Նոր Եզրակացութիւն Տինքի Գործով. Պատկան Մարմինները Տեղեակ Էին Սպասուող Սպանութեան Մասին

11 դեկտեմբեր 2015

Պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով մեղադրական նոր եզրակացութիւնը ուղարկուած է դատարան:

Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Տինքի սպանութեան ամէն մանրուքի մասին պատկան մարմինները տեղեակ եղած են, սակայն կանխելու համար ոչինչ ըրած են, «Ակօս»-ի յղումով կը գրէ Tert.am-ը:

Համապատասխան մարմինները տեղեալ եղած են, որ Տինքի դէմ մահափորձ կը նախապատրաստուի, զայն պատրաստող խմբաւորման ղեկավարներուն ու անդամներուն մասին տեղեկութիւններ ունեցած են, տեղեակ եղած են նոյնիսկ, որ հաւանական մարդասպանի անունը Օկիւն է, սակայն չեն կանխած յանցագործութիւնը:

Մեղադրական եզրակացութեան մէջ կը նշուի, որ պետական ծառայողներէն շատերու պարտականութիւնը եղած է կանխել յանցագործութիւնը, պարտաւոր եղած են պաշտպանելու Տինքը, սակայն աջակցած են յանցաւոր զինեալ խմբաւորումին եւ նոյնիսկ գաղտնի զեկոյցներ ու փաստաթուղթեր ոչնչացուցած են:

Քաղաքացիական հագուստով թուրք ոստիկանները մինչեւ յանցագործութեան պահը հետեւած են Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթին:

Դեկտեմբեր 10-ին յայտնի դարձած է նաեւ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատարանի առաջ կը կանգնի թրքական ոստիկանութեան 26 նախկին սպայ:

Ինը տարի երկարող դատավարութեան ծիրէն ներս պաշտօնական մեղադրանք ներկայացուած է ոստիկաններուն` իրեն ցուցաբերած անփութութեան համար: Ոստիկաններու շարքին կան նախապէս բարձր պաշտօններ զբաղեցուցած անձիք: Նախապէս նոյն պաշտօնական մեղադրանքի հաստատումը Սթամպուլի դատարանները երկու անգամ մերժած էին: Այժմ կը սպասուի, որ դատարանը իր որոշումը հրապարակէ 15 օրուայ ընթացքին:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail