Փենթակոն Կը Նշէ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ» Մատակարարելու Նախապայմանը

Փաթրիոթ-S-400

Փենթակոն Կը Նշէ Թուրքիոյ «Փաթրիոթ» Մատակարարելու Նախապայմանը

12 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիան ամերիկեան «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր պիտի չստանայ, մինչեւ չվերադարձնէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: «Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնական Ճոնըսըն Հոֆմըն:

«Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի դիրքորոշումը յստակ էր անոր նախարար դառնալէն ի վեր: Ատիկա հետեւեալն է` Թուրքիան «Փաթրիոթ» համակարգեր պիտի չստանայ, այնքան ատեն որ չէ վերադարձուցած «Էս-400»-ը», յայտարարած է Հոֆմըն մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Թուրքիոյ «Փաթրիոթ» մատակարարելու կարելիութեան շուրջ բանավէճը վերսկսած է սուրիական Իտլիպ նահանգին մէջ իրավիճակի սրումին լոյսին տակ:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս-400»-ներու գնման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը մեղմացած է: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներ այժմ միայն կը խնդրեն, որ «Էս-400»-ը չօգտագործուի:

Փաթրիոթ-S-400

www.aztagdaily.com/archives/468211

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail