Հայոց Լեզուն Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը Պետութեան Հոգածութեան Եւ Պաշտպանութեան Ներքոյ Են

Հայոց Լեզուն Եւ Մշակութային Ժառանգութիւնը Պետութեան Հոգածութեան Եւ Պաշտպանութեան Ներքոյ Են

07 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄՇԱԿՈՅԹԱՅԻՆ:

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Կարդացէ՛ք Հայաստանի սահմանադրութեան 15-րդ յօդուածը, որ վերոյիշեալ վերնագրի բառերով յստակօրէն կը խօսի մեր լեզուի եւ մեր մշակոյթի վերաբերմամբ պետութեան պատասխանատուութեան մասին: Սահմանադրութիւնը կը մերժէ խտրականացնել լեզուի հարցը: Ան չի զանազաներ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական լեզուաճիւղերու միջեւ: Սահմանադրութեան մտասեւեռումը հայոց լեզուն է իր ամբողջական ժառանգութեամբ եւ ՎԵՐՋ: Իսկ հայոց լեզուն ունի երկու հաւասարազօր եւ անզուգական աշխարհաբար լեզուաճիւղեր, որոնք սերած են նոյն դասական լեզուի պիրկ արմատէն, զոր Մեծարենց հիացմունքով կոչած է «գրաբարի յուռթի շտեմարանը»: Աւելի ճշգրիտ` «շտեմարաննե՛րը», քանի որ անոնք մեծ են, անոնք շատ են, անոնք անյատակ են եւ անպարփակ:

Հիմա հարց տանք, թէ ինչո՞ւ` այս գրառումը: Քանի որ լրջօրէն մտահոգ եմ մեր լեզուի այսօրուան կացութեամբ: Կար ժամանակ, երբ տագնապով կը խօսէինք միայն սփիւռքի՛ լեզուական նահանջներուն մասին` միշտ ապահով զգալով, որ ամուր է մեր թիկունքը: Համոզուած ըլլալո՛վ, որ հայրենի հողին վրայ կենդանի է ան եւ նախանձախնդիր` իր կենսունակութեան: Այսօր արդէն (եւ անկախութեան իրաւակարգի՛ իսկ «պաշտպանութեան ներքոյ») հետզհետէ կը զրկուինք այդ ինքնավստահութենէն: Ի՞նչ պատահեցաւ:

Երբ կը կարդամ հայրենի մեր մամուլը կամ էջ առ էջ կը տողանցեմ համացանցային անհամար կայքերու տարածքներէն, կամ երբ կ՛այցելեմ պետական դիւանակալութեան գրասենեակները, յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ ահաւոր բան մը սկսած է տեղի ունենալ մեր լեզուին հետ: Ան սկսած է փայտանալ, սկսած է կորսնցնել իր բնատուր աւիշը: Բառերը մեր բառերն են, տառերը մեր գիտցած տառերն են, հնչիւնները, աղէ՛կ, մեզի հարազատ հնչիւններն են, բայց չկայ լեզո՛ւն: ՉԿԱՅ ԼԵԶՈՒՆ: Կայ օտար լեզուամտածողութիւնը, որ քայլ առ քայլ կ՛առեւանգէ մեզ: Կը պարպէ մեր լեզուն իր ինքնութենէն: Մեր ինքնութիւնն է, որ կ՛առեւանգուի: Եւ մեր լեզուն աստիճանաբար կը հեռանայ մեր էութենէն:

Մի՛ ընդվզիք: Ես մինչեւ երկինք կը յարգեմ այս պայքարին միւս կողմը գտնուող մեր բանաստեղծներն ու արձակագիրները: Մեր այն բժիշկներն ու գիտնականներն ու առհասարակ մեր լեզուի մաքրութեան նախանձախնդիր քաղաքացինե՛րը, որոնք աչքերէս արցունք կը բերեն իրենց վճիտ հայերէնով: Եւ ես կը սկսիմ վերստին շնչել, երբ կը մտնեմ մեր գիւղաշխարհը եւ կը լսեմ մեր տոհմիկ լեզուին հոգեմօտ բառերն ու հնչիւնները: Ասոնց մասին չէ իմ խօսքս: Ոչ ալ անպայման կ՛առարկեմ, երբ բացառաբար հոս ու հոն օտար բառեր կը ստիպուինք իւրացնել: Ես կը խօսիմ պետական մարմիններու յանցաւոր անփութութեան մասին: Ես կը խօսիմ ՀՀ քաղաքացիի յանցաւոր անտարբերութեան մասին: Աւելի վա՛տը` օտարամոլութեան մասին: Ստորակայութեան բարդոյթին մասին: Դարձեալ Մեծարենցի կիզող բառերով ` մեր «լեզուական արժանապատուութեա՛ն» մասին:

Հայոց լեզուի որակին, ընդոծին ճաշակին, ճշգրտութեան, գեղագիտութեան հանդէպ հպարտութեան բացակայութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ մեր անփառունակ եւ ամօթալի պարտութիւնը` մեր հաւաքական կեանքի ճակատագրական մարտահրաւէրներուն դիմաց: Լեզուն լաւ չսորվիլ, զայն բծախնդրութեամբ չգործածել, անոր վրայ չգուրգուրալ, անոր գանձերը ամէն օր աւելի արհամարհել` կը նշանակէ լեզուն յանձնե՛լ… իսկ լեզուն յանձնել` կը նշանակէ յանձնել մեր հողը: Զգաստացէ՛ք:

5 մարտ 2020

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

www.aztagdaily.com/archives/467439

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail