Հայ Դատին Զօրակցութիւնը Ունեցող Սմիթ Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց «Երիտթուրք» Ույղուրի Դէմ

Հայ Դատին Զօրակցութիւնը Ունեցող Սմիթ Ջախջախիչ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց «Երիտթուրք» Ույղուրի Դէմ

09 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅ ԴԱՏ:

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 3 Մարտին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն յատկանշական արդիւնքներէն մէկն էր Քալիֆոնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիսթի Սմիթի արձանագրած ջախջախիչ յաղթանակը «Երիտասարդ Թուրքեր» յայտագիրի հիմնադիր Չենք Ույղուրի դէմ։

Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Ույղուր, որ առնուազն մէկ միլիոն տոլար ապահոված էր իր ընտրապայքարին համար, կրցաւ քուէներուն միայն 5.3 տոկոսը ապահովել, մինչ Հայ Դատին զօրակցութիւնը վայելող Սմիթ ստացաւ քուէներուն 29 տոկոսը, 13 թեկնածուներ ունեցող ընտրապայքարին մէջ: Ան թեկնածու է նահանգին 25րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն, որոնց վերջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբերին։

«Իբրեւ Հայկական Հարցը ջատագովող կազմակերպութիւն, միշտ մօտէն կը հետեւինք եւ կը կը հակադարձենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու բոլոր փորձերուն։ 3 Մարտի ընտրութիւններուն արդիւնքը ցոյց կու տայ մեր համայնքին նուիրումին եւ ուժին մակարդակը», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Նշենք, որ 2018էն ի վեր Սմիթ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ կը ներկայացնէ նահանգին 38րդ ընտրատարածքը: Ան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ քուէարկած է եւ կոչ ըրած է երկրին գործադիր իշխանութիւններուն, որ հետեւելով Քոնկրեսի օրինակին՝ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

asbarez.com/arm/365720/Հայ-Դատին-Զօրակցութիւնը-Ունեցող-Սմիթ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail