ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Թուլսի Կեպըրտ – «Կը Բաւէ՛ Քայիտայի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչները Ազատամարտիկ Կոչէք»

1. Թուլսի Կեպըրտ այս ուղերձի պահուն: 2. Կեպըրտ հազարապետի աստիճան կը ստանայ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Թուլսի Կեպըրտ – «Կը Բաւէ՛ Քայիտայի Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Ահաբեկիչները Ազատամարտիկ Կոչէք»

10 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Թեկնածու
Թուլսի Կեպըրտի Կտրուկ Ուղերձը` Բռնակալ Էրտողանի Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Շաբաթ, 29 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածու` դեմոկրատական Թուլսի Կեպըրտ, Սուրիոյ Իտլիպ շրջանին մէջ Թուրքիոյ ներխուժումին մասին հետեւեալ կտրուկ ուղերձը յղեց նախագահ Թրամփին եւ ՕԹԱՆ-ին: Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնեմ տեսերիզէն առնուած խօսքը (1). «Այս պահուս Ռուսիան մարտանաւեր կ՛ուղարկէ Սուրիա` պաշտպանելու համար զայն հիւսիսային Սուրիոյ մէջ թրքական յարձակումէն, որ կը գործադրուի միասնաբար անոր դաշնակից Քայիտայի կողմէ: Նախագահ Թրամփ պէտք է շատ յստակ պատգամ մը ուղղէ ՕԹԱՆ-ին եւ Թուրքիոյ Էրտողանին, որ Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-ին միջոցով պիտի չի ներքաշուին Ռուսիոյ հետ պատերազմի մը` ծայրայեղ իսլամ, յարձակողական եւ ծաւալապաշտ Թուրքիոյ բռնատէրին կողմէ:

1. Թուլսի Կեպըրտ այս ուղերձի պահուն:                                2. Կեպըրտ հազարապետի աստիճան կը ստանայ

«Զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է դադրի՛ն Իտլիպի մէջ գտնուող Քայիտան եւ անոր արբանեակ զինեալ խմբաւորումները իբրեւ «ապստամբներ» եւ խաբէական ճիգով մը զանոնք իբրեւ ազատամարտիկներ ներկայացնել: Ես եւ հազարաւոր ամերիկացիներ զինուորագրուեցանք`  ինը տասնմէկի (11 սեպտեմբեր 2001-ի) Ամերիկայի վրայ Քայիտայի յարձակումէն ետք: Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ Թրամփի վարչակարգին կողմէ Քայիտան յարատեւ շարունակուող «ազատամարտիկներ» պիտակաւորելը նախատել եւ անպատուել է մեր բոլոր տարազաւոր այրերը եւ կիները (բանակայինները) եւ ամբողջ մեր երկիրը:

«Թուրքիան տարիներով քուլիսներու ետին, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի ահաբեկիչներուն զօրավիգ կը կանգնէր, սակայն հիմա Թուրքիան ստիպողաբար վարագոյրին ետեւէն դուրս կու գայ եւ կը բացայայտէ իր տարիներու վրայ երկարող ճիգը` տապալելու համար Սուրիոյ կառավարութիւնը:

«Թուրքիոյ իսլամիստ Էրտողանը կ՛ուզէ իսլամական խալիֆայութիւն մը ստեղծել Սուրիոյ մէջ` վերահաստատելու համար իսլամական Օսմանեան կայսրութիւնը, եւ ան կը գործակցի Քայիտայի եւ այլ ահաբեկիչներու հետ` իրագործելու համար իր այս նպատակը: Ինք կ՛ուզէ դառնալ խալիֆան (Մոհամետ մարգարէի յաջորդը) իր ստեղծած իսլամական նոր խալիֆայութեան:

«Թուրքիոյ Էրտողանը մեր բարեկամը չէ՛, ան աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր բռնատէրերէն է, եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնն ու լրատուամիջոցները պէտք չէ օժանդակեն այս իսլամիստ մեծամոլին եւ անոր դաշնակից  Քայիտային:

«Ժամանակը վաղուց անցած է Քոնկրեսին կողմէ ընդունելու եւ որոշելու իմ ներկայացուցած «Դադրեցնել ահաբեկիչները զինել» օրինագիծը, որ պիտի արգիլէ մեր կառավարութեան` օժանդակել Թուրքիոյ նման երկիրներուն, որոնք կ՛օգնեն մեր թշնամիին` Քայիտային: Իւրաքանչիւր նախագահական թեկնածու պէտք է այս մասին իր կեցուածքը յայտնէ: Արդեօք իրենք զօրավիգ կը կանգնի՞ն իմ ներկայացուցած «Կասեցո՛ւր ահաբեկիչները զինել» օրինագիծին»:

Թուլսի Կեպըրտ ամերիկեան Սամոայէն, 1981-ի ծնունդ, Քոնկրեսին մէջ 2012-ին ընտրուած Հաուայի նահանգը ներկայացնող առաջին հինտու կրօնի հետեւող անդամն է եւ` Հաուայեան կղզիներու ազգային պահակագունդի հազարապետ: Ան 2004-2005 Իրաքի մէջ ծառայած է, ապա 2008-2009` Քուէյթի մէջ: Վարած է Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային վարչութեան փոխատենապետի պաշտօնը: Այժմ Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածուներէն է (2) :

Կեպըրտ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրանք Փալոնի հետ 20 սեպտեմբեր 2017-ին Արցախ այցելած էր (3): Խօսելով Արցախ կատարած իր առաջին այցելութեան մասին` ընդգծած էր, որ իբրեւ նախկին զինուորական` քաջ կը գիտակցի պատերազմի մէջ գտնուող ժողովուրդներուն կողմէ խաղաղութեան ընկալման արժէքը եւ, իբրեւ իշխանութեան ներկայացուցիչ, հետագային եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ արցախցիներու արդար պահանջին:

Կեպըրտ նշած էր, որ պատուով կը ներկայացնէ Հաուայ նահանգը, որ ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ Արցախի անկախութիւնը ճանչցող բանաձեւերը (4):

5 մարտ 2020

(1)  https://www.youtube.com/watch?v=eNHkHTRE0ao

(2) https://www.tulsi2020.com/

(3) http://www.aztagdaily.com/archives/365166

(4) http://www.aztagdaily.com/archives/425891

www.aztagdaily.com/archives/467796

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail