Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօն Թորոնթոյի օդակայանին մէջ անձամբ դիմաւորած է Սուրիայէն ժամանող փախստականները, որոնց մէջ եւ սուրիահայերը

11 դեկտեմբեր 2015

Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտօն Թորոնթոյի օդակայանին մէջ անձամբ դիմաւորած է Սուրիայէն ժամանող փախստականները, որոնց մէջ եւ սուրիահայերը, կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը:

Գանատայի առաջին կառավարական օդանաւը Թորոնթօ բերած է 163 փախստական:

Վարչապետը առաջինը ողջունած է սուրիահայ Գէորգ Ժամկոչեանը, անոր կինը ու 16 ամսական դստերը` ըսելով. «Բարի գալուստ ձեր նոր տունը»: Ժամկոչեանը Թրիւթոյին ըսած է. «Մենք իսկապէս շնորհակալ ենք այս ջերմ հիւրընկալութեան եւ ողջոյնին համար: Մենք մեզի կը զգան ինչպէս մեր տունը: Մենք շատ տառապած ենք: Կարծես դժոխքէն եկած ըլլանք դրախտ»:

Ինչպէս կը հաղորդէ WashingtonPost-ը, Սուրիայէն ժամանած ընտանիքներուն բաժանուած են ձմեռնային հագուստներ եւ խաղալիք արջուկներ: Փախստականներով յաջորդ օդանաւը Գանատա պիտի ժամանէ արդէն Դեկտեմբեր 12-ին:

Գանատայի կառավարութիւնը մեծապէս մտահոգուած է սուրիացի փախստականներուն իր յարկին տակ ընդունելու գաղափարով: Մասնաւորապէս, վարչապետ Ճասթին Թրիւթօն մտադիր է մինչեւ 2016 թուականի Փետրուարի վերջը ընդունիլ 25 հազար սուրիացի փախստականներ:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail