ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 12 Մարտ 1918 – Թրքական զօրքերը վերագրաւեցին Կարինը Արեւմտահայաստանի կործանումէն ետք վտանգուեցաւ նաեւ Արեւելահայաստանը

12 Մարտ 1918 – Թրքական զօրքերը վերագրաւեցին Կարինը Արեւմտահայաստանի կործանումէն ետք վտանգուեցաւ նաեւ Արեւելահայաստանը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 12 Մարտ 1918 – Թրքական զօրքերը վերագրաւեցին Կարինը Արեւմտահայաստանի կործանումէն ետք վտանգուեցաւ նաեւ Արեւելահայաստանը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

12 Մարտ 1918.
Թրքական զօրքերը վերագրաւեցին Կարինը.
Արեւմտահայաստանի կործանումէն ետք վտանգուեցաւ նաեւ Արեւելահայաստանը

Ն. Պէրպէրեան

12 Մարտին, 1918 թուականին, Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դիմագրաւեցին մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ծանր ու օրհասական պահերէն մէկը։

Առաջին Աշխարհամարտէն պարտուած դուրս եկած թրքական զօրքը, Վեհիպ փաշայի հրամանատարութեամբ, մտաւ Կարին (Էրզրում) բերդաքաղաքը, որ իր ռազմաքաղաքական դիրքով կը հանդիսանար ամբողջ Անդրկովկասի տիրապետութեան բանալին։

Առաջին Աշխարհամարտը արդէն կը մօտենար իր աւարտին։
Պալքանեան եւ Արաբական ռազմաճակատներուն վրայ, թրքական բանակը ծանր պարտութիւն կրած էր եւ գլխակորոյս կը նահանջէր դէպի արեւելեան նահանգները։ Բայց թրքական ջախջախուած բանակին համար պատմութեան անիւը յանկարծակի շրջուեցաւ 1917ի Հոկտեմբերին, երբ Ռուսիոյ մէջ Լենինի պոլշեւիկները տապալեցին Քերենսկիի ժողովրդավարական իշխանութիւնը եւ հաստատեցին իրենց «պրոլետարական դիկտատուրա»ն…

Լենինի առաջին քայլը եղաւ Ռուսաստանը դուրս բերել Առաջին Աշխարհամարտէն։ Դեկտեմբերին հրապարակուեցաւ բոլոր ռազմաճակատներէն ռուս զինուորներուն «Տուն Դարձ»ը հրահանգող Լենինի կոչը։ Երկինքէն մանանայ ինկաւ թրքական ցիրուցան զօրքին համար, որ իր հմուտ հրամանատարութեամբ վերջ տուաւ նահանջին եւ, ընդհակառակն, իր ուժերը հաւաքելով ու թուրք-քիւրտ կրօնամոլ զանգուածները զինելով՝ վերակազմակերպուեցաւ եւ ընդհանուր գրոհի ձեռնարկեց դէպի Անդրկովկաս, Պաքուի նաւթային պաշարներուն հասնելու եւ պարտութեան մատնուած գերմանական զօրքերուն այնքան կենսական վառելանիւթ հասցնելու համար։

Ռուսական զօրքերուն «Տուն Դարձ»ը ծանրագոյն անդրադարձ ունեցաւ յատկապէս հայ ժողովուրդին վրայ, որ իր կամաւորական գունդերը միաւորող Հայկական Զօրաբաժնով (Կորպուսով) պարտաւորուեցաւ առանձինն պաշտպանել կովկասեան ամբողջ ռազմաճակատը՝ թրքական վերակազմեալ զօրքերու ընդհանուր յարձակողականին դէմ։

Չբաւարարուելով ռուսական զօրքի ռազմաճակատէն հեռացումով՝ պոլշեւիկեան նորահաստատ իշխանութիւնները նախ գերմանացիներուն հետ (Պրեսթ-Լիթովսկիի մէջ), ապա եւ թուրքերու հետ (Տրապիզոնի մէջ) գաղտնի թէ բացայայտ բանակցութիւններով ու գործարքներով՝ հիմնական փոփոխութիւն մտցուցին իրենց մեծապետական ռազմավարութեան մէջ։

1918ի առաջին օրերէն սկսեալ, խորհրդայինները գործակցութեան ձեռք երկարեցին պատերազմը կորսնցուցած թուրքերուն։ Զէնք-զինամթերքով եւ քաղաքական ու տնտեսական օժանդակութեամբ սատարեցին դէպի արեւելեան ներքին գաւառները ցիրուցան նահանջող թրքական զօրքերու վերախմբումին եւ վերակազմակերպումին՝ այսպէս կոչուած «կայսերապաշտ» Դաշնակիցներուն յաղթարշաւը կասեցնելու առաջադրանքով։

Թրքական զօրքերը կատաղի թափով գրոհի ձեռնարկեցին՝ հայեւթրքական պատերազմի դաշտի վերածուած թուրքեւռուսական ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին։ Վրացիք խոստացան իրենց զօրքերը ռազմաճակատ ուղարկել, բայց միայն խօսք մնացին անոնց խոստումները։ Իսկ Անդրկովկասի թաթար-թուրք զինեալ ուժերը պարզապէս ուրախութեամբ իրենց ձեռքերը շփեցին՝ սպասելով թրքական զօրքի Պաքու ժամանումին։

12 Մարտ 1918 – Թրքական զօրքերը վերագրաւեցին Կարինը Արեւմտահայաստանի կործանումէն ետք վտանգուեցաւ նաեւ Արեւելահայաստանը

Պատմութեան հեգնական խաղերուն ամէնէն օրհասական պահերէն մէկն էր պատահածը։

– Պոլշեւիկ Ռուսաստանը արտաքին ճակատի վրայ զինադադարի պէտք ունէր, որպէսզի հաշուեյարդար կատարէր իր ներքին հակառակորդներուն հետ։

– Ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիտանկիւնէն՝ օսմանեան տիրակալութեան ամէն դիրք կորսուած էր Պալքաններու եւ Արաբական Աշխարհի մէջ։ Թրքական տիրակալութեան վերականգնման միակ ելքը կը նկատուէր այսպէս կոչուած «արեւելեան Անատոլու»ի՝ նոյնի՛նքն Արեւմտահայաստանի հողին վրայ թուրք ազգայնական պետութեան մը ստեղծումը, որուն կենսագործման համար ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունէր մինչեւ Պաքու տարածուած համաթրքական քաղաքական ամբողջութեան կայացումը։

– Պահը օրհասական էր յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետեւած տարագրութեան եւ ցեղասպանութեան հարուածը կը փորձէր դիմագրաւել՝ ռուս-թրքական ռազմաճակատի երկայնքին հայ կամաւորական շարժումը կեանքի կոչելով եւ հետագայ հայ ազգային բանակի կենսատու կորիզը հիմնելով։

Ռուս Ցարական Բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գործելով՝ 1915ի աշնանամուտէն սկսեալ, հայ կամաւորական գունդերը կրցած էին, մեծ զոհաբերութեանց գնով, թիզ առ թիզ ազատագրել Արեւմտահայաստանը, հասնիլ մինչեւ Տրապիզոն եւ սպայակազմի կեդրոնը հաստատել Կարնոյ մէջ՝ հայրենի հողերը գրեթէ ամբողջութեամբ վերաբնակեցնելով գաղթական հայութեամբ։

Արեւմտահայաստանի վերատիրացման ազգային մեծ երազն էր, որ մահացու հարուած կը ստանար ահա այդպէս՝ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի ի նպաստ ազգայնամոլական Թուրքիոյ դիմաշրջումով։

Հայասպանութիւնը «ամբողջացնելու» թրքական ազգայնամոլներու կատաղութեան դէմ յանդիման առանձինն մաքառելու օրհասին կը դատապարտուէր կամաւորական գունդերու վրայ հիմնուած նորակազմ Հայկական Զօրաբաժինը։

Մարտի սկզբնաւորութեան սկսաւ թրքական ընդհանուր յարձակողականը, որուն դէմ հայ զօրայիններու անհաւասար ուժերով, բայց հերոսական դիմադրութիւնը ղեկավարելու ծանր պատասխանատուութիւնը դրուեցաւ Անդրանիկի ուսերուն։

Ինչպէս այդ օրերու հայ կամաւորական գունդերու գլխաւոր հրամանատարները՝ զօր. Նազարբէկեանի օրինակով արհեստավարժ բանակայիններ ըլլային անոնք թէ Մուրատի եւ Սեպուհի փորձառութեամբ դաշնակցական խմբապետներ, բոլորն ալ կը գիտակցէին, որ սեփական ուժերով անհնար պիտի ըլլար ամբողջ ռազմաճակատը պաշտպանել։

Ժամանակակիցներու յուշերը կը հաստատեն, որ դժուարին այդ կացութեան դէմ յանդիման, Անդրանիկ եւ հայ հրամանատարները ակամայ որդեգրեցին ԴՐՕի առաջարկած ռազմավարութիւնը, որ կազմակերպուած նահանջն էր դէպի Արարատեան Դաշտ, որպէսզի ամէն ինչ կորսնցնելու փոխարէն՝ կարելի ըլլար փրկել կարելի նուազագոյնը։

Այդպէ՛ս, հայկական զօրքերն ու ազատագրեալ Արեւմտահայաստանը վերաբնակեցուցած հայութիւնը բռնեցին արագ նահանջի ճամբան։

Թրքական զօրքերը նախ գրաւեցին Երզնկան, ուրկէ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող հայկական ուժերը սկսան նահանջել։ Ռազմաճակատի պարպումէն խրախուսուած՝ Մարտ 12ին թրքական բանակը ամբողջական իր տիրապետութեան տակ առաւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ներկայացնող հայոց հինաւուրց բերդաքաղաք Կարինը (Էրզրումը)։

Այնուհետեւ միայն շաբաթներու հարց եղաւ թրքական զօրքին յառաջխաղացքը դէպի Սարիղամիշ, Կարս եւ Ալեքսանդրապոլ, որ 15 Մայիս 1918ին ինկաւ թուրքերու ձեռքը։

Պատմական ծանրակշիռ նշանակութեամբ այդ իրադարձութիւններուն քաղաքական արժեւորումը կատարելով՝ Սիմոն Վրացեան իր «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» գործին մէջ հետագային պիտի նշէր.-

«Էրզրումի անկումով փաստօրէն ամբողջ Թիւրքահայաստանը նորից անցաւ թիւրքերի ձեռքը։ Ճիշտ է, Ալաշկերտ-Խնուս-Վան տարածութիւնը դեռ գրաւուած չէր, բայց նրա ճակատագիրն էլ որոշուած պէտք էր համարել։ Թիւրքահայկական գաւառները նորից դարձան աւերակ եւ անմարդաբնակ։

«Պատերազմը փոխադրւում էր ռուսահայկական հողերի վրայ։ բնաջնջման սպառնալիքը կախւում էր եւ հայութեան երկրորդ հատուածի գլխին։ Կռիւը ո՛չ միայն ըստ էութեան, ձեւականօրէն էլ ստանում էր հայ-թիւրքական բնաւորութիւն։ Այսուհետեւ բացառապէս հայ ժողովրդից էր կախուած պատերազմի վախճանը։ Անդրկովկասեան իշխանութիւնը ո՛չ միայն չէր նպաստում պատերազմին, այլեւ իր վարանոտ ու հակասական քայլերով եւ ներքին հակամարտութիւններով աւելի եւս թուլացնում էր ճակատի պաշտպանութեան գործը»։

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail