Կարօ Փայլան Կը Պաշտպանէ Բողոքական Քրիստոնեաներու Իրաւունքները

Կարօ Փայլան Կը Պաշտպանէ Բողոքական Քրիստոնեաներու Իրաւունքները

12 ՄԱՐՏ 2020 – ԱՇԽԱՐՀ – ՍՓԻՒՌՔ:

Երեսփոխան Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Ներքին գործերու նախարար Սիւլէյման Սոյլուին հարցագիր մը ուղղեց Բողոքական Քրիստոնեաներու Միութեան կողմէ հրատարակուած վերջին տեղեկագրի կապակցութեամբ։ Տեղեկագրին մէջ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութիւնը կը գանգատէր 2019 թուականի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ ապրող բողոքականներու իրաւունքներուն ոտնահարումէն եւ բողոքական քրիստոնեաներու դէմ ընդհանրապէս գործադրուած ատելութեան քաղաքականութենէն։

Տեղեկագրին մէջ ըսուած է որ բողոքական հոգեւորականներ կամ բողոքական համայնքէն անդամներ Թուրքիայէ վտարուած են, բողոքականներու չ՛արտօնուիր Թուրքիա գալ, բողոքականներու մուտքի վիզա կամ Թուրքիոյ մէջ բնակութեան արտօնութիւն չի տրուիր։

Կարօ Փայլան Ներքին Նախարարին յիշեցուց տեղեկագիրը եւ ուզեց որ նախարարը պատասխանէ հետեւեալ հարցումներուն.

– Ճի՞շդ են այն պնդումները թէ բողոքական կրօնաւորներ կ՚արտաքսուին կամ անոնց Թուրքիա մուտքի արտօնութիւն չի տրուիր։

– Ի՞նչ է պատճառը որ բողոքական քրիստոնեաներ Թուրքիայէն դուրս կը հանուին կամ անոնց ճամբորդելու իրաւունքը կը ոտնահարուի։

– Ներքին նախարարութիւնը պիտի որդեգրէ՞ երկրին մէջ անհատներու հաւասարութիւնը պաշտպանելու ու ատելութեան յանցանքները չքացնելու քաղաքականութիւն մը։

Նշենք որ Բողոքական Եկեղեցիներու Միութեան երկարաշունչ տեղեկագրին մէջ նշուած է թէ Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 170 բողոքական եկեղեցի ու համայնք կայ, որոնք գլխաւորաբար կը գտնուին Իսթանպուլի, Անգարայի ու Իզմիրի նման մեծ քաղաքներու մէջ։ Այս եկեղեցիներէն 26ը տուն-եկեղեցի է։ Թուրքիոյ բողոքականները կը տառապին իրաւունքներու ոտնահարումէն, անոնք հոգեւորական չեն կրնար հասցնել, կը ստիպուին գոհանալ հոգեւորականներով որոնք լաւ պատրաստուած չեն։

Yerakouyn.com/2020/03/12/կարօ-փայլան-կը-պաշտպանէ-բողոքական-քրի/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail