Կարէն Միրզոյեան Աւարտեց Ուաշինկթըն Իր Աշխատանքային Այցը

12 դեկտեմբեր 2015

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Դեկտեմբեր 10ին, Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հանդիպում մը ունեցաւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի հետ՝ քննելով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուող սադրանքներուն, ինչպէս նաեւ Արցախին տրամադրուող ամերիկեան մարդասիրական օգնութեան հետ կապուած հարցեր:

Նոյն օրը, Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ տարածաշրջանային խումբ մը փորձագէտներու հետ: Իր խօսքին մէջ, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց Արցախի անկախ պետականաշինութեան գործընթացը, տնտեսական իրավիճակը եւ զարգացման հեռանկարները: Ան անդրադարձաւ նաեւ ԼՂՀի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Նախարարի Ուաշինկթըն այցը եզրափակուեցաւ նոյն երեկոյեան՝ Միացեալ Նահանգներու մօտ ՀՀ դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ընդունելութեամբ, որուն մասնակցեցան դիւանագէտներ, ամերիկահայ կառոյցներու եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ եւ լրագրողներ:

Ընդունելութեան մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով դիմեցին դեսպան Տիգրան Սարգսեանն ու նախարար Միրզոյեանը: Իր ելոյթին մէջ, Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ Արցախին ցուցաբերուող աջակցութեան համար եւ ընդգծեց ազգային միասնականութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս՝ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման կապակցութեամբ:

Արցախի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան

ԱՍՊԱՐԵԶ
http://asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail