Մնացականեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Ձեւաւորուած Է Բաւական Ընդգրկուն Համագործակցութիւն»
10 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Պրիւքսելի մէջ հայ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստան ունի չափազանց ընդարձակ օրակարգ, որ կը վերաբերի թէ՛ Հայաստանի ներքին բարեփոխումներուն եւ թէ՛ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի իրականացման:
«Եւրոպական Միութիւնը բաւական լուրջ օգնութիւն կը տրամադրէ Հայաստանին տարբեր ոլորտներու մէջ մեր բարեփոխումներուն համար: Այն 65 միլիոն եւրոն, որ տրամադրուած է 2019-ի համար, արդէն ունի իր բաշխման ուղղութիւնները, եւ այս համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Մենք օրակարգի վրայ ունինք հարցեր, որոնք կը վերաբերին մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հոլովոյթին, կան շրջանային հարցեր, կան հարցեր, որոնց շուրջ Եւրոպական Միութեան հետ ձեւաւորուած է բաւական ընդգրկուն համագործակցութիւն: Այս շրջանին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ձեւաւորուած է շատ աշխուժ երկխօսութիւն, շատ աշխուժ յարաբերութիւններ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան հետ», ընդգծեց նախարարը:
Ան կարեւոր նկատեց, որ հիմա կարելիութիւն ստեղծուեցաւ շարունակական պահելու Եւրոպական Միութեան հետ երկխօսութիւնը. «Մենք բաւարարուած ենք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի վաւերացման հոլովոյթէն. մնացած է 5 երկիր, որ պէտք է վաւերացնէ այդ համաձայնագիրը: Մենք շատ աշխուժ կ՛աշխատինք այդ երկիրներուն հետ»:
Անդրադառնալով նախկին իշխանութիւններու այն մտահոգութիւններուն, որ Ազրպէյճան մտադիր է այս տարի համաձայնագիր կնքել Եւրոպական Միութեան հետ, ուր Ղարաբաղին վերաբերող հատուածին մէջ պիտի կատարէ իրեն ձեռնտու ձեւակերպումներ, նախարար Մնացականեան շեշտեց, որ ասիկա նախկին, ներկայ կամ ապագայ իշխանութիւններու հարց չէ, այլ Հայաստանի հարցն է. «Ասիկա օրակարգային հարց է, կը վերաբերի շրջանին մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին, որ տեղի կ՛ունենայ միջազգայնօրէն ճանչցուած հարթակի` Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը եղած է եւ կը մնայ աջակից այդ հոլովոյթին: Մենք Եւրոպական Միութեան հետ ունինք մեր համաձայնագիրը, ուր արտացոլուած են մօտեցումները այս հարցին առնչութեամբ: Բնականաբար, կ՛ակնկալենք, որ այդ մօտեցումները կը վերաբերին ամբողջ շրջանին»:
www.aztagdaily.com/archives/467847