Ուրիշին ունեցուածքը – Յափշտակողներու հետաքրքրութիւնները հողային հարստութիւնն թալանելն է,,, ու Մնացածները, Յափշտակողներէն պաշտպանուելու մտածողութեան մէջ եղողները,,,«Լուսաւոր Աւետիս»

Յափշտակուածն Ու Մնացածը
15 ՄԱՐՏ 2020 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ուրիշին ունեցուածքը՝ հարստութեան քանակը, միշտ ալ խորհրդաւոր ենթադրութիւն մը պիտի մնայ, որուն մասին հետաքրքրութիւն կ՛արտայայտեն ոչ միայն նիւթապաշտ անձեր, այլեւ սովորական հետաքրքրասէրներ, եւ մանաւանդ նախանձ մարդիկ: Քեզի ի՞նչ, թէ ուրիշը ինչքան հարստութիւն ունի կամ ուրկէ՞ կը բերէ այդ գումարները: Քեզի կը մնայ միայն քու կեանքովդ զբաղիլ, զայն միայն տնօրինել, որպէսզի կարենաս քեզի սահմանուած ապրելու օրերը ի կատար ածել այս աշխարհի մէջ:
Բաղդատականով օրերը վատնելու ապրելաձեւը բարձր նիշեր չէ՛ կրցած ապահովել որեւէ մէկուն՝ ընդհանրապէս: Ոմանց կարծիքով բաղդատականին բերած «յառաջդիմութիւնը», որ սկզբնական շրջանին սովորական, բայց յետոյ սուր մրցակցութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէ, վնասաբեր կը դառնայ առաջին հերթին ինքզինք ուրիշին հետ բաղդատողին:
Նախանձ բառին մասին յաճախ գրուած է ու խօսուած, ինչպէս նաեւ մեկնաբանուած են ատոր բոլոր ձեւափոխումներն ու արտայայտչաձեւերը: Մէկուն ունեցած դիրքը, հանգամանքը, գիտութիւնը, համբաւը եւ նոյնիսկ հարստութիւնը եթէ իմ կարողութենէս վեր է, լաւագոյնը պիտի ըլլար չնախանձիլ անոր եղածին կամ ունեցուածքին: Այլապէս, երբ կարողութիւն չունիմ անոր հասնելու՝ գիտութեամբ, հանգամանքով կամ հարստութեամբ, անձնասպանութեան դիմելու համազօր որոշում կայացուցած պիտի ըլլամ:
Մարդ կայ, որ ուրիշին ունեցած պաշտօնին նախանձով կը նայի, քաջ իմանալով որ ինք չի՛ կրնար զայն կատարել: Սակայն երբ յաջողի անոր աթոռը գրաւել, ատիկա կը համարէ իր մեծագոյն իրագործումը: Անկէ ետք զինք բնա՛ւ չի հետաքրքրեր ձախորդութիւններու ցուցակը, որ օրէ օր պիտի համալրուի նոր ձախաւեր գործերով, անտարբերութեամբ, յիմարութիւններով եւ օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ գործադրուած սխալներով:
Այսպիսի անձերու համար յափշտակութիւնը բաւարար է, նոյնիսկ եթէ որսը չյօշոտեն ու իրենց անսուաղութիւնը չկշտացնեն: Աղուէսներն ալ նման իրավիճակներու կ՛ենթարկուին: Անոնք յաճախ երբ հաւնոց մը թիրախ դարձնեն եւ մտնեն անոր ցանկապատէն ներս, իրենց աջին ու ձախին հանդիպած խուճապահար հաւերը կը խեղդեն ու կը նետեն, երբեմն անօթի փորով դուրս գալով այդ տեղէն:
Ուրիշին արձանագրած յաջողութեան տապարի հարուած տալը ոմանց համար կեանքի առաքելութիւն է: Անոնք իրենց կացինը միշտ սրած, կը սպասեն որ յարմարագոյն պահուն մահացու հարուած իջեցնեն այն գործին, որ արդէն իսկ յառաջդիմած է եւ պտղաբեր դարձած: Պատահած է, որ իր առաքելութեան լծուած աշխատասէր մարդը յանկարծ հեռացուած է իր գործէն, եւ անոր փոխարէն աշխատանքի կոչուած բախտախնդիր մը, որ երկա՜ր ժամանակէ ի վեր տանջանքով կը հետեւէր յաջողակ մարդու վերելքին:

Եւ տեղի կ՛ունենայ վերոյիշեալ յափշտակութիւնը : Ի՞նչ կը մնայ սակայն անդին՝ հաւնոցին մէջ. խեղդուած հաւեր ցիր ու ցան, անտէր, փետրաթափ ու միոտանի աքաղաղ մը, որուն ո՛չ կանչը կը լսուի, իսկ լսուելու պարագային՝ խռպոտ ձայնով տհաճ եղանակ մըն է, որ ան կը հանէ դողացող կոկորդէն: Ո՞վ ականջ կու տայ այլեւս այդ կանչին, որուն ո՛չ ժամը յայտնի է, ո՛չ ցերեկը, ո՛չ ալ գիշերը:
Ամէն մարդ ալ գիտէ, որ գայլն ալ յափշտակիչ գազան մըն է: Անոր վայրենութիւնը աչքերու փայլքին մէջ ամէնէն շատ կ՛երեւի, մանաւանդ երբ ան թիրախաւորէ որս մը, որուն տկարութիւնը ակներեւ ըլլայ:
Գայլը սակայն կը վախնայ հովիւէն, որ կրնայ իր գործը «խանգարել»: Գայլը բարի անասուն մը չէ՛, որ հովիւին լաւ մարդ ըլլալը նկատի ունենայ եւ ըստ այնմ իր որոշումէն ետ կենայ: Ընդհակառակն, գայլին համար ժամանակի յարմարութիւնը եւ պատեհ առիթը կարեւոր են, ի կատար ածելու համար իր «նուիրական» գործը, որ խորքին մէջ բնազդօրէն իր կենդանութեան ապահովումն է:
Այս երկու կողմերը՝ գայլն ու հովիւը, իրարմէ տարբեր տեսակէտներ ունին բնականաբար: Սակայն իւրաքանչիւր կողմին համար՝ ի՛ր տեսակէտը ո՛չ միայն աւելի առաջնահերթ է, ո՛չ միայն աւելի լաւ ու գործնական, այլեւ՝ ճի՛շդն է:
Պատկերացուցէ՛ք ոչխարներու հօտ մը դաշտին մէջ արածելու պահուն եւ յանկարծ գայլի մը յայտնուիլը անոր շատ մօտ: Հովիւը իր միակ զէնքով՝ մահակով զինուած, անձնազոհութեամբ պիտի սկսի գայլը իր հօտի սահմաններէն հեռացնելու ճիգ թափել, իր ամբողջ ուժով հարուածելով անոր դունչին, վիզին եւ մարմնի որեւէ մասին, որ իր մահակին հանդիպի այդ պահուն: Մէկ հովիւ մը սակայն, հարիւրաւոր ոչխար հաշուող հօտը ինչպէ՞ս կրնայ պաշտպանել այդ գազանին յարձակման դէմ: Բնականար, մինչեւ անձնուէր հովիւին վերջնական յաղթանակը, գայլը պիտի յաջողի ոչխարներէն մի քանիին վնաս հասցնել, նոյնիսկ եթէ չկարենայ անոնցմէ մէկը ամբողջութեամբ յափշտակել իբրեւ աւարը իր այս արշաւանքին:
Պայքարի աւարտէն ետք դարձեալ ի յայտ կու գայ գայլին եւ հովիւին տեսակէտներուն եւ աշխարհահայեացքին տարբերութիւնը: Գայլը պիտի ափսոսայ յափշտակել չկրցածներուն, իսկ հովիւը՝ յափշտակուածներուն համար:
Չէ՞ք կարծեր որ ամբողջ մարդկութեան փոխյարաբերութիւնը այսպիսին է: Գայլ ըլլալու պէտք չունի մարդ, որ յափշտակել սորվի: Նախանձը ատոր մասնագէտ ուսուցիչն է, որուն դասաւանդութիւնը սկիզբ եւ վերջ չունի: Նախանձը միշտ կը սորվեցնէ, թէ յափշտակուածը շահ է, իսկ չյափշտակուածը կորուստ: Սակայն չյափշտակուածին տէրը միշտ պիտի յիշէ յափշտակուածները, որոնք իր արդար վաստակին արդիւնքն էին:
Անիկա իր աչքերուն առջեւ ունենալով հանդերձ յափշտակութենէն ետք մնացածները, պիտի ցաւի յափշտակուածներուն համար, որովհետեւ ատոնք իրեն պատկաներ էին ո՛չ թէ բախտի բերմամբ, այլ ամէնօրեայ աշխատանքային տագնապի հետեւանքով: Աշխատանք, որուն խառներ էր իր արիւնն ու արցունքը, կամքն ու աղօթքը:
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

asbarez.com/arm/366192/Յափշտակուածն-Ու-Մնացածը/