Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է
16 ՄԱՐՏ 2020 – ՍՓԻՒՌՔ:

Սթրազպուրկի Քաղաքապետի Ընտրութիւններու Առաջին Փուլէն Ետք Առաջատարը Հայ Թեկնածու Ժաննա Բարսեղեանն է
Ֆրանսական Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած է քաղաքային ընտրութիւններու առաջին փուլը, որուն կը մասնակցէր հայ բնապահպան Ժաննա Բարսեղեանը:
Այս մասին, tert.am-ի փոխանցմամբ, կը տեղեկացնէ rusarminfo.ru կայքը:
Առաջին փուլէն ետք Բարսեղեան ամենէն շատ ձայները հաւաքած է, ընդհանուր ձայներու 27,6%-ով: Երկրորդը՝ Ալիոնա Ֆոնթանելան է, որ հաւաքած է ձայներու 19,8%-ը:
Առաջին փուլին ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը ցած է, որուն պատճառը Եւրոպայի մէջ Թագաժահրի տարածումն է:
Նոր քաղաքապետը պիտի որոշուի ընտրութիւններու երկրորդ փուլով:
yerakouyn.com/2020/03/16/սթրազպուրկի-քաղաքապետի-ընտրութիւննե/