Երեւանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երեք Նոր Դէպք – Երեւանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երեք Նոր Դէպք

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ

Երեւանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երեք Նոր Դէպք – Երեւանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երեք Նոր Դէպք

12 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիմատետրի վրայ գրառում կատարեց եւ տեղեկացուց, որ Հայաստանի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի երեք նոր պարագայ արձանագրուած է: Երկուքը Հայաստանի քաղաքացի են` (45 եւ 27 տարեկան), մէկը` Իտալիոյ (51 տարեկան), որ կ՛աշխատի Հայաստանի մէջ: Երեքն ալ եկած են Իտալիայէն:

Ներկայիս կ՛ուսումնասիրուի, թէ անոնք որո՛ւ հետ կապի մէջ մտած են, որպէսզի այդ անհատները եւս մեկուսացուին:

«Կանխատեսելով քննադատութիւնները, թէ ինչո՛ւ Իտալիայէն թռիչքները դադրեցնելու որոշում չտուինք, ըսեմ, որ նման կարելիութիւն քանի մը անգամ քննարկած ենք եւ եկած ակնյայտ եզրակացութեան, որ հաւանական վարակակիրները կրնան Հայաստան գալ Իտալիոյ դրացի երկիրներէ` Ֆրանսա, Աւստրիա, քանի որ Եւրոպական Միութեան մէջ սահմանափակումներ չեն կիրարկուիր:

«Այսինքն` նոյն տրամաբանութեամբ պիտի փակէինք եւրոպական միւս ուղղութիւնները նոյնպէս, մանաւանդ որ նոր «Քորոնա» ժահրը կը տարածուի նաեւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ: Հիմա օդանաւային ընկերութիւնները իրենք որոշած են դադրեցնել թռիչքները Իտալիայէն», գրեց Փաշինեան:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ «Կոլտըն փալաս»-ի ժողովուրդը եւ առաջին յայտնաբերուած վարակակիրը լաւ են, գանգատ չունին:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ, կը խնդրեմ պահպանել հանգստութիւնը եւ պահպանել «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման միջոցներուն վերաբերեալ առողջապահութեան նախարարութեան խորհուրդները», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ

www.aztagdaily.com/archives/468181

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail