Սուրիական Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Կը Դնեն Հոմսի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին

Սուրիական Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Կը Դնեն Հոմսի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումին

06 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են Հոմս քաղաքի կեդրոնական շրջանին դէմ իսրայէլեան հրթիռային յարձակումի մը:

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնեց, որ նշմարուած է բռնագրաւեալ Պաղեստինէն Լիբանանի Սայտա քաղաքին ուղղութեամբ եկող իսրայէլեան պատերազմական օդանաւեր, որոնք լիբանանեան օդային տարածքէն քանի մը հրթիռներ արձակած են Հոմսի կեդրոնական շրջանին ուղղութեամբ:

Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողութեամբ դէմ դրած են հրթիռներուն. անոնցմէ ոչ մէկը հասած է իր թիրախին:

www.aztagdaily.com/archives/467402

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail