ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԴ

Before Jesus Christ - BCE - 1400._3320 Armenia and the Middle East

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները ԺԴ

10 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

//ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Յայտնապէս Կովկասի հարաւը գտնուող բարձրաւանդակին մէջ է (Հայաստան*), որ սուրերու իսկական պատմութիւնը սկսաւ, որ տեւեց ՔԱ շուրջ 2000-էն մինչեւ եւրոպական Վերածնունդը (ՔԵ 1500*): Կեդրոնական եւ արեւելեան Անատոլուի (Հայաստան*) մէջ սուրեր շինուած են արդէն երրորդ հազարամեակի սկիզբէն, եթէ ոչ ուշ` չորրորդ հազարամեակին», կ՛ըսէ Ռոպերթ Տրիւզ` աւարտելու համար իր «Ռազմականացում…» գիրքէն մէջբերումները (1): Իր` «Յոյներուն գալուստը. հնդեւրոպական տիրապետութիւնը Եգէականի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» գիրքէն թարգմանաբար կը ներկայացնեմ մարտակառքերու ծագումին մասին հատուածներ` էջ 100-էն 120 (2), ըստ հեղինակին շարուածքին, ուր երբեմն ժամանակագրական եւ տրամաբանական կարգը չէ պահպանուած:

Ռոպերթ Տրիւզի գիրքերէն երեքը` 1. «Եւրոպայի ռազմականացումը», 2. «Յոյներուն գալուստը», 3. «Հնադարեան հեծեալները»

Ինչպէս նախապէս նշած էի, կարելի չէ անտեսել այս յօդուածաշարքի նիւթին հսկայական պատմական ենթահողը, թելադրականութիւնը եւ կարեւորութիւնը, որոնց մասին ընդհանրապէս տեղեակ չենք, կամ լուսաբանուած չենք, որուն պատճառով պարտաւոր եմ յարակից պատմական նիւթեր ներառել, քանի որ արեւմտեան պատմագէտներուն մեծամասնութիւնը ուղղակի՛ կ՛անտեսէ հնադարեան պատմական Հայաստանը` փոխարէնը տալով զանազան անուններ:

Այս յօդուածաշարքին Ը. եւ ԺԲ. մասերով ներկայացուեցաւ 2002-ին պեղուած, ցարդ աշխարհի ամենահին լկամը` այն ալ երկու մասով ու երկաթէ դարէն առաջ` երկաթէ շինուած, պեղուած` Հայաստանի Վերին Նաւերի N1 դամբարանէն, որ կը պատկանի ՔԱ 2400-2300 ժամանակին, կամ` ՔԱ 24-23-րդ դար: Տրիւզ 1988-ին, երբ այս գիրքը գրեց, տակաւին այս եւ շարք մը այլ կարեւոր պեղումներ չէին կատարուած:

«Պատերազմի մէջ մարտակառքերու ազդու գործածութիւնը, որուն համար սանձի լկամը նախապայման է, չի թուիր, թէ սկսած է ՔԱ 17-րդ դարէն առաջ (սխալ եզրակացութիւն*): Դժբախտաբար այս ժամանակաշրջանին մասին շատ քիչ գրաւոր ապացոյցներ ունինք եւ` ռազմակառքերով պատերազմի մասին ո՛չ մէկ ժամանակակից գրաւոր պատմութիւն. սակայն բաւարար ապացոյցներ կան ենթադրելու համար, որ Եգիպտոսի մէջ (հիքսոսներու*) պատերազմի ընթացքին մարտակառք գործածուած էր ՔԱ 1650-ին (մինչ եգիպտացիները տակաւին մարտակառք չունէին*):

4. Ահմոս Ա. փարաւոնը կը վտարէ հիքսոսները:                                                    5. Քարաշամբի դամբարանէն պեղուած ոսկիէ զարդ ՔԱ 22-21-րդ դար:

Սըր Ֆլինտըրզ Փեթրի (1930-1934-ին*) եգիպտական Կազայի Թել Աժժուլի (այժմ` Պաղեստին*) պեղումներու ընթացքին յայտնաբերեց պրոնզէ լկամներ, որոնք իր կողմէ ճշդուեցան իբրեւ «հիքսոս»-ական, որ այժմ կը դասուի ՔԱ շուրջ 17-րդ դարուն: Մինչ Եգիպտոսի մէջ ձիու գոյութեան ամենահին ապացոյցը կմախք մըն էր, որ 1959-ին պեղուեցաւ Պուհենի ամրոցին փլատակներուն տակէն, որ քանդուած էր ՔԱ 1680-1640-ին (ըստ Պիեթաքի, աւելի ուշ` 17-րդ դարու վերջաւորութեան*): Ձին, որուն ծնօտին լկամի պատճառած մաշած ակռայ կար (մանր չափի ձի էր*), ենթադրաբար հիքսոսներու յարձակումներուն ընթացքին սպաննուած է: Անկասկած հիքսոսները մարտակառքեր եւ ձիեր ունէին, երբ ՔԱ 1550-ին վտարուեցան Եգիպտոսէն»:

Հիքսոսներու ծագումին մասին տակաւին անորոշութիւն կայ, սակայն նորագոյն վարկածը այն է, որ անոնք հիւսիսէն` արեւմտեան Ասիայէն եկան Եգիպտոս, ուր շուրջ 100 տարի տիրապետեցին հիւսիսային Եգիպտոսին եւ իրենց տրուած անունը բառացիօրէն կը նշանակէ` «Օտար լեռնային երկիրներու իշխողներ», եւ հաւանաբար անոնք միաձոյլ ազգ մը չէին: Մասնագէտներու կարեւոր մասը կը հաւատայ, որ անոնք Հուրրի` (հայերու) հնդեւրոպական ծագում ունէին: Անոնցմէ է անգլիացի պատմագէտ Մարթին Պերնալ (1937-2013), Քորնել համալսարանի փրոֆեսէօր, հեղինակ` 7 գիրքերու, որոնցմէ «Պլեք Աթինա. հնագիտական եւ արխիւային ապացոյցը» 736 էջ գիրքին մէջ, էջ 40, կը գրէ.

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ կարգ մը ուսումնասիրողներ կը մերժեն հիքսոսներուն հուրրիական ծագումը (որ կապ ունի հակասեմականութեան հետ: Անոնք, հիքսոսները սեմական էին կ՛ըսեն, որպէսզի իրենց հակասեմական պիտակ չտրուի… քանի որ հրեաները Հին կտակարանը կ՛առնեն իբրեւ պատմական աղբիւր եւ կը փորձեն հին եգիպտական եղելութիւնները այդպէս յարմարեցնել… Պերնալ գիրքի աւարտին, վերջին խօսքին մէջ կ՛ըսէ. «Ես «հակասեմական» պիտակուած պատմաբաններէ մէջբերումներ կատարած եմ, սակայն անոնք ցեղային հարցերու հետ որեւէ կապ չունին… ԿԸ ՏԵՍՆԷ՞Ք «ՀԱԿԱՍԵՄԱԿԱՆ» ՊԻՏԱԿԸ ՈՐՔԱ՜Ն ԿԸ ՍԱՐՍԱՓԵՑՆԷ ՊԱՏՄԱԲԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԶԱՆՈՆՔ ՍՏԵԼՈՒ ԿԸ ՄՂԷ…): Հիմա, երբ կը փաստուի, որ հուրրիներուն տարածումը սկսաւ ՔԱ 18-րդ դարուն, կը խորհիմ, որ անոնք կը սխալին եւ ապացոյցը կը մատնանշէ հիքսոսներուն հուրրիական ըլլալը, եւ հաւանաբար նոյնիսկ անոնց մէջ կար հնդկաիրանեան տարրը: Աւելի՛ն. հաւանաբար այս մէկը կապ ունի մարտակառքերուն հետ» (7): Այս բոլորին եւ հնադարեան հայ-եգիպտական կապերուն մասին` յաջորդիւ:

6. Ցարդ յայտնաբերուած աշխարհի ամենահին եւ կատարելագործուած, 2 մասով լկամը, Վերին Նաւեր, Հայաստան, ՔԱ 24-22 դար:

Տրիւզ կը շարունակէ. «Նաեւ պատճառ կայ հաւատալու, որ, ըստ երեւոյթին, մարտակառքերը կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան խեթերու թագաւոր Հաթթուսիլի Ա.-ի (ՔԱ 1650-1620*) մարտերուն եւ արշաւանքներուն ընթացքին: Սակայն ստոյգ է աւելի նոր` Թուտալիաս Բ.-ի յաղթանակին մասին գրութիւնը, ուր առանց շեփորելու` պարզօրէն նշուած է, որ ՔԱ շուրջ 1440-ին խեթերու մայրաքաղաք Հաթթուսաս գերի բերուած են 10 հազար հետեւակներ եւ 600 մարտակառքեր լման կազմով` քշողներ եւ վարպետներ:

«1930-ի կէսերուն Կերթրուտ Հերմէս (գերմանացի պատմաբան, հնագէտ, 1872-1942*) շարք մը ուսումնասիրութիւններով ցոյց տուաւ, որ մարտակառքը կտրականապէս հիւսիսային Եւրոպայի մէջ չէ կատարելագործուած, ինչպէս նախորդող պատմաբաններ կ՛ենթադրէին (3): Այս զարմանք պատճառող եզրակացութիւնը նախ ընդունելութիւն չգտաւ, սակայն հետագային մասնագէտներու կողմէ հաստատուեցաւ:

7. Եգիպտոս, Միտաննի, Հաթթի, Նայիրի եւ Հուրրիները ՔԱ 1400-ին

«Մարտակառքի եւ մարտակառքով պատերազմելու ծագումը» խորագիրով բաժինին մէջ, էջ 107, Տրիւզ կը գրէ. «Հին աշխարհի ձիու եւ մարտակառքի մասնագէտներուն մէկ կարեւոր թիւը եզրակացուցած են, որ մարտակառքը յառաջացաւ եւ զարգացաւ արեւելեան Անատոլիայի բարձրաւանդակին վրայ: Ամէնէն կարեւորը` Ֆրանզ Հանչար (աւստրիացի հնագէտ, 1893-1968, մասնագիտացած` պրոնզէ եւ երկաթէ դարերու, յատկապէս Խորհրդային Միութեան տարածքին մէջ*), մանրամասն եւ սպառիչ քննութեան ենթարկելով բոլոր կարելիութիւնները, եկաւ այն եզրակացութեան, որ ձիով քաշուող (ձիաքարշ) մարտակառքը ծագում առաւ արեւելեան Անատոլուի բարձրաւանդակին վրայ, մասնաւորապէս` Հայաստանի եւ Անդրկովկասի մէջ (4):

« … Ձիու եւ մարտակառքի մասնագիտական ուսումնասիրութիւններ Եգէականի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հաստատեցին Հերմէսի եւ Հանչարի եզրակացութիւնները: Ուստի, Ֆրից Շախըրմայըր (աւստրիացի պատմագէտ, փրոֆեսէօր, 1895-1987*) իր Միկենեան մարտակառքերու ծագումին մասին ուսումնասիրութեան ընթացքին փաստեց, որ անոնց հետքը կ՛առաջնորդէ դէպի  Հայաստանի լեռնաշխարհ («auf die Berglander Armeniens») (5): Եւ 1963-ին Ալպրեխթ Կէօթզ (գերմանացի-ամերիկացի փրոֆեսէօր, խեթագէտ, 1897-1971*) ամենայն պարզութեամբ եզրակացուց, որ բոլոր ապացոյցները կը մատնանշեն «Արարատի շրջանը, ուր, եթէ նոյնիսկ մարտակառքերը հոն չհնարուեցան, անոնք այնտեղ կատարելագործուեցան» (6): Ինչպէս կը նկատէք, այս եզրակացութիւններուն յանգած են տակաւին խորհրդային Հայաստանի ժամանակաշրջանին` առանց տեղեակ ըլլալու աւելի նոր կատարուած պեղումներուն մասին, որոնք կը վերահաստատեն կատարուած այս ուսումնասիրութիւններուն իրաւացի ըլլալը:

8. Մարզիկ փարաւոն Ամենհոթեփ Բ. եւ 9. իր հայկական մարտակառքով նետաձգութիւնը:

«Հայաստանի ձիաբանական ցուցանիշը 1950-ական թուականներուն բծախնդրօրէն եւ մանրամասնօրէն ներկայացուած է Ֆրանզ Հանչարի մեծածաւալ ուսումնասիրութեան մէջ (4): Այստեղ երեք պարզաբանող օրինակներ կ՛ընտրեմ. 1. Ձիեր, որոնք արժէքաւոր էին իրենց տէրերուն համար, որուն պատճառով արժանացած են խնամքով պատրաստուած թաղումի, ուր սատակին կ՛ընկերանային ընտիր իրեր եւ երբեմն ոսկեղէն: 2. Անդրկովկասեան լկամը արհեստագիտականօրէն գերադաս եւ աւելի՛ ազդու էր, քան` այլ հնամենի լկամներ, ինչ որ կը վկայէ ատոր առաջատար ըլլալը, աւելի եռանդուն ու կայտառ ձիեր բուծանելու եւ առաջնահերթութիւնը` աւելի գերադաս եւ ազդու սանձեր եւ կազմածներ զարգացնելու: 3. Վանայ լիճի արեւելքը գտնուած ՔԱ շուրջ 800-ի ուղիղ կանգնած քարի (սեպագիր*) արձանագրութիւնը, որ կը մատնանշէ այն վայրը, ուր Ուրարտուի թագաւոր Մենուա իր երկար ոտքերով Արշիպինի անուն (ըստ Էրեբունի թանգարանին` Արծիպի, Արծիւի, պ=ւ) ձիով հեռաւորութիւն ցատկելու մրցանիշ հաստատեց, որ ցարդ չէ նուաճուած ցատկելով 37 ոտք (22 քուպիթ, շուրջ 11,4 մեթր, ցարդ ամենամօտը 8,4 մեթր է*):

« … Շրջանին մասին նախնադարեան գրաւոր արձանագրութիւններու պակասին պատճառով հնադարեան Հայաստանի թէ՛ ձիերու եւ թէ՛ կառքերու` սայլերու մասին կարեւոր աղբիւրը միշտ հնագիտութիւնը եղած է: Նոյնիսկ դարուս (20-րդ*) առաջին տասնամեակներուն, ձիաբանական ուսումնասիրութիւնը, այս կապակցութեամբ, Հայաստանը իբրեւ հնագիտական ճոխ հանք` հարստութիւն ներկայացուց: Այստեղ (պեղումներով*) գտանք  ձիու պրոնզէ լկամներ, եղջերաւորներու ցարդ ամենահին պախուրցներ (սանձի կազմած), զանազան տեսակի կառքեր ու սայլեր եւ մեծ քանակութեամբ վաղեմի սանձի կազմածներ: Այս բոլոր հին մշակոյթի մնացորդները դամբարաններէ պեղուեցան, որոնց մեծամասնութիւնը մարդոց համար փորուած էին, սակայն պատկառելի թիւ մըն ալ` ձիեր թաղելու: Երբ մէկը քննէ արեւմտեան Ասիոյ ձիերու գործածութեան ամբողջ հնագիտական ապացոյցները, մասնագէտ մը` Կերթրուտ Հերմէս 1936-ին եզրակացուց, որ` «Անդրկովկասը իր աշխարհագրական կեդրոնն է»:

Հայաստան շինուած ՔԱ 15-րդ դարու եգիպտական մարտակառքը` Ֆլորենսի թանգարան:

Էջ 120-ի մէջ Տրիւզ կը վերադառնայ հիքսոսներուն եւ կը հաստատէ հետեւեալը. «… Թէ հիքսոսները, որոնք ՔԱ շուրջ 1650-ին Եգիպտոսը գրաւեցին, ուրկէ՞ առած էին իրենց մարտակառքերը եւ անոնց վարպետ մարտիկները, յայտնի չէ, սակայն արեւելեան Անատոլեան (Հայաստան*) անհաւանական չէ: Ասոր ամէնէն ուղղակի փաստը` Հայաստանի կարեւորութիւնը մարտակառքերու զարգացումին եւ արտադրութեան ուշ պրոնզէ դարուն, կու գայ եգիպտական դամբարաններէն, քանի որ Եգիպտոս (մարտակառքի*) անհրաժեշտ փայտերը (ծառեր*) չունէր, պէտք է ենթադրել, որ փարաւոնները կանոնաւորապէս արտասահմանէն կը գնէին շինուած մարտակառքեր, կամ` անոնց անհրաժեշտ փայտերը, մինչեւ որ այլեւս եգիպտացի ատաղձագործները հմուտ դարձան:

«Ամենհոթեփ Բ.-ի (ՔԱ 15-րդ դար) ժամանակաշրջանի դամբարանի մը մէջ գրութիւն մը կ՛ըսէ, որ փարաւոնին մարտակառքը բերուած է «Նահարինի երկրէն» (Միտաննէն` Հայաստանէն, ոմանք` «մի տուն»): Քանի որ Միտաննին անտառապատ չէր, կրնանք ենթադրել, որ փայտը եկաւ հիւսիսի լեռներէն: Ֆլորենսի հնագիտական թանգարանի ՔԱ 15-րդ դարու եգիպտական մարտակառքին փայտի քննութիւնը եզրակացուց, որ Հայաստանի մէջ շինուած է: Եթէ Եգիպտոս իր մարտակառքերուն համար Հայաստանէն կախեալ էր, ուրեմն բաւարար ենթահող կայ կասկածելու, որ մարտակառքերով պատերազմը Հայաստանէն եկաւ Եգիպտոս»:

16 փետրուար 2020
Շար. 14

* Լուսաբանութիւնները իմս

(1) «Militarism and the Indo-Europeanizing of Europe», Robert Drews, Taylor & Francis Group, London, 2017, ISBN 1138282723, 9781138282728, 284 pages.

(2) «The Coming of the Greeks: Indo-European Conquests in the Aegean and the Near East», Robert Drews, 1988, 1994, 2018, Princeton University Press, New Jersey, 280 pages.

(3) «Das gezahmte Pferd im alten Orient», Anthropos Journal, Gertrud Hermes, May-Aug 1936, էջ 387-388: «Ընտելացած ձին Արեւելքի մէջ»:

(4)  «Das Pferd», Franz Hancar,pp. 472-535  «Նախնադարեան եւ կանուխ պատմական ժամանակաշրջանի ձին», Ֆրանզ Հանչար («վիեննական ներդրումները մշակութային պատմութեան եւ լեզուաբանութեան», հատոր XI, 1955), Վերլակ Հերոլտ, Վիեննա-Միւնիխ, 1956:

(5)  «Streitwagen und Streitwagenbild im Alten Orient und bei den mykenischen Griechen», Fritz Schachermeyr, AnthroposBd. 46, H. 5./6. (Sep. – Dec., 1951), pp. 705-753: «Կառքը եւ կառքի երեւոյթը Հին Արեւելքի եւ միկենեացիներու ժամանակաշրջանին»:  https://www.jstor.org/stable/40449538?seq=1

(6)  «Warfare in Asia Minor»,  Albrecht Goetze,  Iraq, Vol. 25, No. 2 (Autumn, 1963), pp. 124-130: «Միջին Արեւելքի պատերազմներ», https://www.jstor.org/stable/4199742?seq=1

(7)  Black Athena: The archaeological and documentary evidence, Martin Bernal, 1987, Rutgers university press, New Jersey, 736 pages.

www.aztagdaily.com/archives/466803

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail