Չինաստան Իրանին 290 Հազար Տոլար Տրամադրած Է «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Համար Եւ Պատրաստ Է Նաեւ Իտալիոյ Օգնելու

Չինաստան Իրանին 290 Հազար Տոլար Տրամադրած Է «Քորոնա»-ի Դէմ Պայքարի Համար Եւ Պատրաստ Է Նաեւ Իտալիոյ Օգնելու

12 ՄԱՐՏ 2020 – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ:

Չինաստանը մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերած է Իրանին` 290.000 տոլար տրամադրելով երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի դէմ պայքարին համար:

Բացի ատկէ, Չինաստանը պատրաստակամութիւն յայտնած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ մարդասիրական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նաեւ Իտալիոյ: «Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է երկրի արտաքին գործոց նախարար Վան Ին` իտալացի գործընկեր Լուիճի տի Մայոյի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին:

«Մենք պիտի չմոռնանք այն աջակցութիւնը, որ Իտալիան ցուցաբերած է Չինաստանին համաճարակի` մեր համար դժուար ժամանակահատուածին մէջ: Այժմ մենք նոյնպէս պատրաստ ենք կանգնելու իտալացի ժողովուրդի կողքին», յայտարարած է Վան Ին` աւելցնելով, որ իրենք անպայման համաճարակին վրայ յաղթանակ պիտի արձանագրեն:

«Քորոնա» ժահրի օճախ չինական Հոպի նահանգին մէջ գլխաւոր մարզերու, ներառեալ փոխադրութեան մարզին մէջ աշխատանքի վերականգնումը արտօնուեցաւ, սակայն նահանգէն հեռանալը տակաւին արգիլուած է, եւ դպրոցները պիտի շարունակեն մնալ փակ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ իր անդամներէն 3-ը մահացած են «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց. «Գերմանացիներուն 70 առ հարիւրը «Քորոնա» ժահրով վարակուելու վտանգը կը դիմագրաւէ»:

Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, թէ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է:

Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ երկրին մէջ «Քորոնա»-ով վարակման առաջին պարագան արձանագրուած է, սակայն վարակման մէկ կամ երկու պարագաներու արձանագրումը չի նշանակեր, թէ ժահրը համաճարակի վերածուած է:

Շուէտի, Ալպանիոյ, Փանամայի եւ Ինտոնեզիոյ մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրի առաջին զոհերը: Միացեալ Նահանգներու մէջ ժահրին պատճառով մահացածներուն թիւը բարձրացած է 31-ի, իսկ վարակուածներունը` 1016-ի: Իսրայէլի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 77-ի, Փաքիստանի մէջ` 20-ի, Բրիտանիոյ մէջ 456-ի, Հոլանտայի մէջ` աւելի քան 500-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ` 7755-ի, Չինաստանի մէջ` 80778-ի:

Ժամայքայի, Պոլիվիոյ եւ Փարակուէյի մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին պարագաները: Հոլանտայի մէջ «Քորոնա» ժահրէն վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 503-ի, Եգիպտոսի մէջ` 60-ի:

Միացեալ Նահանգներու Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Նուիրուած Խորհրդաժողովը Ջնջուած Է «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Նիւ Եորքի իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ջնջած են «Զբաղիլ առեւտուրով «Քորոնա» ժահրի պայմաններուն մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը: Այդ որոշումը տրուած է Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդին կողմէ:

Խորհուրդը ջնջած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններուն մէջ ծրագրուած ձեռնարկները, ինչպէս նաեւ 11 մարտէն 13 ապրիլ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ ծրագրուած խորհրդաժողովները: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»:

Արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդը ջնջած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք ինքնաշարժներու տարեկան ցուցադրութիւնը: Ատիկա տեղի պիտի ունենայ օգոստոսին:

Նշենք, որ ամերիկեան Հարվըրտ համալսարանը «Քորոնա» ժահրին պատճառով առկախեց իր դասաւանդութիւնը:

www.aztagdaily.com/archives/468212

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail