Հայաստանը լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգի պիտի անցնի 2018-ին

11 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 205-15

Հայաստանը լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգի պիտի անցնի 2018-ին, երբ պիտի դադրին գործող նախագահի լիազօրութիւնները: Մինչ այդ, ՀՀ գործող նախագահը կը պաշտօնավարէ իր ողջ լիազօրութիւններով: Ըստ Armenpress-ի՝ ըսած է ԱԺ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան՝ մեկնաբանելով Սահմանադրութեան բարեփոխուած տարբերակի անցումային դրոյթները։

Ան ընդգծած է, որ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, որ պիտի իրականացուի արդէն նոր` բարեփոխուած Սահմանադրութեամբ, խնդիրներ պիտի չյառաջանան` կապուած գործող նախագահի լիազօրութիւններուն հետ: «Այդ հարցում մենք խնդիրներ չենք ունենայ, որովհետեւ անցումային դրոյթներում յստակ ամրագրուած է, որ հանրապետութեան նախագահը կ’աւարտի իր լիազօրութիւնները, որից յետոյ մենք կ’անցնենք լիարժէք խորհրդարանական կառավարման»,-­ ընդգծած է Պաղտասարեան:

Պատգամաւորը նշած է, որ մինչեւ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները հարկաւոր է իրականացնել բոլոր անհրաժեշտ օրէնսդրական փոփոխութիւնները` ընտրութիւնները կազմակերպելու համար: «Մենք այս դէպքում կարեւորում ենք ընտրական օրէնսգրքում կատարուելիք փոփոխութիւնները, որի վրայ բոլորը սեւեռուել են: Սակայն կան նաեւ դրան ածանցեալ այլ օրէնքներ եւս, կան նաեւ մայր օրէնքներ, որոնք պէտք է փոխուեն եւ համապատասխանեցուեն բարեփոխուած Սահմանադրութեանը»,-­ մանրամասնած է Պաղտասարեան: Ան ընդգծած է, որ պէտք է փոխուին բազմաթիւ օրէնքներ, որպէսզի Հայաստանի օրէնսդրական դաշտը լիովին համապատասխանեցուի բարեփոխուած Սահմանադրութեան: «Լինելու է օրէնսդրական փոփոխութիւնների մեծ փաթեթ, որի վրայ աշխատելու են լուրջ մասնագէտներ: Մինչեւ 2016թ. յունիս մենք պէտք է կատարած լինենք ընտրական օրէնսգրքում անհրաժեշտ փոփոխութիւնները, քանի որ դա յստակ ամրագրուած է բարեփոխուած Սահմանադրութեան տեքստում, իսկ դրանից յետոյ արդէն աստիճանաբար կատարենք միւս փոփոխութիւնները»,-­ եզրափակած է պատգամաւորը` դժուարանալով յստակ պատասխանել այն հարցին, թէ երբ հնարաւոր պիտի ըլլայ իրականանցել բոլոր փոփոխութիւնները` օրէնսդրական դաշտը բարեփոխուած Սահմանադրութեան համապատասխանեցնելու համար:

Հայաստանի մէջ հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017-ին: Ընտրութիւններ պիտի իրականացուին արդէն համապատասխան բարեփոխուած Սահմանադրութեան: Ընտրութիւններու աւարտէն ետք, երբ հնարաւոր պիտի ըլլայ ձեւաւորել կայուն մեծամասնութիւն, խորհրդարանը պիտի ընտրէ վարչապետ եւ պիտի ձեւաւորէ կառավարութիւն:

ՀՀ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւնները պիտի աւարտին 2018-ին, որմէ ետք արդէն խորհրդարանը պիտի ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը եւ անցնի լիարժէք խորհրդարանական կառավարման:

Նշենք, որ Դեկտեմբեր 6-­ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail