցմամբ, այս քայլը կ՛իրականացուի կառավարական ուժերու հետ զինադադարի վերաբերեալ համաձայնութեան ծիրէն ներս:
Ինչպէս կը հաղորդէ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը այսօր առաւօտեան զինեալներն եւ քաղաքի բնակիչները, որոնք կ՛ուզեն լքել քաղաքը դուրս եկած են: Կը նշուի, որ օրուան ընթացքին Հոմսէ դուրս կը բերուի մօտ 750 մարդ, որոնց 3 հարիւրը զինեալներ են: Ի դէպ զինեալները կը լքեն քաղաքի Ուաէր թաղամասը, որ զինեալներու կողմէ վերահսկուող միակ թաղամասն էր:
Նշենք, որ այս տարուան Դեկտեմբերին Սուրիոյ իշխանութիւնները յաջողած են համաձայնութեան գալ ընդդիմադիր զինեալներուն հետ Հոմս քաղաքի շուրջ զինադադար կնքելու հարցով:
Համաձայնագիրը մասնաւորապէս կը նախատեսէ, որ ընդդիմադիրները իրենց դիրքերը լքեն քանի մը փուլերով, մօտակայ երկու ամիսներու ընթացքին: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ ամբողջ Հոմս քաղաքը, որ կը կոչէին յեղափոխութեան մայրաքաղաք, կ’անցնի կառավարական ուժերու վերահսկողութեան տակ: Հոմսը լքող անձերու մեծամասնութիւնը կը տեղափոխուի Իտլէպի շրջան, որ կը գտնուի ընդդիմադիրներու վերահսկողութեան տակ:
Յիշեցնենք նաեւ, որ 2014-ին նոյնպիսի համաձայնութեամբ մը հին Հոմսի շրջանը նոյնպէս անցած էր կառավարութեան հսկողութեան տակ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com





