Իրանի Մէջ Բնակող ՀՀ Քաղաքացիութիւն Չունեցող Հայերը Հայաստան Տեղափոխուելու Ցանկութիւն Յայտնած Են

Իրանի Մէջ Բնակող ՀՀ Քաղաքացիութիւն Չունեցող Հայերը Հայաստան Տեղափոխուելու Ցանկութիւն Յայտնած Են

13 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

ՀՀ սփիւռքի յանձնակատարի գրասենեակ դիմած են Իրան բնակող, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող հայեր՝ Հայաստան տեղափոխուելու համար: Պետութիւնը կը փորձէ անոնց օգնելու ձեւաչափ գտնել:

Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման հարցերով յանձնաժողովի նիստէն ետք՝ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնած է յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:

«Սփիւռքէն դիմումներ կան, սակայն շատ քիչ: Անձ կայ, որ Իրան կը բնակի, ՀՀ քաղաքացի չէ, եւ կ՝ուզէ որեւէ ձեւով Հայաստան գալ: Կը փորձենք այդ մարդոց օգնելու ձեւաչափ գտնել, սակայն դժուար է օգնել այն իմաստով, որ քաղաքացի չեն: Եւ մենք այն աստիճանի պարտաւորութիւն չունինք, ինչպէս ունինք ՀՀ քաղաքացիներու նկատմամբ»,- ըսած է Սինանեանը:

Յատկապէս կը դիմեն Իրանէն: 5-էն քիչ դիմած են: Յանձնակատարը վստահեցուցած է, որ կը փորձեն այդ մարդոց օգնելու ձեւաչափ գտնել, սակայն դեռ չունին:

Կիրակի օրը Իտալիայէն Հայաստան պիտի տեղափոխուի ՀՀ 100 քաղաքացի:

ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ – ԴԵՊԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵՌՆԱՇԽԱՐՀ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆՆՕՐԱՆ «ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ»

yerakouyn.com/2020/03/13/իրանի-մէջ-բնակող-հհ-քաղաքացիութիւն-չո/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail