ԱՅՆՃԱՐԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՆՈՅՆ ՈԳԻՈՎ – Իմ համագիւղացի՝ Յակոբ Այնթապլեանը այս օրերուն Հայաստան է
07 ՄԱՐՏ 2020 –մեր համագիւղացին:

Իմ համագիւղացի՝ Յակոբ Այնթապլեանը այս օրերուն Հայաստան է։ Արդէն տուն ունի այստեղ եւ համոզուած է, որ հայութեան ապագան Հայաստանէն զատ ուրիշ տեղ չի կրնար ըլլալ։ Ինքն ալ օր մը հայրենիք պիտի հաստատուի…
Այնճարի ամէնէն յայտնի գիւղատնտեսներէն է Յակոբ եւ իր ցանած բանջարաղէնն ու կանաչեղէնը յայտնի են Լիբանանի ամբողջ տարածքին։ Անցնող քանի մը օրերուն արդէն հասցուցած է Տավուշի սահմանային գիւղերը այցելել եւ ծանօթանալ գիւղացիներու այգիներուն։
Միւս շաբաթ միասին Արցախ պիտի երթանք ու այցելենք Քաշաթաղի շրջանի մեր այգիները։
Յակոբի փորձը՝ իբրեւ գիւղատնտես, իր արդիւնքը պիտի նաեւ Հայրենիքի մէջ։ Յառաջիկային, եթէ Հայաստանի շուկային մէջ տեսնեք հայկական արտադրութեան արտիճուկ (արտիշոկ) եւ բակլայ, նոր տեսակի հազար եւ սմբուկ, գիտցէք, որ Յակոբի փոխանցած փորձն ու գիտելիքը կայ այդ բոլորին մէջ…

facebook.com/photo.php?fbid=10222337780575980&set=a.10200205527243479&type=3&theater