Հայաստանը Կը Զօրացնէ Ներքին Ջանքերու Զօրաշարժը՝ Վրաստանի եւ Իրանի Հետ Սերտ Համակարգումով. Զոհրապ Մնացականեան

ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Զոհրաբ Մնացականյան

Հայաստանը Կը Զօրացնէ Ներքին Ջանքերու Զօրաշարժը՝ Վրաստանի եւ Իրանի Հետ Սերտ Համակարգումով. Զոհրապ Մնացականեան

13 ՄԱՐՏ 2020 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ:

ՀՀ ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան Twitter-ի իր էջով անդրադարձած է ՀՀ-ի մէջ պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման քայլերուն։

«Պսակաւոր ժահրի արդիւնաւէտ կանխարգիլման նպատակով՝ Հայաստանը կը զօրացնէ ներքին ջանքերու զօրաշարժը՝ հարեւան Վրաստանի եւ Իրանի հետ սերտ համակարգումով:

Մշտական կապի մէջ եմ գործընկեր Տաւիտ Զալգալիանիի հետ՝ խթանելու համատեղ պաշտպանական քայլերը: Յետագայ համատեղ գործողութիւններ կը սպասուին Իրանի հետ»,- գրած է Մնացականեան:

Նշենք, որ Մարտ 12-ի, ժամը 10.13-ի դրութեամբ, ողջ աշխարհի մէջ հաստատուած է պսակաւոր ժահրով վարակման 126,254 դէպք, որուն 4637-ը՝ մահուան, եւ 68,266-ը՝ առողջացման:

Եւրոպայի մէջ, աւելի քան 9000 յայտաբերուած վարակակիր կայ, որուն 2/3-ը բաժին կը հասնի Իտալիային, վարակման աւելի քան 700-ական դէպք արձանագրուած է Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ։ Առաջին անգամ ժահրը յայտնաբերուած է նաեւ Մոլտովայի մէջ։

Հայաստանի մէջ, այս պահուն, կայ պսակաւոր ժահրի հաստատուած 6 դէպք։

ՀՀ արտաքին գործերի նախարար Զոհրաբ Մնացականյան

yerakouyn.com/2020/03/13/հայաստանը-կը-զօրացնէ-ներքին-ջանքերու/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail