Էրտողան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Գաղթականներուն Առջեւ «Իր Դռները Բանալու»

Էրտողան Յունաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Գաղթականներուն Առջեւ «Իր Դռները Բանալու»

09 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

«Մամլո հաղորդագրություն — Արեւմտյան Հայաստանի Հանրապետութունը (Հայաստան) դիմել է ՄԱԿ Արեւմտյան Հայաստանի եւ Կիլիկիայի տարածքների ապառազմականացման, այնտեղից Թուրքիայի Հանրապետության բռնազավթիչ ուժերը դուրս բերելու վերաբերյալ»

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Յունաստանին կոչ ուղղեց` «դռները բանալու» Թուրքիայէն Յունաստանի ճամբով Եւրոպա ուղղուող գաղթականներուն առջեւ` զարմանք յայտնելով, որ ոչ ոք ձայն բարձրացուցած է «ապաստան խնդրողներուն հետ յունական իշխանութիւններուն ոչ մարդկային վարմունքը դատապարտելու»:

Ան յայտարարեց, որ այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներուն հետ` քննարկելու համար գաղթականներու հարցը:

Էրտողան մաղթեց, որ «Պելճիքայի մէջ ապաստան խնդրողներու տագնապին շուրջ Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարներուն հետ ժողովին մէջ այլ արդիւնքի» հասնի:

Թուրքիոյ նախագահը մէկ օր առաջ թրքական եզերապահ ուժերուն հրամայեց արգելք հանդիսանալ գաղթականներուն Թուրքիայէն Եգէական ծովը կտրելուն:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել դարձեալ մերժեց Թուրքիոյ կողմէ գաղթականները եւրոպացիներուն դէմ իբրեւ շանթաժի խաղաքարտ օգտագործելը:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատումը Եւրոպական Միութեան կարողութենէն վեր է: «Կ՛ուզենք շարժիլ մեր կարելիութիւններուն եւ ներուժին համաձայն, եւ կարողութիւնը չունինք Սուրիոյ մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտի հաստատելու», նշեց ան:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս իր կարգին յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ գաղթականներու տագնապին շուրջ գոյացած համաձայնութիւնը մեռած է:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտելռահման յայտնեց. «Թրքական սահմանապահ ուժերը Էրտողանի` գաղթականներուն դէպի Եւրոպա հոսքը արգիլել խոստանալէն ի վեր սպաննած են 448 քաղաքացիներ, ներառեալ` 80 երեխաներ:

GENOCIDE-© PHOTO – ARMENIAN GENOCIDE MUSEUM INSTITUTE
ARMENIAN GENOCIDE – DENIAL IS THE LAST ACT OF A GENOCIDE:

www.aztagdaily.com/archives/467723

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail