Առաջին անգամը չէ, որ «Լ՛Օրիան Լը ժուր»-ը լրագրական բարոյականութեան կամ աւելի ճիշդը բովանդակային սխալներու տեղի կու տայ

11 դեկտեմբեր 2015

Առաջին անգամը չէ, որ «Լ՛Օրիան Լը ժուր»-ը լրագրական բարոյականութեան կամ աւելի ճիշդը բովանդակային սխալներու տեղի կու տայ:

Երէկուան թիւով «Լ՛Օրիան Լը Ժուր»-ի 11-րդ էջին տակ ծուարած սիւնակին երկրորդ լրատուութիւնը կը կրէ «Լեռնային Ղարաբաղ» խորագիրը. այդ խորագիրին ներքոյ առաջին պարբերութիւնը կ՛ըսէ. «Ազրպէյճանական բանակը երէկ օգտագործեց հրասայլեր հրթիռակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի անջատողական տարածքի ապստամբները. երեւոյթը (ըսել կ՛ուզուի հրասայլերու օգտագործումը) զինադադարի կնքումէն ետք քսան տարուան մէջ առաջին անգամն է, որ կ՛օգտագործուի, կ՛ամբաստանեն ապստամբներուն իշխանութիւնները»:

Լրատուութեան մնացեալ բաժինը կը վերաբերի ազրպէյճանցի մարդկային իրաւունքներու գործիչի մը ազատ արձակման:

«Անջատողական» եզրը ասկէ առաջ քանի մը տարբեր առիթներով տեղ գրաւած էր «Լ՛Օրիան»-ի էջերուն վրայ: Պատահած էր նաեւ, որ Ցեղասպանութիւնը չակերտուի նոյն թերթին մէջ: Հերթական անգամ «Լ՛Օրիան»-ի խմբագրութեան դիտել տրուած էր երեւոյթը. որոշ ժամանակի համար սխալները սրբագրուած էին, ապա աւելի ուշ վերադարձած էին անջատողականներն ու չակերտները: Չակերտները լուր պատճէնահանելու մեքենականութեամբ պէտք է բացատրել, որովհետեւ այլապէս «Լ՛Օրիան»-ը հանգամանաւոր անդրադարձած է Ցեղասպանութեան խնդիրին եւ նոյնիսկ յատուկ յաւելուած հրատարակած ընթացիկ տարին:

Լրագրական խոհանոցին ծանօթները կրնան ենթադրել, որ «Լ՛Օրիան»-ը քափի փէյսթ կ՛ընէ ԱՖՓ-ի լուրերը: Քափի փէյսթը սակայն կրնայ յանգիլ անցանկալի հետեւանքներու, երբ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկրի մը մէջ լոյս տեսնող թերթը չակերտէ Ցեղասպանութիւնը` վիրաւորելով ոչ միայն նոյն երկրի կարեւորագոյն եօթը համայնքներէն մէկը, այլ հակադրուելով ամբողջ երկիրը ներկայացնող խորհրդարանի որոշումին: Նոյնն է պարագան Ղարաբաղը անջատողական տարածք համարելը կամ պաշտօնական Ստեփանակերտը ապստամբներու իշխանութիւն անուանելը:

ԱՖՓ-ն քափի փէյսթ ըրած է ազրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրին հրապարակած լրատուութիւնը, «Լ՛Օրիան»-ն ալ ԱՖՓ-ինը: Այս արդէն կ՛ենթադրէ ոչ թէ յատուկ քաղաքականութիւն, այլ ըստ էութեան լրատուութիւններու պատճէնահանուած տարբերակներու շրջագայութիւն, որոնք կը բխին ազրպէյճանական ապատեղեկատուական մեքենաներէ:

Խմբագրութենէ խմբագրութիւն «Ազդակ» արդէն անհրաժեշտ բողոքի նշումը յղած է «Լ՛Օրիան»-ին: Կը մնայ, որ պատկան գրասենեակներն ու յանձնախումբերը այս հարցով զբաղին եւ «Լ՛Օրիան»-ի դիտել տան, յուսանք ակամայ, այնուամենայնիւ ազրպէյճանական ապատեղեկատուական ծուղակ ներքաշուած ըլլալու փաստը:

«Լ՛Օրիան»-ի խմբագիրները տարածաշրջանային խնդիրներու մասին գիտելիքի առումով յայտնաբար վերաորակաւորման կարիքը ունին: Բոլոր թերթերը կը կիրարկեն այսօր լուր պատճէնահանելու լրագրական մեքենայութիւնը: Պատճէնահանումը եթէ չուղեկցուի խմբագրական յղումներով, որոշ պարագաներու լուրին տեղեկատուական բաժինը առնելով եւ մեկնաբանականը կամ այս պարագային եզրաբանութեան խեղուած օգտագործումը դուրս մղելով, այդ պարագային տեղի կու տայ ոչ միայն անճշդութիւններու ու հակասութիւններու, այլ ուղղակի ծառայած կ՛ըլլայ տուեալ քարոզչամիջոցին հրապարակած այս պարագային ապատեղեկատուութիւնը տարածելու աշխատանքին:

«Լ՛Օրիան»-ը, վստահ ենք, որ ակամայ ներքաշուած է այս ծուղակին: «Լ՛Օրիան»-ի խմբագիրները անպայման պէտք է գիտնան, որ Արցախը Ազրպէյճանէն անջատուած չէ, եւ Արցախի ինքնորոշուած ժողովուրդը անջատողական ըմբոստներ չեն, ո՛չ ալ պաշտօնական Ստեփանակերտը` անջատողականներու իշխանութիւն:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail