Կրթական Հաստատութիւնները Մինչեւ Մարտ 23 Փակ Պիտի Մնան

Կրթական Հաստատութիւնները Մինչեւ Մարտ 23 Փակ Պիտի Մնան

13 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Պսակաւոր ժահրի (COVID-19):

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր յայտարարեց, որ առնուազն մինչեւ Մարտ 23 կրթական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան:

«Մարտ 18-ին, 19-ին կրկին պիտի անդրադառնանք այս թեմային, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, դարձեալ պիտի երկարաձգենք»,- ըսաւ ան:

Վարակուածները կը գտնուին Նորքի ինֆեկցիոն հիւանդանոցին մէջ: Միայն մէկը, որ թոքաբորբով հիւանդ է, ջերմութիւն ունի, մնացած 7-ը գանգատներ չունին:

Վերջին 4 հոգին կապ ունին վարակուած Էջմիածինի քաղաքացիին հետ եւ մեկուսացման մէջ էին։

Վարչապետը տեղեկացուց նաեւ, որ այսօր կը հետազօտուին Մարտ 1-ին մեկուսացման մէջ գտնուող քաղաքացիները.

«Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ անոնց մօտ ախտորոշումը բացասական ըլլայ ու անոնց պիտի ուղեկցինք իրենց տուները»:

yerakouyn.com/2020/03/13/կրթական-հաստատութիւնները-մինչեւ-մար/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail