ՆԱՐԵԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ. ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍԻ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ՈՐՊԷՍ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՆ

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ - ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

ՆԱՐԵԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ. ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍԻ ԲՆԻԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ՈՐՊԷՍ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՆ

AGA-Tribunal
01.01.2020 – Գրքեր, հոդվածներ – Հայ Դատ:

Նարեկ Աբրահամեան, Լիբանանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող գեներալ, Բեյրութ

«Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի բնիկ ժողովուրդները որպէս տարածաշրջանի խաղաղութեան կարեւոր եւ հիմնական գործոն»

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի բնիկ ժողովուրդներու սերտ համագործակցութինն ու համագումարը որպես տարածաշրջանային խաղաղության գործիք

Բալկաններ, Մերձաւոր Արեւելք, Կովկաս տարածաշրջանը, ինչպէս վաղ ժամանակներուն, եղած է շրջանային եւ միջազգային ուժերու համար շատ կարեւոր աշխարհատարածք, երբ եղած է երկրագործութեան հիմնական տարածք, ընկալուած է որպէս սնունդի ռեսուրս, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ճամբայ, նաեւ մշակոյթներու փոխհարաբերութեանց ու արշաւանքներու ճամբայ, միշտ եղած է, ինչպէս այսօր, գերպետութիւններու միջազգային ուժերու հետաքրքրութեան կեդրոն եւ շահերու բախման աղբիւր:

Այդ պատճառով հակամարտող գերուժերը, միջազգային ուժերը, իրենց շահերը պաշտպանելու համար ունեցած են իրենց կողմնակիցները շրջանին մէջ՝ կամ համայնքային, կամ ազգային եւ կամ կրօնական դրութեամբ, եւ այդ հակամարտութեանց բեմ եղած է շրջանը, ինչպէս որ տեսանք շատ մօտիկ անցեալին եւ տակաւին նոյն խնդիրներուն մէջ ենք:

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի բնիկ ժողովուրդներու համագործակցությունն ու համագումարը կարող է նպաստել խաղաղ միջոցներով լուծելու շրջանի հակամարտութիւները: Ան նաեւ կըրնայ ըլլալ բարձր մակարդակի, այսինքն՝ շրջանի համայնքապետերու մակարդակով, նախագահներու մակարդակով, որպէսզի իր ծանրակշիռ ներդրումը ունենայ շրջանի խնդիրները լուծելու հարցերու մէջ:

Մենք՝ հայերս ըլլալով եւ շրջանի, եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, կարեւոր դեր ունինք միացնելու այս ժողովուրդներու, այս ուժերու կամքը այս համագումարին, որպէսզի կարենանք մեր շահերը եւ մեր իրաւունքները վերականգնել եւ մեր իրաւունքներու վերականգնումով ըլլալ խաղաղութեան պատգամաբերը շրջանին մէջ, եւ ընդհանրապէս բոլոր երկիրներուն համար:

Յուսանք, որ համագործակցության սոյն ծրագիրն ու առաջարկը, որուն ուղղութեամբ մենք յատուկ աշխատանքներ կը տանինք, արագ իրականութիւն դառնայ եւ դրական արդիւնքներ կ’արձանագրէ:

——————————-

Ծանոթագրություն

1. ՄԱԿ-ի «Բնիկ ժողովուրդների իրավունքների մասին» Հռչակագիր, 13 սեպտեմբեր 2007 թ․, Հոդված 3 «Բնիկ ժողովուրդներն իրավունք ունեն ինքնորոշման: Այդ իրավունքի շնորհիվ, նրանք ազատորեն սահմանում են իրենց քաղաքական կարգավիճակը եւ հաստատում իրենց սոցիալ-տնտեսական եւ մշակութային զարգացումը»:

2. Քեսաբը՝ Վաշինգտոնի եւ Մոսկվայի ուշադրության կենտրոնում, azatutyun.am, 29.03.2014։

3. Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարանի) պատգամավորների դիմումը Կիպրոսի Հանրապետության հյուսիսային մասի 45-ամյա բռնազավթման կապակցությամբ, http://nt.am/am/news/275012///?hayworld=

4. Արեւմտյան Հայաստանի Ազգային ժողովը (Խորհրդարանը) ողջունում է ասորիների խորհրդարանի ձեւավորումը, http://nt.am/am/news/272720/

——————————-

Համառոտագրություն

Բալկաններ, Մերձաւոր Արեւելք, Կովկաս տարածաշրջանը, ինչպէս վաղ ժամանակներուն, եղած է շրջանային եւ միջազգային ուժերու համար շատ կարեւոր աշխարհատարածք, երբ եղած է երկրագործութեան հիմնական տարածք, ընկալուած է որպէս սնունդի ռեսուրս, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ճամբայ, նաեւ մշակոյթներու փոխհարաբերութեանց ու արշաւանքներու ճամբայ, միշտ եղած է, ինչպէս այսօր, գերպետութիւններու միջազգային ուժերու հետաքրքրութեան կեդրոն եւ շահերու բախման աղբիւր:

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի բնիկ ժողովուրդներու համագործակցությունն ու համագումարը կարող է նպաստել խաղաղ միջոցներով լուծելու շրջանի հակամարտութիւները: Ան նաեւ կըրնայ ըլլալ բարձր մակարդակի, այսինքն՝ շրջանի համայնքապետերու մակարդակով, նախագահներու մակարդակով, որպէսզի իր ծանրակշիռ ներդրումը ունենայ շրջանի խնդիրները լուծելու հարցերու մէջ:

Մենք՝ հայերս ըլլալով եւ շրջանի, եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, կարեւոր դեր ունինք միացնելու այս ժողովուրդներու, այս ուժերու կամքը այս համագումարին, որպէսզի կարենանք մեր շահերը եւ մեր իրաւունքները վերականգնել եւ մեր իրաւունքներու վերականգնումով ըլլալ խաղաղութեան պատգամաբերը շրջանին մէջ, եւ ընդհանրապէս բոլոր երկիրներուն համար:

ՀԱՅՈՑ ԲՆՆՕՐԱՆ – Մենք Հայ ենք -ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀԸ

aga-tribunal.info/hy/narek_abrahamyan_1/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail