Թուրքիա Կը Մերժէ Իր Ծանր Զէնքերը Հեռացնել Իտլիպի Մէջ Գտնուող Հսկողութեան Կէտերէն

turkish-heavy-weapons

Թուրքիա Կը Մերժէ Իր Ծանր Զէնքերը Հեռացնել Իտլիպի Մէջ Գտնուող Հսկողութեան Կէտերէն

14 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: //ՈՐՈՇՈՒՄ «Արեւմտյան Հայաստանի հայերի պաշտպանության ուժեր կազմավորելու վերաբերյալ»//

turkish-heavy-weapons

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ թրքական բանակը իր ծանր զէնքերը պիտի չհեռացնէ Իտլիպի մէջ հսկողութեան կէտերէն:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական հսկողութեան կէտերը պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը, ըստ Սոչիի եւ Ասթանայի մէջ գոյացած փոխադարձ հասկացողութիւններուն:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, թրքական զինուորական աղբիւր մը, խօսելով «Էմ4» մայրուղիէն հեռանալ մերժող ծայրայեղական խմբաւորումներուն նկատմամբ Անգարայի որդեգրելիք քայլերուն մասին, ըսաւ. «Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ թրքական բանակը պէտք եղածը պիտի ընէ այն կողմերուն դէմ, որոնք չեն յարգեր զինադադարը, եւ պէտք եղածը պիտի ընէ ատոր (զինադադարին, «Ա.») շարունակման համար»:

Միւս կողմէ, զինուորական ու քաղաքական հարցերու փորձագէտ Քամալ Ժաֆա երէկ «Մայատին»-ին յայտնեց. «Այսօր Թուրքիան իր ամբողջ ծանր սպառազինութիւնը հեռացուց «Էմ4» ճամբուն մերձակայքէն»:

ARMENIAN GENOCIDE – This picture shows part of the 5.000 children from Kharput en route on donkey back and foot. “Story of Near East Relief” by James L. Barton, New York, 1930, p. 152
ARMENIAN GENOCIDE – The Horrors of the Holocaust.

www.aztagdaily.com/archives/468534

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail