Հայաստան – Վրաստան Գործակցութեան Համաձայնագիր – Հայաստան – Վրաստան Գործակցութեան Համաձայնագիր
05 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած Թիֆլիս այցելող պատուիրակութիւնը երէկ` չորեքշաբթի, 4 մարտին աւարտեց իր աշխատանքները:
Երէկ երկու երկիրներու վարչապետները քննարկումները շարունակեցին անպաշտօն եւ համաձայնութիւն կայացուցին քաղաքացիներու փոխադարձ այցելութիւններու ընթացակարգերու դիւրացման շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բեռնափոխադրումներու առնչուող հարցերու լուծման:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, որ 3 մարտին հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ:
Նախարարները գոհունակութեամբ ընդգծեցին փոխադարձ յարգանքի եւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան վրայ հիմնուած հայ-վրացական երկխօսութեան առկայ մակարդակը: Անոնք կարեւոր նկատեցին մարդոց միջեւ կապերու դիւրացումը եւ հասարակութիւններու միջեւ կապի ամրապնդումը, որուն վերաբերեալ յուշագիր ստորագրեցին:
Զոհրապ Մնացականեան եւ Տաւիտ Զալքալիանի անդրադարձան շրջանային եւ միջազգային հրատապ հարցերու, «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ ձեռնարկուող միացեալ քայլերուն: Անոնք քննարկեցին շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան խնդիրներ: Այս պարունակին մէջ նախարար Մնացականեան ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման առնչութեամբ հայկական կողմին գնահատականները եւ դիրքորոշումները:
www.aztagdaily.com/archives/467200