Ռոյս Ատրպէյճանի Յարձակումներուն Գծով Ուորլիքի Հետ Լսումներ Պահանջեց

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն Հայ Դատի գործիչներու եւ քոնկրեսականներու միջեւ Դեկտեմբեր 8-9ին կայացած հանդիպումներուն աւարտին, Դեկտեմբեր 9ի երեկոյեան կայացած հաւաքին ընթացքին Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Էտ Ռոյս կոչ ըրած է, որ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի սաստկացող յարձակումներուն գծով լսումներ կազմակերպուին ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի հետ։

Քոնկրեսի շէնքին մէջ կայացած հաւաքին ընթացքին կատարուած այս կոչը շարունակութիւնն էր քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էլիըթ Էնկըլի կողմէ Ուորլիքին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հասցէագրուած առաջարկներուն, որոնց կը զօրակցին աւելի քան 80 քոնկրեսականներ։ Առաջարկներն են՝ արձակազէններու հեռացում շփման գիծէն, յարձակումներու պատասխանատուն բացայայտելու նպաստող սարքերու տեղադրում եւ ԵԱՀԿի յաւելեալ դէտերու հաստատում։ Հայաստան եւ Արցախ արդէն իսկ համաձայնութիւն յայտնած են այս պայմաններուն, սակայն Ատրպէյճան կ՛ընդդիմանայ անոնց։ Ռոյսի ելոյթը կարելի է դիտել https://youtu.be/fgpJhTxanDI կայքէջէն։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան իր կարգին ողջունեց Ռոյսի այս կոչը։

Արցախի անկախութեան նեցուկ կանգնելու նպատակով ամէն տարի կազմակերպուող այս ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը՝ Համբարեանի կողքին, ստանձնած էին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահներ Ռապըրթ Տոլտ եւ Ֆրանք Փալոն։ Նշեալներուն կողքին ներկայ էին նաեւ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Ճուտի Չու, Քեթրին Քլարք, Ճիմ Քոսթա եւ Տինա Թայթըս:

Սոյն ձեռնարկին կազմակերպման համար համագործակցած էին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանատունն ու Արցախի ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկահայ կազմակերպութիւններ, ներառեալ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Ամերիկայի հայկական համագումարը։

Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսներն էին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան։

Իր ելոյթին մէջ Միրզոյեան ներկայացուց Արցախի մէջ պետականաշինութեան գործընթացը՝ ընդգծելով, որ Արցախի ժողովուրդին անցած ուղին կը վկայէ, թէ անհնար է սահմանափակել ժողովուրդին ձգտումը՝ իր կամքով որոշելու իր ապագան եւ ճակատագիրը: Ան անդրադարձաւ նաեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ Ատրպէյճանի սադրիչ քաղաքականութեան հետեւանքով շփման գիծին վրայ ստեղծուած իրավիճակին:

«Արցախը հանդիսանում է կարեւոր աշխարհաքաղաքական գործօն տարածաշրջանում, որը նպաստում է կայունութեանն ու խաղաղութեանը: Անկախութեան տարիների ընթացքում ԼՂՀ ապացուցել է, որ հանդիսանում է վստահելի, կանխատեսելի եւ պատասխանատու գործընկեր՝ միջազգային հանրութեան համար, եւ հետեւողական է տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանմանն ուղղուած իր գործողութիւններում», ըսած է ան՝ եզրակացնելով, թէ ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնն ընդունի իրողութիւնը եւ ճանչնայ ազատ եւ ժողովրդավար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

Նշենք, որ Դեկտեմբեր 9ին Միրզոյեան անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Փալոնի եւ Տոլտի, ինչպէս նաեւ՝ քոնկրեսական Աննա Էշուի հետ, իսկ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեանի եւ յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Քէյթ Նահապետեանի ուղեկցութեամբ, ան հանդիպում մը ունեցաւ ծերակուտական Մարք Քըրքի հետ՝ քննելով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին եւ Ամերիկայի կողմէ Արցախին տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութեանց վերաբերող շարք մը հարցեր:
Chairman Ed Royce Announces Congressional Karabakh Briefing to Address Escalating Aggression

Ajoutée le 9 déc. 2015

A Capitol Hill celebration of Nagorno Karabakh’s commitment to peace – capping a two day Armenian National Committe of America (ANCA) pro-Artsakh advocacy campaign – featured a public call by Representative Ed Royce, Chairman of the powerful House Foreign Affairs Committee, for a special briefing with the U.S. Ambassador James Warlick – the State Department official responsible for the Nagorno Karabakh peace talks, reported the Armenian National Committee of America (ANCA).

The special briefing comes as a follow up to the October 26th Congressional letter addressed to Ambassador Warlick, initiated by Chairman Royce and Ranking Democrat Eliot Engel (D-NY) and cosigned by over 80 House colleagues, outlining three concrete steps to address escalating Karabakh violence, including the removal of snipers from the border, an increase in OSCE monitors and deployment of a gunfire direction finders.

Armenia and Nagorno Karabakh have both expressed support for these life-saving initiatives; Azerbaijan has not.

“Why are the snipers not pulled back? […] Why have we not deployed those special [gun fire] direction finders?” asked Chairman Royce, citing reports of unprecedented Azerbaijani tank fired shelling and high-powered rifle fire, which claimed the life of 24-year-old Garik Gurgen Avanesyan.

Chairman Royce concluded his remarks, noting “I retain hope that one day the people of Nagorno Karabakh will be able to live in peace, enjoying security and a flourishing trade with its neighbors in the region, and I give thanks to those of you here who are committed to that peace and who are committed to stay engaged to see that that happens.”

Watch his complete remarks here, then take action for #NKPeace by visiting: anca.org/nkpeace
ANCA – Armenian National Committee of America

www.asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail