Իրաքի Նախագահութիւնը Կը Դատապարտէ Իրաքեան Բանակին Ու Աշխարհազօրին Վրայ Ամերիկեան Յարձակումը

Iraq

Իրաքի Նախագահութիւնը Կը Դատապարտէ Իրաքեան Բանակին Ու Աշխարհազօրին Վրայ Ամերիկեան Յարձակումը

14 ՄԱՐՏ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Iraq

Իրաքի նախագահական պալատը դատապարտեց իրաքեան բանակին ու աշխարհազօրի դիրքերուն վրայ ամերիկեան յարձակումը` զայն նկատելով «ազգային գերիշխանութեան ոտնահարում»:

Նախագահութիւնը պահանջեց, որ հարցերու լուծումը ըլլայ «կառավարութեան աջակցելով, որպէսզի իր պարտաւորութիւնը կատարէ»:

«Այն շարունակուող ոտնահարումները, որոնց պետութիւնը կ՛ենթարկուի, իր կարողութեան ու վարկին ծրագրուած ու վտանգաւոր տկարացում մըն է», նշուած է Իրաքի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Ամերիկեան ռմբաձիգներ երէկ յարձակումներ գործեցին Ժարաֆ Սախըրի, Սալահէտտինի, Պուքամալ շրջանի Հարիի, Քարպալայի միջազգային օդակայանին եւ այդ վայրերուն մէջ գտնուող դիրքերու վրայ:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ յարձակումները թիրախ դարձուցած են Իրաքի Հըզպալլայի ջոկատներ խմբաւորումը:

Ըստ Փենթակոնի հրապարակած հաղորդագրութեան, յարձակումի ենթարկուած վայրերը կը պարունակեն զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին ամերիկեան ուժերու եւ Միջազգային դաշինքի ուժերուն դէմ յարձակումներու համար:

«Յարձակումները պաշտպանողական բնոյթի էին ու պատշաճ, եւ ուղղակի հակազդեցութիւն էին այն սպառնալիքին, զոր Իրանի աջակցութիւնը վայելող միլիսները կը ներկայացնեն», յայտնեց Փենթակոն:

Ամերիկեան յարձակումին պատճառով իրաքցի 5 զինուորներ եւ քաղաքային մը զոհուեցան:

www.aztagdaily.com/archives/468530

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail