Ոսկեպարի Մէջ Ատրպէյճանական Կրակոցներէն տուներ Վնասուած են

Ոսկեպարի Մէջ Ատրպէյճանական Կրակոցներէն տուներ Վնասուած են

Ոսկեպարի Մէջ Ատրպէյճանական Կրակոցներէն տուներ Վնասուած են

10 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՐՑԱԽ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ:

Մարտ 9-ի առաւօտեան հակառակորդը շարունակած է կրակել հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի Տաւուշի ուղղութեամբ: Ոսկեպարի գիւղապետ Սերոբ Մախսուդեան «Ռատիոլուր»-ին տեղեկացուցած է, որ կրակահերթեր արձակուած են, բայց գիւղը ուղիղ նշանառութեան տակ չէ եղած:

Ըստ գիւղապետին` կրակոցները աւելի շատ ստուգողական բնոյթ ունեցած են:

Իսկ երէկ՝ Մարտ 8–ին, ժամը մօտ 15:00-ին ատրպէյճանական կողմը գնդակոծած էր Ոսկեպարը: Գիւղապետին խօսքով` ատրպէյճանական զինուժը մօտ կէս ժամ գնդակոծած է գիւղը` հրաձգային զէնքերէ արձակելով 2 կրակահերթ, որուն հետեւանքով քանի մը տուն տարբեր աստիճանի վնաս կրած է, վնասուած է նաեւ բակի մէջ կայանուած մինքնաշարժ մը:

ARMENIA – voskeբar-DAVOUCH

yerakouyn.com/2020/03/09/ոսկեպարի-մէջ-ատրպէյճանական-կրակոցնե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail