Էրտողան Եւ Ալիեւ Կը Վերամշակեն Համաթուրանականութեան Չհինցող Թղթածրարը

Էրտողան Եւ Ալիեւ Կը Վերամշակեն Համաթուրանականութեան Չհինցող Թղթածրարը

02 ՄԱՐՏ 2020 – ԿԻԶԱԿԷՏ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Այս օրերուն, երբ աշխարհը կլանուած է «Քորոնա» ժահրի տարածման մտահոգութիւններով, իսկ Հայաստանի իշխանութեան ու ընդդիմադիրներու զօրակայանները զբաղած են իրենց «Թուր Կեծակի»ները սրելով, որպէսզի ամբողջ ուժով ու բազմաձայնութեամբ նետուին 5 Ապրիլի հանրաքուէի ընտրապայքարի դաշտը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 25 Փետրուարին շռնդալից այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, անգամ մը եւս յայտարարելու, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան միաձայն են թէ՛ երկկողմանի կապերու-զինակցութեան սերտացման եւ թէ հակահայ մարտավարութիւնը աւելի եւս զարգացնելու նպատակով։

ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

Էրտողանի այցելութեան անմիջական շարժառիթն էր Թուրքիա-Ատրպէյճան ռազմական գործակցութեան գերագոյն խորհուրդի նիստը, որուն մասնակցեցան երկու երկիրներու աւագանիները եւ արդիւնաւորուեցաւ Ալիեւ «եղբօր» հետ շարք մը համաձայնագիրներու ստորագրութեամբ։

Ըստ թրքական ու ատրպէյճանական աղբիւներու, օրակարգի վրայ էին շուրջ 15 համաձայնագիրներ, որոնք կը նպատակադրեն երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը զարգացնել քաղաքական, զինուորական-զինական, տնտեսական, մարզական, արհեստագիտական (կորիզային մարզ, զէնքի կտորներ…), ցամաքային ճամբորդութեան, քարիւղի-կազի արտածման եւ այլ բնագաւառներու մէջ։ Կը նախատեսուի, որ առեւտրական գործակցութիւնը մինչեւ 2023 հասնի… 15 միլիառ տոլարի, մինչդեռ 2016ին, անիկա 1.5 միլիառ տոլարի սահմաններուն մէջ էր, 2019ին անցած էր 2 միլիառը։ Գործակցութեան ընդարձակման դաշտերուն մաս կը կազմեն կազի արտածումը՝ Վրաստանի վրայով, հասցնելու համար Իզմիր ու անկէ՝ Եւրոպա։ Թուրքիա պիտի ստանայ տարեկան 6 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազ, իսկ Եւրոպայի պիտի մատակարարուի 10 միլիառ տոլար արժողութեամբ կազ։ Կայ Իզմիրի մէջ նոր զտարանի մը ծրագիրը, որ պիտի իրականանայ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»ին հետ գործակցաբար։ Ատրպէյճան կը ծրագրէ կառուցել կազատար նոր խողովակ մը, որ Թուրքիա պիտի հասնի Նախիջեւանի վրայով… Զարկ պիտի տրուի նաեւ Ատրպէյճանէն Վրաստանի վրայով Թուրքիա երկարող եւ 2017ին բացուած երկաթուղիին (աւելի քան 800 քլմ.) ճամբով առեւտուրին եւ այլ փոխանակումներու։ (Արդեօք կա՞ն հայ գործարարներ, որոնք այս ծրագիրներուն մէջ կը տեսնեն շահաւէտ մասնակցութեան նոր հորիզոններ…)

Էրտողան չմոռցաւ կրկնել, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները նոյն ազգն են, եղբայրներ։ Մամլոյ տեղեկութեանց համաձայն, միասնութեան մէկ մարմնաւորումը այն է, որ Թուրքիոյ մէջ ատրպէյճանական ներդրումները կը հասնին 19 միլիառ տոլարի, որուն դիմաց, Թուրքիա 12 միլիառ տոլարի ներդրում ունի Ատրպէյճանի մէջ։ Առեւտրական գետնին վրայ, Ատրպէյճան Թուրքիայէն կը ներածէ արտածածէն մօտաւորապէս հինգ անգամ աւելի (պէտք չէ մոռնալ, որ «կրտսեր եղբայր»ը շատ աւելի հարուստ երկիր է…)։

Ուշագրաւօրէն մտահոգիչ էր, որ գերաստիճանի աւարտին, երկու «եղբայրներ»ուն միատեղ մամլոյ ասուլիսին, հպանցիկ ակնարկութիւններ կատարուեցան գործակցական հորիզոններուն, իսկ «Առիւծի բաժին»ը խլեց… Արցախի հարցը։ Էրտողան առանց տատամսելու յայտարարեց, որ «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը միայն Ատրպէյճանի հարցը չէ», եւ թէ՝ Թուրքիա պիտի աջակցի իր «եղբօր»՝ (անոր նախընտրած ձեւով) լուծումի հասնելու։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ԽՈՃԱԼՈՒԻ «ԹՂԹԱԾՐԱՐ»Ը ԵՒ…

Էրտողանի այցելութիւնը պատճառ եղաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ հակահայ քարոզարշաւը շատ աւելի ուժեղ հնչէ եւ գրաւէ միջազգային լուսարձակներ, երբ Ատրպէյճան 26 Փետրուարին նշեց «հայերու կողմէ Խոճալուի ատրպէյճանցի բնակչութեան սպանդ»ին 28րդ տարեդարձը, զայն ներկայացնելով իբրեւ «դարուս մեծագոյն ցեղասպանութիւններէն մէկը»։ Այս բովանդակութեամբ՝ Ատրպէյճան-Թուրքիա միաձայն զուգերգը արձագանգներ գտաւ աշխարհի մօտակայ եւ հեռաւոր երկինքներու տակ, հակահայ ստապատիր քարոզչութեան ընդարձակ դաշտ բանալու իմաստով։

Արձանագրենք քանի մը թիւեր, ցոյց տալու համար, թէ Ատրպէյճան ինչպիսի՛ փութկոտութեամբ ու ջանասիրութեամբ սորված է հայութեան դէմ թրքական քարոզչութիւնը՝ իրականութիւնները խեղաթիւրելու եւ շրջուած ձեւով ներկայացնելու «արուեստ»ը։ Թուրք-ատրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն (հին ձայնապնակին նորագոյն տպագրութիւնը), 1992ին, հայերը Խոճալուի մէջ սպաննած են (եղեր) աւելի քան 600 բնակիչ, պատանդ բռնած՝ 1,275 հոգի, ցարդ կորսուած կը մնայ 150 հոգի։ Իսկ «գլուխ գործո՞ցը». Արցախի ռազմական իրադարձութեանց հետեւանքով, աւելի քան… մէկ միլիոն ատրպէյճանցիներ գաղթական դարձած են (պաշտօնական վիճակագրութեանց տուեալներով՝ 90ականներու սկիզբը, Ատրպէյճանի բնակչութեան թիւը շուրջ 7.5 միլիոն էր, այսօր աւելի քան 10 միլիոն, այլապէս ուսանելի պարագայ, իսկ «Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ»ի բնակչութեան ընդհանուր թիւը չէր հասներ 200 հազարի, որուն մեծամասնութիւնը հայ էր։ Իսկ թէ ատրպէյճանցի ո՞ր հանճարեղ թուաբանագէտը հաշուեր է մէկ միլիոն գաղթական՝ այդ ալ ուրիշ հարց է. հաւանաբար թիւը կ՛ընդգրկէ Պաքուէն, Սումկայիթէն եւ նոյնինքն Արցախի շրջանէն բռնագաղթուած հայերը…)։ Թուրք-ատրպէյճանական քարոզչութիւնը նաեւ կը փորձէ աշխարհը համոզել, թէ հայերը գրաւման տակ կը պահեն Ատրպէյճանի տարածքին 20 առ հարիւրը։ Իսկական թուանշանները կ՛ըսեն, որ Ատրպէյճանի տարածութիւնը շուրջ 86 հազար քառ. քլմ. է, իսկ Արցախի տարածութիւնը նուազ քան 5,500 քառ. քլմ.։ Կարճ խօսքով՝ ոճրագործը ինքզինք կը փորձէ ներկայացնել զոհի դերով, ինչպէս որ ցեղասպան Թուրքիան կը փորձէ աշխարհը համոզել, որ «չար եւ դաւադիր հայերը ահագին թուրք սպաննած են» Ա. աշխարհամարտի օրերուն…

Ատրպէյճանցիները 26 Փետրուարին մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին Պաքուի, Նախիջեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ, յիշեցնելով, որ Արցախը իրենց կը պատկանի, պատրաստ են մահուան գնով վերատիրանալու անոր։ Թուրքիոյ իշխանութիւններն ու մամուլը այս երգին ալ միացուցին իրենց ձայնը, համակրանք ու զօրակցութիւն յայտնելով ատրպէյճանցի եղբայր ժողովուրդին։ Միաձայնութիւնը լիակատար էր։

Եթէ սա համաթուրանականութեան մէկ նորագոյն արտայայտութիւնը չէ, հապա ի՞նչ է…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

…ԵՐՐՈՐԴ ՈՒ ՉՈՐՐՈՐԴ ՁԱՅՆԵՐ

Եւ յանկարծ, երրորդ հարազատ ձայն մը միացաւ թուրք-ատրպէյճանական միաձայն զուգերգին. Ատրպէյճանի մօտ Իսրայէլի դեսպանը՝ Ճորճ Տիք, փութաց իր երկիրին զօրակցութիւնն ու սրտակցութիւնը արտայայտելու ատրպէյճանցիներուն, ողբալով Խոճալուի զոհերը։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուութեան, ան յայտարարած է, թէ «Իսրայէլ Ատրպէյճանին հետ ուս-ուսի կը կանգնի ուրախ եւ տխուր օրերուն», աւելցնելով. «Ես այսօր մասնակից եղայ Խոճալուի ողբերգական դէպքերու 28րդ տարեդարձի յուշահանդէսին»։

Կ՛արժէ հարց տալ, թէ պաղեստինցիներու իսկական տառապանքներուն դիմաց Իսրայէլը խստիւ դատապարտպող (ու թշնամանք ձեւացնող) Էրտողանն ու իր գործակիցները արդեօք ի՞նչ տրամադրութեամբ ընկալած են Իսրայէլի ներկայացուցիչին համակրական այս արտայայտութիւնը։

Չորրորդ ձայնը եկաւ ռուսական թերթէ մը, որ հրատարակած է Խոճալուի «բաց վէրքը» ողբացող երկարաշունչ յօդուած մը…

ԻՍԿ ՄԵ՞ՆՔ

Էրտողանի Պաքու այցելութիւնը եւ թուրք-ատրպէյճանական նորագոյն քարոզչութեան դէմ, հայկական ռատարները ընդհանրապէս մնացին անտարբեր. Երեւանէն կիսաձայն հակազդեցութիւններ բարձրացան մինչեւ 26 Փետրուարի երեկոյեան ժամերը։ Կարգ մը մեկնաբաններ ու հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան մօտէն հետեւող փորձագէտներ մամլոյ հարցազրոյցներու ճամբով մտահոգութիւն արտայայտեցին ատրպէյճանական քարոզարշաւին արագ վերականգնումին ու հզօրացման նկատմամբ, հաւաստեցին, որ Ատրպէյճան 90ականներու վերջերէն ի վեր կորսնցուցած էր քարոզարշաւը եւ ընդհանրապէս լռութեան կը մատնուէր հայկական տեղին ու ազդու հակադարձութեանց շնորհիւ։

Ընդդիմադիր ճակատէն՝ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին բաւական ուժեղ կը հնչեն (դարձեալ) այն մեկնաբանութիւնները, թէ Փաշինեան-Ալիեւ վերջին հանդիպումը որոշ նախանշաններ ի յայտ բերած է, թէ բանակցային գործընթացը կը յիշեցնէ 1990ականներու առաջին տարիները, երբ «հող զիջելու փոխարէն ապահովութիւն ունենալու» ընտրանքը սակարանային նիւթ էր, այսինքն՝ արցախեան հողեր Ատրպէյճանի յանձնելով՝ պէտք է հետապնդել Հայաստանի ապահովութիւնն ու գոյատեւման-բարգաւաճման ընտրանքը։ Ամօ՞թ կ՛ըլլայ յիշեցնելը, որ այդ օրերուն կար նաեւ Հայաստանի հարաւային գօտիէն ալ հողաշերտ մը Ազտրպէյճանին «նուիրելու» մտածում մը, նոյն՝ ապահովութեան երաշխիքներ ունենալու մտասեւեռումով։ Հիմա, երբ թուրք-ատրպէյճանական օրակարգին վրայ կ՛երեւի Ատրպէյճանէն Նախիջեւան ու Թուրքիա երկարող խողովակի մը ծրագիրը… (Պատմութիւնը բարեբախտաբար արձանագրած է, որ այդ ընտրանքը անուղղակի կամ բացայայտ կերպով պաշտպանողները ժողովուրդին կողմէ հեռացուեցան իշխանութենէ)։

Դժբախտաբար, ինչպէս այդ օրերուն, հիմա ալ լրատու որոշ աղբիւներ հրապարակ կը հանեն «ժողովրդային տրամադրութիւններ», իբրեւ թէ «Հայաստանի երիտասարդութիւնը պէտք չունի զոհաբերուելու Արցախի պաշտպանութեան ի խնդիր…»։ Իբրեւ «հիմնաւորում»՝ ակնարկութիւն կ՛ըլլայ, թէ Ալիեւ տրամադիր չէ հրաժարելու Արցախը ատրպէյճանական հող նկատելու «վարկած»էն եւ տագնապին լուծումը կը տեսնէ միայն ու միայն մէկ ձեւով՝ հայկական ուժերու Արցախէն հեռացում ու շրջանին՝ Ատրպէյճանի հողերուն վերջնական կցում։ Միւնիխի հանդիպումն ու Էրտողան-Ալիեւ գերաստիճանը նորագոյն ազդակներն են այս մտավախութեան արծարծման։ Հայկական ճակատին վրայ, վարչապետ Փաշինեան ու ընդհանրապէս հայկական կողմը, Արցախն ալ ներառեալ, յայտարարած են, թէ Արցախը Հայաստան է ու վերջ, սակայն նաեւ տեղ մը «քաղաքականութեան խաղ» մը կը դառնայ, երբ վարչապետը եւ գործակիցները կը յայտարարեն, թէ լուծման տարազին շուրջ պէտք է համաձայնութիւն գոյանայ Հայաստանի, Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Կարելի չէ հաւատալ այն մեկնաբանութիւններուն, որ Հայաստանի մէջ կրնայ գտնուիլ իրա՛ւ հայ մը, ի՛նչ դիրքի վրայ ալ գտնուի, որ ընդունի ժամացոյցի սլաքները ետ դարձնելու ընտրանքը եւ յարի արցախեան հողեր Ատրպէյճանին յանձնելու (ո՛չ՝ վերադարձնելու) տրամաբանութեան։ Այսուամենայնիւ, սպասելի էր, որ Ժընեւի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի մը մասնակցող Զօհրապ Մնացականեան, իբրեւ հայկական դիւանագիտութեան պետը, անմիջապէս հակադարձէր թուրք-ատրպէյճանական այս յոխորտանքներուն, ու չբաւականանար Արցախի մասին հայկական կողմի տեսակէտներուն վերահաստատումով, ինչ որ նուազագոյնն է։ Սպասելի է, որ պաշտօնական Երեւանը այդ քայլին դիմէ անյապաղ։

Նոյնքան եւ աւելի կենսական է, որ հայ քաղաքական միտքն ու դիւանագիտական մեքենան իրենք զիրենք ձերբազատեն ուշք ու կարողականութիւնը միայն ու միայն ներքին բանակռիւներու մէջ մսխելու ընթացքէն, տեսնեն՝ որ ինչե՜ր կ՛անցնին-կը դառնան Հայաստանի ու ընդհանրապէս շրջակայ գօտիին շուրջ, դուրսէն կամ ներսէն «աչք ընողներու» չսպասեն, անդրադառնալու՝ որ «սուլթանական Էրտողան»ը կ՛աշխատի իր թաթերը տարածել Սուրիայէն ու Իրաքէն մինչեւ Եգիպտոս ու Լիպիա, իր «ճաշացուցակին» վրայ կրնայ վերստին բերել հին երազը՝ Հայկական Հարցը թրքական ոճով լուծելու ընտրանքը, իբրեւ գործակից ունենալով «եղբայր» Ալիեւը, իսկ մեկնակէտ՝ Արցախը։

Արցախի եւ ընդհանրապէս հայութեան մասին իրենց ծրագիրները մշակելու պահուն, ո՛չ Էրտողան եւ ոչ ալ Ալիեւ հետաքրքրուած են թէ հայկական կողմին մէջ կան «յեղափոխականներ» եւ «հակայեղափոխականներ», «հիներ» ու «նորեր», «սեւեր» ու «սպիտակներ», «իշխանականներ» ու «ընդդիմադիրներ», «այո-ականներ» եւ «ոչ-ականներ», «կարծրամիտներ» ու «դիւրաթեք-զիջողականներ»… Համաթուրանական չհինցող ծրագիրներն ու անոնց կապուած երազները հայութեան կողմէ կրնան ձախողութեան մատնուիլ միայն ու միայն միասնութեամբ, ձեռքերու եւ կարողականութեանց միացումով, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ամբողջ կարողականութեան մէկտեղումով։ Ա՛յս կը պահանջեն մեր նահատակները։ Ա՛յս կը պահանջէ անոնց կտակին եւ ուղիին հաւատարիմ հայութիւնը։ Իշխանութիւն եւ ընդդիմադիրներ իրաւունք չունին անտեսելու ժողովուրդին արդար ակնկալութիւնը։

«ՄԱՆՐ ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ» ՄԸ

Զուգահեռ գիծի մը վրայ, հայկական քաղաքական միտքն ու դիւանագիտութիւնը կը գտնուին այլ մարտահրաւէրի մը դիմաց։ Երեւանէն կը հաղորդուի, որ Հայաստան մօտ ատենէն կրնայ դեսպանատուն բանալ Իսրայէլի մէջ, բարձրացնելով 90ականներուն հաստատուած՝ դիւանագիտական յարաբերութեանց մակարդակը։ Սակայն պէ՞տք է արդեօք սպասել այդ քայլին, որպէսզի Իսրայէլին յիշեցում կատարուի, թէ Ատրպէյճանին իր տրամադրած զինական սարքերը կը գործածուին Արցախի դէմ, թէ՝ Խոճալուի մասին ատրպէյճանական յերիւրանքները յար եւ նման են հայութեան դէմ թրքական ստապատումին, վերջապէս այն՝ որ Ցեղասպանութեան զոհը իրաւունք ունի սպասելու, որ «Հոլոքոսթ» տեսած ժողովուրդի մը պաշտօնական իշխանութիւնները ո՛չ միայն ճանչնան 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, այլ իրենց ձայնը միացնեն արդար հատուցման հայութեան պահանջին։

26 Փետրուար 2020

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

asbarez.com/arm/365023/Էրտողան-Եւ-Ալիեւ-Կը-Վերամշակեն-Համաթո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail