ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ (Սողոմոնեան, 1897-1937) Հայաստանի «արեւահամ» խորհուրդին Բանաստեղծը Հանճարեղ Յեղափոխականին փառքն ու ողբերգութիւնը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ (Սողոմոնեան, 1897-1937)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ (Սողոմոնեան, 1897-1937) Հայաստանի «արեւահամ» խորհուրդին Բանաստեղծը Հանճարեղ Յեղափոխականին փառքն ու ողբերգութիւնը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՆԱԽՈՐԴԸ:

Յուշատետր

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ (Սողոմոնեան, 1897-1937).
Հայաստանի «արեւահամ» խորհուրդին Բանաստեղծը.
Հանճարեղ Յեղափոխականին փառքն ու ողբերգութիւնը

Ն. Պէրպէրեան

Մարտ 13ին հայ ժողովուրդը աշխարհի չորս ծագերուն կը նշէ ծննդեան տարեդարձը «Անոյշ Հայաստանի արեւահամ բառը» աշխարհով մէկ յաւերժացուցած անզուգական Եղիշէ Չարենցի։

Չարենցի արարած այդ մէկ հատիկ բառն իսկ՝ Հայաստանի «արեւահամ» խորհուրդն ու յուզաշխարհը բանաձեւող ու անմահացնող անոր յայտնատեսութիւնն ինքնին բաւարար եղաւ, որպէսզի Չարենց արժանանայ հայոց սերունդներու պաշտամունքին ու հպարտութեա՛ն։

Հայ ժողովուրդի բազմաչարչար պատմութեան, նոյնինքն 1915ի Արհաւիրքին ու 1918ի Յարութեան, այլեւ համառուսական մեծ յեղափոխութեան ագուցուած հայ քաղաքական «այգաբաց»ի հանճարեղ երգիչին՝ Չարենցի ստեղծագործական յորդառատ վարարումին միայն սկզբնաւորումը եղաւ երիտասարդ տարիքին անոր ստեղծագործած «Տաղարան»ը զարդարող «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, ուր «արեւահամ»ի կողքին՝ ազգային մեր ինքնաճանաչողութիւնը խորացնող պատկերաւոր խոհերու եւ յոյզերու ամբողջ աշխարհ մը բացող իր յայտնագործումներով՝ Չարենց հարստացուց հայ ժողովուրդին հոգեմտաւոր գանձարանը այսպէ՛ս.-

Ես իմ անոյշ Հայաստանի արեւահամ բառն եմ սիրում,
Մեր հին սազի ողբանուագ, լացակումած լարն եմ սիրում,
Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման,
Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում։

Սիրում եմ մեր երկինքը մուգ, ջրերը ջինջ, լիճը լուսէ,
Արեւն ամրան ու ձմեռուայ վիշապաձայն բուքը վսեմ,
Մթում կորած խրճիթների անհիւրընկալ պատերը սեւ,
Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում։

Ո՛ւր էլ լինեմ – չե՛մ մոռանայ ես ողբաձայն երգերը մեր,
Չե՜մ մոռանայ աղօթք դարձած երկաթագիր գրքերը մեր,
Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խոցեն արիւնաքամ վէրքերը մեր –
Էլի՛ ես որբ ու արնավառ իմ Հայաստան-եա՛րն եմ սիրում։

Իմ կարօտած սրտի համար ո՛չ մի ուրիշ հեքիաթ չկայ․
Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ․
Աշխա՜րհ անցի՛ր, Արարատի նման ճերմակ գագաթ չկայ․
Ինչպէս անհաս փառքի ճամբայ՝ ես իմ Մասիս սա՛րն եմ սիրում։

Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան Արհաւիրքին, ապա եւ փիւնիկի պէս աւերակներու մոխիրներէն յառնող հայոց Վերածնունդին արգասիքը եղաւ Չարենց, որ ապրեցաւ ու ստեղծագործեց աշխարհասասան Առաջին Աշխարհամարտի եւ անոր հետեւած ռուսական մեծ յեղափոխութեան բարդ ժամանակաշրջանին։

Ինչպէս վայել է հանճարեղ գրողներուն, քսանամեայ իր ստեղծագործական կեանքով երկար ու բարդ ճանապարհ կտրեց հայոց վերանորոգման շունչն ու թռիչքը՝ յեղափոխակա՛ն ոգին թեւաւորելու կոչուած անմահն Չարենց։

Որքան մեծ թռիչքի, այնքան եւ ահաւոր անկումի պահերով յատկանշուեցաւ Չարենցի ուղին, որ երբ հասաւ «Գիրք Ճանապարհի»ն արարելու հասունութեան՝ խորհրդային գաղափարամոլութիւնը բրտօրէն կտրեց կեանքի թելը ազգային մեր հպարտութիւնը մարմնաւորող մեծ բանաստեղծին։

Եղիշէ Չարենց սիրուեցաւ մեր ժողովուրդին ամբողջութեան կողմէ, որովհետեւ ազգային մեր երթին դէմ ցցուած ծանրագոյն փորձութեանց պահերուն լուսաւորեց Հայաստանի ու հայութեան մութ ու խաւար ուղին եւ, ըստ ամենայնի, արժանաւորապէ՛ս համազգայի՛ն ներշնչման աղբիւր դարձաւ հայոց հետագայ սերունդներուն համար։

Կը բաւէ որեւէ օր կամ որեւէ էջ կարդալ Չարենցէն, որպէսզի մեր ապրած ժամանակն ու կեանքը դիտենք ու ընկալենք նոր լոյսի տակ՝ Չարենցի մարգարէական խոհերու եւ յոյզերու լուսարձակով։

1897ի Մարտ 13ին Կարս ծնած, բայց ծնողներուն բնակավայր պարսկական Մակու քաղաքը իբրեւ ծննդավայր երգած Եղիշէ Աբգարի Սողոմոնեան, հազիւ պատանի դարձած, ոչ միայն անձամբ մաս կազմեց Արեւմտահայաստանին օգնութեան փութացող Հայ Կամաւորական Շարժումին, այլեւ՝ արեան ու արցունքի ճամբաներուն իր ապրած ծանրախոհ պահերը վերածեց բանաստեղծութեան։

Հազիւ քսանամեայ երիտասարդ՝ Եղիշէ Չարենցի մէջ յաղթահասակ կանգնեցաւ բոլոր ժամանակներուն եւ սերունդներուն համար իր պատգամը ունեցող մեծ բանաստեղծը։ Կեանքը երգի վերածեց եւ երգեց այն, ինչ որ բոլոր ջիղերով զգաց ու ապրեցաւ։ Ինքնամփոփ բանաստեղծի տեսակն ու կեանքը անհաղորդ եւ անյարիր մնացին Չարենցին։

Այդպէ՛ս էր, որ Չարենցի գրականութեան մէջ մնայուն յաճախանք եղաւ «Մահուան Տեսիլ»ը. համանուն ստեղծագործութիւններ նուիրեց հայ ժողովուրդի բազմաչարչար ճակատագրին եւ, այլանուն քերթուածներու մէջ անգամ, յաճախակի կանգ առաւ հայ ժողովուրդի մահուան տեսիլքին առջեւ։

Յատկապէս «Գիրք Ճանապարհի»ն խտացուց վերջին խօսքը հանճարեղ Չարենցին, որ Քերթողութեան «մեծ վարպետ»ին առաջնորդութեամբ կտրեց 19րդ դարու հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի դաժան ու մռայլ ճանապարհը, հասաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին ու հանգիստ շունչ քաշեց՝ «պայծառ գալիք»ի յոյսով ու լաւատեսութեամբ…

1933ին գրուած իր «Մահուան Տեսիլ»ին մէջ, համաշխարհային յեղափոխութենէն հիասթափուած՝ Չարենց վերաժեւորումը եւ նորովի յայտնագործումը կատարեց իր ազգային ակունքներուն։

Թէեւ Չարենց իր երիտասարդութեան ու ստեղծագործական բուռն տարերքի շրջանին բնաւ մօտ չեղաւ Դաշնակցութեան՝ նոյնիսկ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ յայտնագործուելով եւ ատենի դաշնակցական իշխանութեանց ամբողջական գուրգուրանքին արժանանալով հանդերձ․․․ Եւ, ընդհակառակն, թէեւ երկար ժամանակ ներքուստ պայքար մղեց Դաշնակցութեան պատմական դերին ու արժէքին խոստովանութեան եւ ընդունման դէմ, այդուհանդերձ եւ ի վերջոյ՝ գլուխը վրայ տալու գնով, «Գիրք ճանապարհի» կարապի երգով՝ Չարենց վեհաշուք լրջախոհութեամբ ամրօրէն կանգնեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան համազգային արժեւորման ու հերոսացման դիրքերուն վրայ։

Եւ պատահական չէր, որ բանտային չարչարանքի տակ անգամ, Չարենց ամբողջական հաւատքով ու փարումով իր «Պատգամ» խորագրուած ծածկագիր կտակը գրեց եւ հայ ժողովուրդին պատգամեց՝

«Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։

Այո՛, որքան մեծ ու սրտաբուխ եղաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան նկատմամբ Չարենցի պաշտամունքը, նոյնքան մեծ ու ծանրախոհ դարձաւ խորհրդային ամբողջատիրութենէն անոր հիասթափութիւնը։

Իր կեանքով ալ վճարեց ծանրագոյն գինը իր շրջադարձին, երբ «երկաթ»ն ու «պեթոն»ը ներբողելու իր խանդավառութեան վերջակէտ դրաւ ու հակեցաւ «Գիրք Ճանապարհի»ի ծանրախոհ դասերուն եւ պատգամներուն վրայ։

Հայաստանի «արեւահամ բառը սիրելու» «Տաղարան»ով հայ քերթողութեան բարձունքը մագլցած Չարենց, երբ կռնակ դարձուց «Լենինն ու Ալին» գովերգելու իր խանդավառութեան, բանտարկութեան մէջ եւ չարչարանքի տակ անգամ շարունակեց յեղափոխաշունչ իր երգը՝ հայ ժողովուրդի հզօրացման մէջ տեսնելով միակ փրկարար ուղին եւ պայծառ գալիքի գրաւականը։

Հայաստան Աշխարհի համն ու հոտը, ինչպէս եւ ազգային մեր ահաւոր անկումներուն եւ վերանորոգման խոցն ու թռիչքը յաւերժին եւ անեզրին բացաւ Չարենց՝ իր հանճարեղ ստեղծագործութիւններով, նաեւ՝ ծով տառապանքէ ծնած իմաստուն պատգամներով.

– «Դո՛ւ ես միայն եւ միայն դու, ո՜վ պայքարող դու ոգի, որ յաւիտեան հուրհուրալով, ինչպէս խարոյկ մորմոքի, վառում ես միշտ ու բորբոքում իղձ ու տենչանք անյագուրդով եւ չե՛ս լինի դու երբեք մութ, որքան էլ մութը չոքի»։

– «Չի՛ շղթայուի մարդու ոգին ո՛չ մի կապով արտաքին, եթէ դարի, ժամանակի զրահ ունի իր հագին. կը բարձրանայ եւ կը կանգնի նա հաւատով անսասան եւ կը մնայ գալիք կեանքում՝ անխորտակ ու ահագին»։

– «Ամէն պոէտ՝ գալիս՝ իր հետ մի անտես նետ է բերում, եւ նետն առած, խոհակալած – որս է անում երգերում. բայց դառնում է պոէտ նա մեծ ոչ թէ նետի՛ մեծութեամբ, այլ նշանի՛ ահագնութեամբ, որ հանճարներ է սերում»։

Կ՚անցնին ժամանակները, կու գան ու կ՚երթան ամէնէն ահեղ կայսրութիւններն անգամ, բայց անկորնչելի կը մնան դարու ոգին մարմնաւորող իրա՛ւ մեծութիւնները, որոնք այժմէական շունչով զգալի կը դարձնեն իրենց յաւերժ ներկայութիւնը։

Չարենց այդ հսկաներէն է, հանճար՝ որուն կենսայորդ ստեղծագործութիւններով ազգային իրենց հոգեմտաւոր լինելութիւնը հարստացուցին հայոց սերունդները՝ երգելով.-

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ (Սողոմոնեան, 1897-1937)

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Հազար ու մի վէրք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես,
Հազար խալխի ձեռք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։

Աշնան քաղած արտի նման՝ Հազար զոհերի
Չհաւաքուած բերք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։

Գլուխդ չոր քամուն տուած պանդուխտի նման,
Հազար տարուայ հէք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։

Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Յովնաթան,
Ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։

Քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան,
Հազար ու մի երգ ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես։

ԻՆՉՊԷՍ ԵՐԿԻՐՍ ԱՆՍՓՈՓ

Ինչպէս երկիրս անսփոփ, ինչպէս երկիրս բախտազուրկ,
Ինչպէս երկիրս աւերակ ու արնաներկ –
Մխում է սիրտս հիմա որբ, մխում է սիրտս բախտազուրկ,
Մխում է սիրտս՝ աւերակ ու արնաներկ…

Եւ այս երգերը իմ կարմիր, ախ, այս երգերը իմ կարմիր,
Որ երգում է անսփոփ սիրտս կրակուն –
Ինչպէ՞ս պիտի արդեօք հնչեն, ա՜խ, այս երգերը իմ կարմիր –
Իմ աւերակ, իմ ո՜րբ երկրում…

Ինչպէս երկիրս անսփոփ, ինչպէս երկիրս աւերակ –
Այնպէս էլ սիրտս – անսփոփ, այնպես էլ սիրտս – անուրախ,
Վէ՜րք է դառնում սրտիս խորքում օրերի փա՛յլը այս հրակ –
Ախ, սի՜րտս իմ՝ բո՜րբ ու անսփոփ,- երկի՜ր իմ՝ ո՜րբ ու անուրախ…

Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնն ու Հայկական Մշակոյթն՝ իմ անձնական պաշտպանութեան ներքոյ են

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail