Պսակաւոր Ժահրը Կանխարգիլելու Համար Հայաստան Ուղարկուած Են Բժշկական Պարագաներ

Պսակաւոր Ժահրը Կանխարգիլելու Համար Հայաստան Ուղարկուած Են Բժշկական Պարագաներ

Պսակաւոր Ժահրը Կանխարգիլելու Համար Հայաստան Ուղարկուած Են Բժշկական Պարագաներ

13 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ: /Պսակաւոր ժահրի (COVID-19)/

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի գրասենեակը արձագանգելով` ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի խնդրանքին, Հայաստան ուղարկած է մեծաքանակ բժշկական պարագաներ:

Պսակաւոր ժահրի (COVID-19) տարածման վտանգը կանխելու, իսկ տարածման պարագային իրավիճակը վերահսկելի դարձնելու նպատակով Հայաստան ուղարկուած է մեծ քանակով կանխարգելիչ, պաշտպանիչ, ինչպէս նաեւ ախտահանիչ բժշկական պարագաներ, ներառեալ` բժշկական պաշտպանիչ հանդերձանք, դէմքի շնչառական դիմակներ, ախտահարիչ հեղուկներու համար յատուկ շիշեր, ախտահանիչներ, պաշտպանիչ ակնոցներ, թուային ջերմաչափեր եւ այլ միջոցներ:

Փետրուար 28-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է պսակաւոր ժահրով վարակուած առաջին դէպքը: Այս պահուն Հայաստանի մէջ արձանագրուած է Պսակաւոր ժահրի 8 դէպք:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Պսակաւոր ժահրը յայտարարած է համաշխարհային համաճարակ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը ձեռնարկէ համապատասխան միջոցներ Հայաստանի մէջ ժահրի հնարաւոր տարածումը կանխելու համար:

Պսակաւոր Ժահրը Կանխարգիլելու Համար Հայաստան Ուղարկուած Են Բժշկական Պարագաներ

yerakouyn.com/2020/03/13/պսակաւոր-ժահրը-կանխարգիլելու-համար-հ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail