ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ամբողջ հայութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին, ամբողջ հայութիւնը կանգնած է սփիւռքի կողքին

Ամբողջ հայութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ – Ամբողջ հայութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին, ամբողջ հայութիւնը կանգնած է սփիւռքի կողքին

Nazareth Berberian – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»»

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ «ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ»Ը

Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

«Ամբողջ հայութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին, ամբողջ հայութիւնը կանգնած է սփիւռքի կողքին»

3 Մարտ 2020

18 Յունիս 2019ին գումարուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի եւ տեղական մարմիններու 28րդ համատեղ նիստին, Խորհուրդի նախագահը՝ Հայաստանի Հանրապետության նախագահ Արմեն Սարգսեան կարեւորեց Հիմնադրամը աւելի տինամիք, աւելի շարժուն (մոբիլ), աւելի ճկուն եւ աւելի հզօր կառոյց դարձնելու անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով․- «Հիմնադրամի աւանդական ծրագրերին զուգահեռ՝ պէտք է ծնուեն ու կեանքի կոչուեն նոր, այդ թւում՝ փորձնական ծրագրեր՝ ժամանակի պահանջներին համահունչ: Հիմնադրամը չպէտք է ասոցացուի դրամահաւաք կառոյցի հետ, եւ Սփիւռքում գործող՝ Հիմնադրամի կառոյցները չպէտք է աշխատեն որպէս գանձապետական գրասենեակներ»:

Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

«Ես համաձայն եմ Հանրապետութեան նախագահի հետ, որ նոր ժամանակներում մենք պէտք է նորովի դիտարկենք եւ գնահատենք «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի աշխատանքները եւ տեսնենք նաեւ մեդալի հակառակ կողմը»,- յայտարարեց վարչապետը՝ ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է նոր փիլիսոփայութիւն՝ «պէտք է շօշափելի, շատ աւելի մեծ եւ շատ աւելի անմիջականօրէն ցոյց տալ, որ ամբողջ հայութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին, ամբողջ հայութիւնը կանգնած է սփիւռքի կողքին»:

Ան շեշտեց, որ 27 տարի գումար ակնկալուած է մեծահարուստներու միենոյն շրջանակէն, իսկ այժմ՝ խոշոր նուիրատուներէն հարկ է անցնիլ «փոքր գումար, շատ մարդիկ» տրամաբանութեան։ Առ այդ վարչապետը շեշտեց․- «Եթէ մեզ պէտք է հազար դրամ, մենք պետք է գտնենք ոչ թէ մի հոգու, որ մեզ կը տայ հազար դրամ, այլ մենք պէտք է գտնենք հազար հոգու, որ մեզ կը տայ մի դրամ: Ասում են 7ից 10 միլիոն ենք: Ես վերցնում եմ 5 միլիոն թիւը եւ ասում եմ հետեւեալը․- եթէ հինգ միլիոն հայ նուիրաբերի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին տարուայ ընթացքում 200 դոլար, կամ՝ ամիսը նուիրաբերի 20 դոլար, մենք տարեկան կտրուածքով կ՚ունենանք 1 միլիարդ 250 միլիոն դոլար»:

Ամբողջ հայութիւնը կանգնած է Հայաստանի կողքին, ամբողջ հայութիւնը կանգնած է սփիւռքի կողքին

*
* *

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրենիքի ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺը կռանելու եւ յառաջ մղելու վճռականութեամբ իր օրը սկսող ու իմաստաւորող ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ Մարտ 3ի այս օրը, 28 տարի առաջ, կեանքի կոչուած «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը համազգային իր առաքելութեան ու ծառայութեան բարձրութեան վրայ պահելու ՀԱՅՈՑ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ։

Յուշատետրի փոստով ընդհանուր ակնարկ մը նետուած է Հիմնադրամի 28ամեայ գործունէութեան վրայ՝ անոր ձեռքբերումներուն եւ կաղացումներուն, առաջադրանքներուն եւ սահմանափակումներուն ամփոփ հաշուեկշիռը ներկայացնելով։

Բարի լոյս՝ հայոց ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔԻ ԳԱՂԱՓԱՐը իրենց մտքին եւ սրտին մէջ մշտանորոգ գուրգուրանքի արժանացնող բոլոր հաւատաւորներուն, որոնք կը շարունակեն փարած մնալ այն տեսլականին, որ Հիմնադրամը սոսկ դրամ եւ նուիրատուութիւն հաւաքող համահայկական կառոյց պէտք չէ ըլլայ, ընդհակառակն՝ ա՛յդ եւ շատ աւելի՛ն պէտք է ըլլայ, աշխարհասփիւռ հայերը ի մի բերող եւ ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԲՌՈՒՆՑՔի վերածող մեր անփոխարինելի զէնքն ու կռուանը՝ ամէն ազգայինի կամաւոր նուիրաբերումը, այլեւ սրբազան տուրքը դառնայ։

Դիւրին չէ Հայաստանի ու Հայութեան հաւաքական կամքի եւ ուժի կուտակման կարեւորագոյն երաշխիքին՝ ՆԻՒԹԵՂԷՆ ՀԶՕՐԱՆՔին նուաճումը։

Այսօր եւս պետական մեր այրերը շարունակ կոչ կ՚ուղղեն համախմբուելու ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔի գաղափարին շուրջ։

Բայց մեր ժողովուրդին ԹԵՐԱՀԱՒԱՏՈՒԹԻՒՆը առասպելական տարողութիւն ունի եւ տակաւին կը սպասէ, որ ե՞րբ պիտի հնչէ դատաստանի ժամը՝ հաւաքական իր ուժը կրծող ու մսխող մակաբոյծները հաշուետուութեան կանչելու, կողոպտուածն ու յափշտակուածը իրենց իրաւատիրոջ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳԱՆՁԱՆԱԿին վերադարձնելու համար։

Բարի լոյս՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին հետ իբրեւ այդպիսին, իբրեւ մեր ժողովուրդին ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻ ԳԱՆՁԱՆԱԿը վարուելու եւ պաշտպանելու ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԶԱՐԹՆՈՒՄԻՆ։

Բարի լոյս՝ մաքուր ձեռքերով կառավարման հասնելով իր լուման անսակարկ Ազգի եւ Հայրենիքի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ նուիրաբերելու ՀԱՅՈՒ ԱՐԹՆԱՄՏՈՒԹԵԱՆ։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail