Թիֆլիսի Մէջ Տեղի Ունեցած է Նիկոլ Փաշինեանի եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի Հանդիպումը
03 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ;

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցը Վրաստան կը շարունակուի: ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը հիւրընկալուած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիին:
Ողջունելով ՀՀ վարչապետը` տիկին Զուրապիշվիլին բարձր գնահատած է երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւնները եւ նշած, որ այսօրուան հանդիպումներուն քննարկուած հարցերն ու նախաձեռնութիւնները նոր խթան պիտի հանդիսանան յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման ու ամրապնդման:
Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ուրախ է Վրաստան կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Տիկին Զուրապիշվիլիին հանդիպելու եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու յետագայ խորացման ու զարգացման հեռանկարները քննարկելու հնարաւորութեան համար: «Հաճելի է հերթական անգամ հանդիպիլ Ձեզ: Կրնամ արձանագրել, որ մեր առաջին հանդիպումէն ի վեր հայ-վրացական յարաբերութիւնները դրական զարգացում ունին»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան` համոզմունք յայտնելով, որ այցի ընթացքին պիտի ուրուագծուին միջպետական համագործակցութեան զարգացման նոր հնարաւորութիւններ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Սալոմէ Զուրապիշվիլի քննարկած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: Այնուհետեւ քննարկումները շարունակուած են պաշտօնական ճաշին շուրջ:
yerakouyn.com/2020/03/03/թիֆլիսի-մէջ-տեղի-ունեցած-է-նիկոլ-փաշին/