Թուրքիան Չի Կրնար ԼՂ Հիմնախնդրի Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացին Մէջ Դերակատարութիւն Ունենալ. Աննա Նաղտալեան
03 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ;

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան պատասխանած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան: «Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարի հանդիպման վերաբերեալ հարցն ու ՀՀ ԱԳՆ խօսնակի պատասխանը.
Հարց. Երէկ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարին հանդիպումը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ԼՂ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ:
Պատասխան. Արդէն իսկ եղած է ՀՀ ԱԳ նախարարի համապատասխան անդրադարձը: Աւելցնենք, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ոչ բարեկամական քաղաքականութեամբ, որ ԼՂ հակամարտութեան ծիրէն ներս կ՛արտայայտուի նաեւ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող միակողմանի ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ, Թուրքիան չի կրնար ԼՂ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ որեւէ դերակատարութիւն ունենալ:
Yerakouyn.com/2020/03/03/թուրքիան-չի-կրնար-լղ-հիմնախնդրի-խաղաղ/